Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Դաշնակցական Երիտասարդներուն Անակնկալը` «Սանիթեքի» Աշխատակցուհիներուն
ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան անդամները այս տարի հերթական անակնկալ մատուցած են Կիներու միջազգային օրուան առիթով:
Դաշնակցական երիտասարդները կէս գիշերին ծաղիկներ եւ բացիկներ նուիրած են մաքրութեամբ զբաղող «Սանիթեք» ընկերութեան աշխատակից կիներուն` անոնց մաղթելով յարատեւ սէր, ջերմութիւն եւ առողջութիւն` հայրենիքի զարթօնքին եւ յառաջընթացին նպաստելու, ինչպէս նաեւ իրենց ընտանիքներուն մէջ բարօրութիւն ապահովելու համար:
ՀՅԴ Հայաստանի Պատանեկան Միութեան Վարիչ Մարմինը Նախաձեռնած Է Եռօրեայ Սեմինար Մը` Սպիտակի Մէջ
9-11 մարտին Սպիտակի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի պատանեկան միութեան վարիչ մարմինին նախաձեռնած եռօրեայ սեմինարը, որուն նպատակն էր Հայաստանի մէջ վարիչներու վերապատրաստումը: Սեմինարին մասնակցած էր 40 վարիչ, գրեթէ` Հայաստանի բոլոր մարզերէն:
ՀՅԴ Հայաստանի պատանեկան միութիւնը շեշտելով վարիչի դերը պատանիի դաստիարակութեան գործին մէջ` անհրաժեշտութիւն կը համարէ պատրաստուած եւ բանիմաց վարիչներ ունենալը: Ճիշդ այդ նպատակով ալ ՀՅԴ ՀՊՄ-ն նախաձեռնեց վարիչներու սեմինար-դպրոցը:
Սեմինարի ընթացքին վարիչները լսեցին ՀՅԴ Հայաստանի պատանեկան միութեան կանոնագիրի, ժողովավարական կանոններու, դաստիարակչական նիւթերու մատուցման ձեւեր, մանկավարժական մեթոտներ, համաշխարհայնացում, համացանց եւ ընկերային ցանցեր թեմաներով դասախօսութիւններ, որոնց ընթացքին հնչեցին բազմաթիւ հարցումներ, տեսակէտներ եւ հետաքրքրական մեկնաբանութիւններ:
Աշխատանոցներու ընթացքին խումբերը, որոնք ձեւաւորուած էին բոլոր մարզերէն մէկ ներկայացուցիչով, կատարեցին արդիական հարցերու, վարիչի կերպարի, դերի եւ աշխատելաոճի մասին քննարկումներ:
Քննարկումներուն արդիւնքը Վարիչ մարմինը ընդունեց իբրեւ ուղեցոյց` հետագայ աշխատանքներու կազմակերպման համար: Սեմինարը կարելիութիւն ընձեռեց հասկնալու ՀՅԴ ՀՊՄ հարցերը, դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ առկայ մարտահրաւէրները:
Յայտնենք, որ ՀՅԴ ՀՊՄ ՎՄ-ն նմանաբնոյթ սեմինարներ պիտի կազմակերպէ պարբերաբար:
Արցախի Պետական Համալսարանին Մէջ Կայացած Է Արցախեան Շարժումի 30-ամեակին Նուիրուած Միջազգային Գիտաժողով
Արցախի պետական համալսարանին մէջ մարտ 16-ին կայացած է արցախեան շարժումի 30-ամեակին նուիրուած միջազգային գիտաժողով:
Գիտաժողովի մասնակիցները, իբրեւ յարգանք, նախ ծաղիկներ զետեղած են Արցախի ազատամարտին ընթացքին Արցախի պետական համալսարանէն զոհուած ուսանողներու յիշատակը յաւերժացնող յուշաքարին առջեւ, այնուհետեւ մասնակցած են գիտաժողովի լիագումար նիստի բացման:
Ընդհանուր առմամբ, գիտաժողովին մասնակցած են 32 համալսարաններու, գերատեսչութիւններու, գիտական, կրթական կազմակերպութիւններու 122 մասնակից:
Գիտաժողովի բացման ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է Արցախի Ազգային ժողովի եւ Արցախի պետական համալսարանի խորհուրդի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը, Արցախի կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Նարինէ Աղաբալեանը եւ Արցախի պետական համալսարանի նախագահ Մանուշ Մինասեանը: Լիագումար նիստէն ետք գիտաժողովի աշխատանքները, ըստ առանձին մասնագիտութիւններու, շարունակուեցան 6 մասնախումբերով:
