Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այս Յուշակոթողը Անկախ Պետականութեան Խորհրդանիշն Է. Հարցազրոյց` Ալեքքօ Պէզիքեանին Հետ Անթիլիասի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի Յուշակոթողին Կանգնեցման Առիթով

Մարտ 21, 2018
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանահայ երեք օրաթերթերու խմբագիրները երկուշաբթի, 19 մարտ 2018-ին, երկրորդ անգամ ըլլալով, հանդիպում-զրոյց մը ունեցան ազգային բարերար, Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանի հոգաբարձութեան նախագահ Ալեքքօ Պէզիքեանին հետ: Զրոյցի ընթացքին Ալեքքօ Պէզիքեանը եւ հայկական երեք օրաթերթերու խմբագիրները խօսեցան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի յուշակոթողի մտայղացման, խորհրդանիշին եւ երիտասարդութեան դերին մասին: Ստորեւ կը ներկայացնենք տեղի ունեցած զրոյցին ընդհանուր պատկերը:

Ալեքքօ Պէզիքեան խօսելով Հայաստանի Հանրապետութեան մասին` ըսաւ, որ եկած ենք Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի յիշատակը տօնելու: Մենք 100 տարի առաջ ժողովրդավար հանրապետութիւն մը ունեցած ենք, մինչ եւրոպական շատ երկիրներ Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք ունեցած են իրենց ազատ հանրապետութիւնները: Մեր ղեկավարները անցեալին մեծ գործ տարած են հանրապետութեան հիմնադրման գործին մէջ: Մեր սերունդը մեծցած է մայիս 28-ի յիշատակով եւ անոր խորհուրդներով. մեզի այնպէս դաստիարակած են, որ մենք հանրապետութիւն ունեցած ժողովուրդ ենք, որ պատմական պայմաններու բերումով դադրած է` Խորհրդային Միութեան մաս կազմելով:

Ինչ կը վերաբերի յուշակոթողի մտայղացման, Ալեքքօ Պէզիքեանը ըսաւ. «Մեծ հաւատք ունիմ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան վրայ: Հոգեւոր դաստիարակս երջանկայիշատակն Զարեհ Ա. կաթողիկոսը եղած է: Ուրեմն Արամ Ա. վեհափառին հետ կը խօսէինք, որ մայիս 28-ի առիթով Հայաստանի մէջ բազմաթիւ ձեռնարկներ կազմակերպուած են, եւ այդ առիթով սփիւռքահայեր եւս Հայաստան պիտի մեկնին. ես դիտել տուի, որ մայիս 28-ը սփիւռքի մէջ ալ պէտք է նշուի: Մենք Լիբանանի մէջ մայիս 28-ի շունչով մեծցած ենք: Քանի մը ամիս ետք իմացայ, որ մայիս 28-ի տօնակատարութեան համար յանձնախումբ մը ոտքի հանած է վեհափառ հայրապետը: Ուրախացայ: Վեհափառը յուշակոթողի քանի մը նկարներ ցոյց տուաւ մեզի, որոնցմէ զատեցինք հիմակուան տարբերակը»:

Ալեքքօ Պէզիքեանը ըսաւ, որ Անթիլիասի մայրավանքին մէկ կողմը կը գտնուի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու մատուռը, որուն վերակառուցումը Պէզիքեան ընտանիքին նախաձեռնութիւնն էր, իսկ միւս կողմը ներկայիս կը գտնուի հայոց պետականութեան, հայրենիքի խորհուրդը խորհրդանշող յուշակոթողը, որուն երեք սիւները մէկ կողմէ նուիրուած են Սարդարապատի, Ղարաքիլիսայի եւ Բաշ Ապարանի երեք հերոսամարտերուն, միւս կողմէ` կը խորհրդանշեն Հայաստանը, Արցախը եւ սփիւռքը: Երեք սիւներուն մէջտեղը տեղադրուած է ամբողջական Հայաստանը` ներկայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Սեւրի Հայաստանը, Նախիջեւանը եւ Ջաւախքը: Յուշակոթողի ձախ կողմը կը գտնուի Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանը:

Խօսելով երիտասարդութեան դերին մասին Ա. Պէզիքեան ըսաւ. «Կը տեսնեմ, որ այսօր Լիբանանի մէջ երիտասարդական լաւ շարժում կայ: Այն երիտասարդութիւնը, որ առատութեան եւ ոչ հայկական պայմաններու մէջ մեծցած է, ո՛չ կրօնի հետ գործ ունի, ո՛չ ազգայնականութեան հետ եւ ո՛չ ալ հաւաքական գործի մէջ կը մտնէ: Համեստ ընտանիքի, միջակ դասակարգի երիտասարդութիւնն է, որ կ՛աշխատի: Կը ցաւիմ ասոր համար: Կը քաջալերեմ այն երիտասարդութիւնը, որ եկեղեցիին մօտ է, ազգային գործերուն մօտ է:  Հաւատքը հիմքն է մարդու ապրելակերպին: Պէտք է մղենք երիտասարդը, որ հաւատքով մեծնայ: Պէտք է քաջալերել երիտասարդները: Երիտասարդութեան համար շատ կարեւոր է այսօրուան հայրենիքին հետ կապը»:

Եթէ երիտասարդները իրենց իրողութեան հետ հաշտուին, ընդունին իրենց իրավիճակը եւ ձգտում ունենան, վստահ եմ, որ կը յաջողին: Եթէ չփորձեն, չեն յաջողիր: Հիմնական է չյուսահատիլը. յարատեւութիւնը պէտք չէ դադրի: Ան, որ չի գոհանար իր վիճակով, չի յաջողիր: Երբ գոհ կ՛ըլլաս իրավիճակէդ, վստահ, հանդարտ, խաղաղ ու գոհունակ կ՛ըլլաս: Երիտասարդը պէտք է համեստ ըլլայ:

Այս յուշակոթողը սփիւռքահայ երիտասարդութեան կը հասցնէ ուղերձը` կապը մնայուն պահելու հայոց պետականութեան հետ: Անիկա եւս պետականութեան խորհրդանիշ է:

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Երեւանի Հիմնադրութեան 2800-ամեակին Եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-Ամեակի Յոբելեաններուն Առիթով. «Երեւանը Երեք Հանրապետութիւնների Մայրաքաղաք» Խորագիրով Ցուցահանդէս

RelatedPosts

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան
Հարցազրոյց

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան

Հոկտեմբեր 16, 2025
Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ.  «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց
Հարցազրոյց

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ. «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց

Հոկտեմբեր 6, 2025
Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ
Հարցազրոյց

Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ

Սեպտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?