ՅԱՐՈՒԹ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
Ընկերոջ մը հետ հանդիպումի մը ընթացքին, տեղեկութիւն մը, որուն ցարդ անծանօթ էի, գրգռեց յիշողութիւնս եւ տարաւ զիս մօտաւորապէս 40 տարի ետեւ:
1970-ականներու երկրորդ կէսն էր: Մեր խանութը կը գտնուէր Պուրճ Համուտի Արաքս փողոցին վրայ: Դիմացը կային խանութներ, որոնցմէ մէկը «Caroline Shoes»-ն էր, որ կօշիկ կը ծախէր: Նոյն փողոցին վրայ, մօտաւորապէս 150-200 մեթր հեռաւորութեան վրայ, կար արաբ մսավաճառ մը` Հոսնի անունով: Այս մարդը ունէր գործաւորներ եւ շաբաթը երկու անգամ կով կամ ոչխար կը մորթէր:
Օր մըն ալ, Աստուած գիտէ` ինչպէ՛ս, կովը Հոսնիին ձեռքէն փախուստ տուաւ եւ կատղած` սկսաւ վազել դէպի մեր խանութին կողմը` աջ ու ձախ ինքնաշարժներուն զարնուելով:
Հոսնին դանակը ձեռքին կը վազէր կովուն ետեւէն, իսկ ամբոխը, բաղկացած` հայ խանութպաններէն եւ թաղերուն մէջ բնակող փոքրիկներէն, կը հետեւէր անոնց: Շուտով ամբոխին միացան «մեր» զինեալ տղաքը: Տեսարանը կը յիշեցնէր սպանական ցուլերու վազքը, բայց` պուրճհամուտեան ոճով:
Կովը հազիւ հասած էր մեր խանութին մօտ, յանկարծ որոշեց չշարունակել վազքը եւ մտաւ «Caroline Shoes» խանութը, որ համեմատաբար մեծ էր միւսներէն, ունէր լայն եւ երկար մուտք մը, որուն երկու կողմերը կային ապակեայ ցուցափեղկեր: Կովը զգալով, որ ինկած է թակարդի մէջ, աւելի կատղեցաւ: Զինեալ տղաքը ուզեցին փամփուշտով սատկեցնել զայն, սակայն Հոսնին կը պաղատէր, որ չընեն, իսկ խանութին տէրը, ճարահատ, այդ վայրկեանին ձեռքը եղած կօշիկով մը սկսաւ հարուածել գազազած «յաճախորդը», բայց` ապարդիւն: Ի վերջոյ, Հոսնի տարիներու իր փորձառութիւնը ի գործ դնելով` կրցաւ զսպել կովը եւ վերադարձաւ խանութ, բայց` այս անգամ ետեւէն բերելով աւելի մեծ թիւով մարդիկ, որոնք որոշած էին վստահ ըլլալ, որ այդ կովը պիտի մորթուի, որպէսզի անգամ մըն ալ չփախչի: Եւ անշուշտ Հոսնին յուսախաբ չըրաւ ամբոխը: