Հոլանտայի տեղական ընտրութիւններու վերջնական արդիւնքներուն համաձայն, պայքարին մասնակցած 13 հայ թեկնածուներէն 3-ը ընտրուած են: Այս մասին «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է ՀՅԴ Հոլանտայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Մասիս Աբրահամեան:
«Այս ընտրութիւններուն ընթացքին հայ համայնքը 25 առ հարիւրի յաջողութիւն ունի», ըսած է ան` բացատրելով, թէ Հոլանտայի տեղական իշխանութիւնները կը կատարեն մեծ թիւով քաղաքներու եւ բնակավայրերու կառավարման բարդ աշխատանքը: Իրականութեան մէջ անոնք մեծ քաղաքականութեան հետ շատ կապ չունին եւ կը վերաբերին տուեալ բնակավայրի տարածքի կեանքին եւ բազմաթիւ հարցերուն, որոնք կ՛առնչուին քաղաքացիներու ամէնօրեայ կեանքի բոլոր բնագաւառներուն:
«Բայց եւ այնպէս, որովհետեւ Հոլանտան իրաւամբ օրինական եւ ժողովրդավարական երկիր է, ապա քաղաքականութեան որեւէ ոլորտ ունի իր մեծ նշանակութիւնը: Հայութեան համար շատ կարեւոր է աւագանիներու մէջ ներկայացուցիչներ ունենալը: Նախ եւ առաջ կը վկայէ տուեալ ազգային փոքրամասնութեան համարկման մասին եւ ընդհանրապէս քաղաքացիական հասարակութեան ընկալման լաւ ցուցանիշ է», ըսաւ ան:
Անոր բնորոշումով` Հոլանտայի մէջ քաղաքացիները ընդհանուր առմամբ լաւ պաշտպանուած են, եւ հակառակ անոր որ հայ ազգաբնակչութիւնը իր իրաւունքները պաշտպանելու համար ազգութեամբ հայ երեսփոխաններու կարիքը չունի, բայց եւ այնպէս տեղական մակարդակներու վրայ ալ ներկայացուցիչներ ունենալը նպաստաւոր է որոշ առումով համազգային խնդիրներ լուծելու համար:
«Ատկէ բացի, տեղական ընտրութիւնները կարեւոր հարթակ են աճելու եւ համերկրային քաղաքականութեան մասնակցելու համար: Այնպէս որ, յուսալ, թէ մօտիկ ապագային Հոլանտայի խորհրդարանին մէջ ազգութեամբ հայ երեսփոխան պիտի ունենանք, շատ իրատեսական կանխատեսութիւն է», ըսաւ ան:



