Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Երեւանի «Վազգէն Սարգսեան» մարզադաշտին վրայ այսօր պիտի հիւրընկալէ Լիթուանիան: Բարեկամական այս մրցումը պիտի սկսի Պէյրութի ժամանակացոյցով կէսօրէ ետք 5:00-ին:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան զուարճալի տեսանիւթ հրապարակած է հաւաքականի մարզումներէն:
«Երբեմն լաւագոյն պահերը կը մնան նկարէն դուրս», Մխիթարեան այսպէս մակագրած է տեսանիւթը:
Մովսիսեան Տեղափոխուեցաւ Եուրկորտեն
Ֆութպոլի Հայաստանի հաւաքականի նախկին յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան իր ասպարէզը կը շարունակէ Շուէտի մէջ:
Արդարեւ, 30-ամեայ ֆութպոլիստը 6 ամսուան պայմանագիր ստորագրեց շուէտական Եուրկորտեն ակումբին հետ: Պայմանագիրը ունի երկարաձգուելու կարելիութիւն:
Շուէտի աւարտած ախոյեանութեան մէջ Եուրկորտեն գրաւած է երրորդ դիրքը եւ նուաճած Եւրոպայի լիկայի (Եուրոփա լիկ) զտումի հանգրուանին մասնակցելու տոմսը: Շուէտի մէջ նոր մրցաշրջանը կը սկսի 1 ապրիլին:
Եուրա Մովսիսեան այս առիթով հարցազրոյցի մը մէջ ըսաւ. «Սքանչելի է վերադառնալ Եւրոպա, յատկապէս Եուրկորտենի պէս ակումբ: Սթոքհոլմը գեղեցիկ քաղաք է: Շատ լսած եմ Եուրկորտենի համակիրներուն մասին: Գիտեմ, որ անոնք շատ աշխուժ են խաղի ատեն: Վերջին 5 տարիներուն Շուէտի ախոյեանութիւնը հասած է նոր մակարդակի, եւ շուէտական ակումբները լաւ տպաւորութիւն ձգած են Եւրոպայի մէջ»:
Պատասխանելով այլ հարցումի մը` Մովսիսեան ըսած է. «Ես խմբային խաղացող եմ եւ կը խաղամ իմ խումբիս յաջողութեան համար: Կ՛ընեմ այն, որ կը պահանջէ մարզիչը: Շատ կ՛ուզեմ խաղալ եւ օգտակար ըլլալ խումբին»:
Հայ ֆութպոլիստը նոյնպէս խօսեցաւ Հայաստանի հաւաքականին իր մասնակցութեան մասին:
«Հայաստանի հաւաքականի կազմին մէջ մասնակցած եմ աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեանութեան զտումի հանգրուաններուն եւ կոլեր նշանակած: Հրաշալի տարիներ էին: Ատիկա մեծ փորձառութիւն էր ինծի համար, որովհետեւ խաղացած ենք ուժեղ հաւաքականներու եւ ֆութպոլիստներու դէմ: Հաւաքականին մէջ ունեցած ենք յաջող խաղեր:
2010-2015 թուականներուն Եուրա Մովսիսեան Հայաստանի հաւաքականի կազմին մէջ մասնակցած է 35 մրցումներու եւ նշանակած 10 կոլ: Վերջին շրջանին ան հաւաքական չի հրաւիրուիր Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահին որոշումով: