Հարցազրոյցը վարեց` ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
«ԱԶԴԱԿ.».- Դուք Հայաստանի տագնապներով ապրող անձնաւորութիւն էք, որ չէք զլանար մատնացոյց ընել, քննադատել, լուսարձակ սփռել. յանդգնութիւն մը, որ կը պակսի շատերու, թերեւս ալ այդ յանդգնութեան գինը յաճախ սուղ վճարած էք ու վճարեցիք: Արդեօք օր մը պիտի տեսնե՞նք ձեր ու բոլորիս երազած Հայաստանը:
ՎԱՐԴԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ.- Խնդիրը այն է, որ մենք ինչպիսի՞ կեցուածք ունինք մեր երազներուն հանդէպ, ինչպէ՞ս կը պատկերացնենք մեր երազներու իրականացման ուղին եւ միջոցները: Եթէ մենք միայն նստինք ու երազենք, մեր Հայաստանը կը մնայ հիւանդագին երազ մը. մենք պէտք է ընդունինք, որ մենք շա՛տ պիտի աշխատինք, տքնաջան եւ շա՛տ ծանր պիտի աշխատինք, բայց նաեւ սիրով պէտք է աշխատինք, որովհետեւ աշխատանքը շա՛տ հաճելի բան է, եթէ կը կատարես սիրով, եթէ մենք աշխատինք ամբողջական նուիրումով, ուրեմն ես կը վստահեցնեմ, որ սայլը անպայման տեղէն կը շարժենք: Մենք սայլը շարժենք, մեզմէ ետք եկողները քիչ մը աւելի թող շարժեն, յաջորդները` քիչ մըն ալ, մէկը ճամբան կը բանայ, միւսը քարերը ճամբեզր կը տանի, եւ այդպիսով ամէն ինչ կարելի կը դառնայ: Սակայն ասոր համար պէտք է շատ ու նուիրուածութեամբ աշխատիլ, ատոր համար պէտք է ըլլալ նուիրեալ ու շատ սիրել Հայաստանը, շատ սիրել ընդհանրապէս մարդիկը, իսկ հայը` յատկապէս: Ըսեմ, որ հայ մարդը սիրելը դիւրին չէ, հայ մարդը ինքնին դիւրին անձ է, պէտք է ճանչնալ զայն, գիտնալ անոր լաւ ու վատ կողմերը, լաւը սիրելը դիւրին է, սակայն մութը գիտնալը կարեւոր է ու զայն սիրելը հիմնական: Այդ յամառ աշխատանքն է, որ արդիւնք կու տայ, իսկ նման աշխատանքէ մը շնորհակալութեան, երախտագիտութեան խօսքեր պէտք չէ ակնկալել, այլ պէտք է այս աշխատանքը տանիլ լռութեամբ, խոնարհութեամբ, տաժանակիր կերպով: Եթէ մենք այս ուղին որդեգրեցինք, այն ատեն կ’ունենանք այն Հայաստանը, զոր ունենալ կ’երազենք:
Եկէք` առնենք մարդու օրինակը. անոր մեծագոյն ճակատամարտը կեանքի կռիւն է ինքնիր դէմ, իսկ մեծագոյն յաղթահարումը ինքնայաղթահարումն է: Ուրեմն մենք ալ ազգային ինքնայաղթահարման գործընթացէ պէտք է անցնինք, եւ այս է դժուարը, երբ ազգը ինք զինք կը յաղթահարէ: Ասոր համար ալ մտաւորականութիւնը ինքն իր մէջ պէտք է ուժ գտնէ, որպէսզի ստանձնէ առաջնորդի դերակատարութիւնը, եթէ մտաւորականութիւնը այդ մէկը չընէ, ժողովուրդը նպատակ եւ ուղղութիւն չ’ունենար, ցիրուցան կ’ըլլայ, քամիին ուղղութեան հետ կը տարուի եւ կը գործէ` «Ուր հաց, հոն կաց» սկզբունքով: Այդպէս է ժողովուրդը, մեղադրելի չէ: Բայց մտաւորականը պէտք է գիտակցի այս բոլորին եւ ըմբռնէ, որ ինք կոչում ունի, պէտք է հասկնայ, թէ ո՛վ է ինք, ուրկէ՛ է եւ դէպի ո՛ւր կ’երթայ: Այն ատեն մեր ժողովուրդն ալ սիրով կը քալէ մտաւորականներուն ետեւէն: Ժողովուրդը մտաւորականներուն մէջ պէտք է տեսնէ անաչառ, անկաշառ առաջնորդներ, նուիրեալներ, որոնք չեն ընկրկիր իշխանութիւններու հարուածներէն, մտրակներէն, պիտի չերթան իշխանութեան ոտքերուն, իրենք պէտք է հասկնան իրենց կոչումը, տէր ըլլան իրենց կեցուածքին, իրենք պէտք է ուսուցանեն իշխանաւորներուն` առանց երբեք իրենց մակարդակէն իջնելու: Շատ կը ցաւիմ, որ մեր մէջ շատ քիչ են նման մտաւորականներ: Մտաւորականը պէտք է ըմբռնէ իր հոգեւոր էութիւնը, իսկութիւնը, կոչումը եւ ստանձնէ առաջնորդի պատասխանատուութիւնը: Ասիկա շատ ծանր ու կարեւոր աշխատանք է:
«Ա.».- Տարիներ շարունակ գաղութներ այցելելով` ծանօթ էք սփիւռքին, այսօր հոն երթալ հաստատուելու եւ կեանքի սկսելու նախաձեռնութիւնները քիչ չեն: Տարեկան զբօսաշրջային այցելութիւնները բազմաթիւ են, կապը մնայուն կերպով կը թարմանայ: Բայց, միւս կողմէ, երբեմն Հայաստանի մեր ղեկավարներն ու եղբայրները թերահաւատութեամբ կը մօտենան սփիւռքահայութեան եւ ուղղակի կամ անուղղակի խորհուրդ կու տան մեզի` շատ միջամուխ չըլլալու Հայաստանի հարցերուն: Անցեալին ալ եղած է այս մօտեցումը, այսօր ալ կայ որոշ չափով. ինչպէ՞ս կը դիտէք այս երեւոյթը:
Վ. Պ.- Հայաստան-սփիւռք փոխյարաբերութիւնները պէտք է դիտարկել ընդհանրապէս մեր քաղաքական ընթացքի ամբողջ համակարգին մէջ, որովհետեւ անկարելի է, որ երկիրը արտակարգ քաղաքական ընթացքով յառաջ երթայ, իսկ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները սխալ կերպով կառուցուին: Նման բան կարելի չէ: Եթէ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները անբնական են, ուրեմն երկրին մէջ ամէն ինչ անբնական է:
Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները ի սկզբանէ սխալ հիմերու վրայ դրուած են, այսինքն սփիւռքը Հայաստանի համար կը դիտարկուէր իբրեւ կթան կով, «Եկէք` դրամ տուէք, մի՛ խանգարէք, հեռացէք»: Այս յարաբերութիւններուն մէջ մեծ սխալներ կային, մարդիկ երբեմն կ՛ընդունէին ձեւով մը կթան կով ըլլալ, նոյնիսկ կու գային, գործարաններ կը բանային, ներդրումներ կը կատարէին, աշխատանքներու կը ձեռնարկէին, եւ եթէ այդ բոլորը կարելի ըլլար պահել, տարածաշրջանին մէջ Հայաստան արդիւնաբերական առաջնակարգ երկիրներէն մէկը կ՛ըլլար: Սակայն այս բոլորը ողջունելու, քաջալերելու փոխարէն` մենք խրտչեցուցինք սփիւռքահայ ներդրողները, որոնք յուսախաբ եղած` հեռացան հայրենիքէն. շատ ամօթալի դէպքեր արձանագրուեցան, մինչեւ այսօր ալ նման բաներ կը պատահին: Ասիկա հետեւանք է մեր իշխանաւորներուն անգրագէտ գործելաոճին:
Ներկայիս թերեւս վիճակը քիչ մը աւելի լաւ է, ես այդքան մօտէն չեմ հետեւած ու տեղեակ չեմ, սակայն գիտեմ, որ Հայաստանի կողմէ շատ սխալ ու վատ կը ղեկավարուի Հայաստան-սփիւռք փոխյարաբերութիւնը: Նոյնիսկ երբ կ՛ըսենք, որ Ազրպէյճանը նաւթ ունի, մենք ալ` սփիւռք, նոյնիսկ այդ բաղդատականին մէջ ես սխալ կը տեսնեմ, որովհետեւ սփիւռքը շատ աւելին է, քան` ազրպէյճանական նաւթը, եւ ամբողջ ողբերգութիւնը այն է, որ մենք ատոր չենք գիտակցիր: Կրկին կը վերադառնամ հողին մէջ պահուած գանձին: Մենք ունինք հողին մէջ պահուած գանձ, կը բանանք, կը նայինք, ապա կը փակենք ու կը նստինք ձեռնածալ: Ոչ մէկ ձեւով կ՛ուզենք օգտագործել այդ գանձը, որովհետեւ չենք գիտեր, ինչպէ՛ս պէտք է օգտագործուի անիկա, սակայն ի հակադրութիւն մեր իշխանաւորներուն, որոնց միտքէն իսկ չ՛անցնիր, թէ ինչքա՛ն թանկագին բան ունին, վերին քաղաքական համաշխարհային ուժեր շատ լաւ կ՛օգտագործեն զայն, այնպէս` ինչպէս իրենք յարմար կը գտնեն, որովհետեւ լաւապէս կը գիտակցին անոր կարողականութեան: Անոնք իրենց շահերուն համաձայն, այդ գանձը կը հեռացնեն մեզմէ, կ՛օգտագործեն յօգուտ իրենց: Մենք այդ խելքն ու գիտակցութիւնը պէտք է ունենանք, որպէսզի գիտակցինք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ սփիւռքահայութեան ուժ, եւ ինչպէ՛ս կարելի է լաւագոյնս օգուտ քաղել անկէ: Ես շատ կը ցաւիմ, որ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները իրենց զարգացման այս փուլին կը գտնուին շատ ցած մակարդակի վրայ, որովհետեւ սփիւռքը շատ մեծ բովանդակութիւն է, արեան հոսք է, մեծ պաշար է, որ ամէն ազգ չունի: Մենք միշտ ալ չենք հասկցած, որ սփիւռքահայը որքա՜ն արժէքաւոր է, ի՛նչ կարողականութիւններ ունի, հոգիի ի՛նչ տոկունութեամբ օժտուած է, որ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած որբուկները ոտքի կանգնելով` այսքան բան կերտեցին, բարգաւաճեցան, քաղաքակրթութիւն սփռեցին, այդ նուիրեալները անապատներու մէջ, քարերու վրայ կառուցեցին երկիր, ծաղկուն քաղաքներ, այդ անձերը կու գան Հայաստան, կ՛ուզեն երկիրը իսկական երկիրի վերածել, սակայն զանոնք մէկդի կը փորձենք դնել:
Աւելին ըսեմ. ծրագրաւորման յստակ բացակայութիւն կայ: Երբ սուրիական դէպքերը սկսան, արդէն իսկ յստակ էր, թէ ինչե՜ր տեղի կ՛ունենային եւ ի՛նչ վիճակներ կը նախատեսուէր: Այսօր աշխարհը փոքրացած է, ամէն ինչ համացանցային աշխարհին մէջ է, մարդ ուր ալ նստած ըլլայ, կրնայ հետեւիլ, տեսնել, գիտնալ, թէ Սուրիան լաւ ապագայ չէր խոստանար, անիկա պիտի ենթարկուէր աւելի սաստիկ ռմբակոծումներու եւ այլն: Բնականաբար կ՛ենթադրուէր, որ այս վիճակին մէջ սուրիահայութիւնը պիտի գար Հայաստան, սակայն ոչինչ կատարուեցաւ, քայլեր չառնուեցան, սպասեցինք, որ պահը գայ, որպէսզի նայինք, թէ ի՛նչ կարելի է ընել: Ա՛յս է մեր քաղաքական գործիչներուն այսօրուան ընթացքը` ժամանակը երբ գայ, կը տեսնենք: Մեր իշխանաւորները ծրագրելու, նախօրօք կազմակերպելու, գէթ պատկերացում ունենալու աշխատանք չեն տանիր, որպէսզի երբ գայ պահը, արդէն իսկ յստակ ըլլայ, թէ ի՛նչ քայլերու դիմելով` կարելի է առաւելագոյնս դրական ընթացք ունենալ: Մենք այդպէս չենք ըներ, որովետեւ մեր միտքը ծոյլ է, մենք չենք ուզեր աշխատիլ, իւրաքանչիւր քաղաքական պաշտօնեայ կ՛ուզէ իր պաշտօնը վայելել, անոնք մեծ գումարներ կու տան պաշտօնի տէր դառնալու համար, իսկ երբ կ՛իրականացնեն իրենց փափաքը, ուրեմն կ՛աշխատին իրենց տուած դրամը վերադարձնել: Լիովին այլ ընթացք է, այդ պատճառով ալ իսկական աշխատանք տանողներ չկան: Շատ ցաւալի է ասիկա, որովհետեւ պաշտօնեաները ունին այն մօտեցումը, որ պաշտօնը վայելք է եւ ոչ թէ` պատասխանատուութիւն: Ասիկա շատ մեծ սխալ է, պաշտօնը շատ մեծ ու ծանր պատասխանատուութիւն է ու աշխատանք:
«Ա.».- Ի՞նչ կ՛առաջարկէք ընել` այս բոլորը գէթ սկսիլ փոխելու համար:
Վ. Պ.- Ես արուեստի մարդ եմ: Արուեստի մարդիկս այլ տեղ կը տեսնենք լուծումները, այլ կերպ կը տեսնեն ելքերը: Քաղաքականութեան մարդիկ ուրիշ են, ատոր համար ալ արուեստագէտէն քաղաքական ելք պահանջելը ճիշդ չէ: Ես իմ ստեղծագործութիւններուն մէջ ելքը կը տեսնեմ հոն, որ մենք կարողանանք մեր մէջ ուժ գտնել յաղթահարելու մեր մէջի վախը, ամչկոտութիւնը, բարդոյթները, ուժ գտնենք մեր մէջ` իրարու ձեռք բռնելու եւ իրարու հետ երգելու: Ասոր մէջ շատ մեծ ու հզօր զէնք կը տեսնեմ: Սօս Սարգսեանը` մեր թատրոնի եւ շարժապատկերի հայրը, իր կեանքի վերջին փուլին անգամ մը ըսաւ. «Երբ որ հայերը իրարու ձեռք բռնած` կ՛երգեն, այն ատեն մեզ ոչինչ կը յաղթէ»: Թերեւս իմ մենաներկայացումիս աւարտին, երբ իրարու ձեռք բռնեցինք ու երգեցինք, մարդիկ մտածեցին, որ աշակերտական ձեռնարկի նման էր, սակայն ես ասոր մէջ շատ մեծ բան կը տեսնեմ. երբ մենք ձեռք ձեռքի երգեցինք, շատ ազդու տատանումներ տեղի ունեցան ո՛չ միայն «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, ո՛չ միայն Պուրճ Համուտի մէջ կամ Լիբանանի, այլ անոնք շատ հեռուները կ՛երթան, հայութիւնը կը զգայ այդ տատանումները, բաներ կը փոխուին, դրական ներուժը կը տարածուի, որովհետեւ տիեզերքը սիրուն սարդոստայն մըն է, երբ տեղէ մը թել կը քաշես, ուրիշ թել մը կը շարժի: Ես հոն կը տեսնեմ ելքը` միասնութեան մէջ, սակայն` միասնութիւն, որ ուղղորդուած դէպի սէր ու լոյս կը տանի, որովհետեւ կայ նաեւ հակառակը, երբ միասնութիւնը դէպի ատելութիւն եւ արիւնահեղութիւն կը տանի: Ես ելքը զիրար սիրելու, իրարու աչքերուն նայելու, զիրար ներելու մէջ կը տեսնեմ:
«Ա.».- Հետաքրքրական է գիտնալ, թէ ո՞ր մէկ երգն էր, որ կիսատ մնաց արկածին պատճառով:
Վ. Պ.- Միեւնոյն երգն էր, որ իմ ներկայ մենաներկայացման աւարտին մենք միասին կը մեկնաբանենք: Վերադարձս ուզեցի սկսիլ այն երգով, որ կիսատ մնաց. ասիկա նաեւ խորհրդանշական բան մը ունի իր մէջ. քիչ մնաց, որ կիսատ մնար իմ կեանքը, կիսատ մնաց երկու այլ երիտասարդներու կեանք…
«Ա.».- Բաւական լաւ ու ազդեցիկ անակնկալ էր ձեզ տեսնել «Կեանք ու կռիւ» ժապաւէնին մէջ, մանաւանդ որ կարօտ կար Վարդան Պետրոսեանը տեսնելու: Խօսինք այդ մասին:
Վ. Պ.- Երբ բաց կալանքի փուլը սկսաւ, ժապաւէնին բեմադրիչը` Մհեր Մկրտչեանը եկաւ ու առաջարկեց դեր ստանձնել: Ես շարժապատկերի նկատմամբ քիչ մը քմահաճ եմ, չեմ սիրեր շարժապատկերը, եւ անոր հետ յարաբերութիւններս քիչ մը բարդ են, ատիկա լրիւ տարբեր աշխարհ է, հոն ես անփորձ եմ: Այս պարագան քիչ մը տարբեր էր, ուզեցի մտնել այդ աշխարհը եւ փոքր դեր ստանձնել, որովհետեւ կրնայ նաեւ ապագային գիրքս ժապաւէնի վերածուիլ, ուստի պէտք էր փորձառութիւն ձեռք ձգել: Նաեւ շատ հետաքրքրական կերպար թուեցաւ այդ գնդապետ Ալեքսանեանի կերպարը, որուն նախատիպը կայ. գացի, ծանօթացայ անոր, շատ բաներ պատմեց. ան մէկն էր այն անձնաւորութիւններէն, որոնց ուսերուն ծանրացած է պատերազմը, սակայն պատերազմի աւարտէն ետք կը շարունակեն ապրիլ համեստ կեանքով, կը մոռցուին իշխանութիւններուն կողմէ, կիսաթոշակառուի կարգավիճակ ունեցող, նոյնքան ուժեղ: Տեսարանը շատ աւելի երկար էր, կային յուզիչ ու հակասական վիճակներ, սակայն ի վերջոյ որոշումը բեմադրիչին ձեռքն է, ինք պիտի կտրտէ, համադրէ եւ տուեալ մասը ներառէ ժապաւէնին մէջ: Ես շատ ուրախ եմ, որ այդ ժապաւէնը շատ սիրուեցաւ եւ ժողովրդականութեան արժանացաւ, իսկ ես շատ ուրախ եմ իմ փոքրիկ դերիս համար:
«Ա.».- Արցախի մասին խօսելով` անդրադառնանք քառօրեայ պատերազմին, երբ ամբողջ հայութիւնը միաւորուեցաւ եւ կանգնեցաւ Արցախի կողքին` տարբեր ձեւերով: Արցախի նկատմամբ համայն հայութեան մեծ սէրն ու հաւատքը ինչպէ՞ս կ՛արժեւորես:
Վ. Պ.- Քառօրեայ պատերազմը զարմացուց բոլորը, առաջին հերթին մեզ` հայաստանցիներս: Վերջին շրջանին իշխանաւորներուն քաղաքական ընթացքն ու վարած քաղաքականութիւնը հիասթափութիւն պատճառած էին, նաեւ` Արցախի նկատմամբ: Անտարբերութեան քաղաքականութիւնը ծնունդ կու տար այնպիսի խմորումներու, որ արցախցիներուն եւ հայաստանցիներուն միջեւ կը յառաջանային հակասութիւններ, Հայաստանի մէջ կ՛ուռճանան արցախցիներուն կարողութիւնները, անոնք կը սկսին վարել պետական բարձր պաշտօններ եւ այլն: Այս բոլորը հայաստանցիներուն մէջ զայրոյթ կը յառաջացնէ: Կարծէք` սկսան մոռնալ այն, որ Արցախը ոտքի կանգնեցաւ նաեւ շնորհիւ հայաստանցիներուն, որոնց ու սփիւռքի հերոսներով պայքարեցաւ Արցախը, անոնք գացին, եւ կանգնեցան արցախցիին կողքին, նոյնիսկ իրենց կեանքը զոհեցին: Մեր իշխանաւորներուն սխալ քաղաքականութիւնը այս մթնոլորտը ստեղծեց, իսկ համաշխարհային վերեւի օղակները, որոնք ազգերու ճակատագիրին հետ կը խաղան, ունեցան այն տպաւորութիւնը, որ որեւէ դէպքի պարագային հայաստանցին այլեւս պիտի չուզէ արցախցիին կողքին կանգնիլ, կռուիլ անոր հետ, որովհետեւ այլեւս անտարբեր ենք: Կայ նաեւ այլ երեւոյթ մը, որ երբ տեղի ունեցաւ քառօրեայ պատերազմը, ոչ ոք պատկերասփիւռի կայանէն տեսաւ ռազմական հարցերու պատասխանատու մը, որ համախմբման կոչ ուղղէ, ոչ ոք որեւէ բան ըսաւ, կարծէք` հոն եւս անտարբերութեան մթնոլորտ կար, ինչ որ հարցականներու դուռ կը բանայ: Սակայն, փա՛ռք Աստուծոյ, իրողութիւնը այդպէս չէր, բոլորը սխալեցան` ներքին եւ արտաքին առումով, որովհետեւ մենք կրցանք ջախջախիչ պարտութեան մատնել թշնամին: Չէք կրնար երեւակայել, թէ ի՛նչ տեղի կ՛ունենար Երեւանի մէջ, ինքնակազմակերպման ի՜նչ հոսք, որովհետեւ երբ ճակատագրական վիճակ է, բոլորը թքած ունէին ամէն ինչի վրայ, բոլորը կ՛երթային զոհուելու, հայրերը կ՛երթային իրենց եղբայրներուն կողքին կանգնելու, եղբայրներն ու քոյրերը կ՛երթային իրենց կարելին ընելու, ոչ ոք կը մտածէր ղեկավարութեան, իշխանութեան կամ քաղաքական ընթացքին մասին: Կալանավայրին մէջ ինծի հետ կային տղաք, որոնք կրնան առաջին հայեացքով ապաքաղաքականացած թուիլ, բոլորովին այլ տիպի մարդիկ ըլլալ, որոնք ունին իրենց առեւտուրը, սրճարանը եւ այլն, երբ պատերազմը սկսաւ, ջոկատներ կը կազմաւորէին ճակատ երթալու համար: Մեզի հետ էր Արցախի մէջ կռուած ռազմական հրահանգող, դաշնակցական փոխգնդապետ, որ բաց կալանավայրին մէջ էր ինծի հետ, յայտարարեց, որ պիտի երթայ, առանց հետեւանքներուն մասին մտածելու իսկ ձգեց ու գնաց: Անհամբեր սպասեցինք անոր վերադարձը, իսկ երբ եկաւ, ըսաւ, որ հանդարտ ու հանգիստ մնանք, որովհետեւ Արցախի մէջ արդէն այնքան մարդ կայ, որ այլեւս պիտի սկսինք զիրար խանգարել: Քառօրեայ պատերազմը անգամ մը եւս ապացուցեց մեր ժողովուրդին հերոսականութիւնը, անգամ մը եւս փաստեց, որ կը յաղթէ ան, որուն կողքին Աստուած կանգնած է, իսկ այդ պահուն Աստուած մեր մէջ էր, որովհետեւ համատարած հերոսութիւն կը տիրէր հոն, մեր սրտերուն մէջ, մեր շարքերուն մէջ, մարդիկ չէին գիտեր` ի՛նչ կրնան ընել, սակայն կ՛երթային որեւէ ձեւով օգնելու, զինուորին կողքին կանգնելու: Փառահեղ օրեր էին, երբ մենք անգամ մը եւս ամրապնդեցինք մեր հաւատքը մենք մեր նկատմամբ եւ գիտցանք, որ մենք ուժեղ ենք եւ կրնանք լաւապէս ու խրոխտ քայլերով յառաջ երթալ:
(Շար. 2 եւ վերջ)