Հադրութի Մէջ Կազմակերպուած Է Նկարչութեան Մրցոյթ` Նուիրուած Արցախեան Շարժումի 30-ամեակին
Հադրութի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու բաժինի նախաձեռնութեամբ, Հադրութի մէջ կազմակերպուած է «Ճանչցի՛ր զիս` իմ ունակութիւններով» խորագիրով մանկապատանեկան նկարչութեան մրցոյթ` նուիրուած արցախեան շարժումի 30-ամեակին:
Ըստ «Արցախփրես»-ի, Հադրութի շրջական վարչակազմի աշխատակազմի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու բաժինի վարիչ Երազիկ Հայրիեանը ըսած է, որ մրցոյթին մասնակցած է Հադրութի եւ շրջանի համայնքներու 6-13 եւ 14-18 տարիքային խումբերու աւելի քան 100 փոքրիկ, իսկ ներկայացուած աշխատանքները պէտք էր արտայայտէին արցախեան շարժումի 30-ամեակի իմաստն ու էութիւնը, հոգեբանական տրամադրուածութիւնը, զգացմունքային լիցքը:
Մրցոյթին ներկայացուած աշխատանքները ուղեկցուած են կարճ բացատրութիւններով. ի՞նչ պատկերուած է, ի՞նչն է աշխատանքին մէջ տեղ գտած մշակոյթի տարրը, եւ ինչպիսի՞ն է հեղինակին վերաբերումը աշխատանքին նկատմամբ:
Մրցոյթին նպատակն էր` նպաստել փոքրիկներուն հայ ազգագրութեան, երկրագիտութեան իմացութեան, անոնց կողմէ ազգային աշխարհայեացքի, առանձնայատկութիւններու, գեղագիտական արժէքներու իւրացման, պատմական իրադարձութիւններու եւ յաղթանակի տօնի փաստերու արժեւորման:
Յայտնենք, որ մրցոյթին լաւագոյն աշխատանքներուն հեղինակները պարգեւատրուած են պատուոյ գիրերով եւ նուէրներով:
Իններորդ Վիրաւոր Զինուորը Արցախի Մէջ Նոր Առանձնատուն Ստացաւ «Թուֆէնքեան Հիմնադրամ»-էն
Արցախեան ազատագրական պայքարի ընթացքին վիրաւորուած ազատամարտիկ Արարատ Աւանէսեանը այսօր բնակարանամուտ նշեց Արցախի Ասկերանի շրջանի Պատարա գիւղին մէջ: Առանձնատունը գնուած եւ վերանորոգուած է «Թուֆէնքեան հիմնադրամ»-ին կողմէ, «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանի եւ Ազատուհի Զարուկեանի կողմէ վերջերս հիմնադրուած` Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ հովանիին տակ գործող «Զարուկեան հիմնադրամ»-ի համաֆինանսաւորմամբ:
Առանձնատան բացման մասնակցած են Ասկերանի վարչակազմի ղեկավար Սերգէյ Գրիգորեանը, Պատարայի գիւղապետ Կարէն Արզումանեանը եւ «Թուֆէնքեան հիմնադրամ»-ի գործադիր տնօրէն Րաֆֆի Տուտագլեանը:
Արարատ Աւանէսեանը ազատագրական շարժումին միացած առաջին կամաւորներէն է: 22 տարեկան հասակին ան ծանր վնասուածք ստացած է մարտի դաշտին մէջ եւ այդ օրէն բախած է շարք մը առողջական խնդիրներու: 47 տարեկան Արարատը այժմ Պատարա գիւղ կը բնակին կնոջ եւ դպրոցական տարիքի 3 դուստրերուն հետ: Մինչեւ վերջերս ընտանիքը չունէր սեփական կացարան եւ ստիպուած էր ժամանակաւոր բնակութիւն հաստատել բարեկամներու տան մէջ:
Ասիկա «Թուֆէնքեան հիմնադրամ»-ին «Բնակարանային աջակցութիւն` վիրաւոր զինուորներուն» ծրագիրի ծիրին մէջ տեղի ունեցած 9-րդ բնակարանամուտն է: Ծանր պայմաններու մէջ յայտնուած զինուորներու ընտանիքներուն աջակցելու նպատակ ունեցող այս ծրագիրը մեկնարկած է 2016 ապրիլին` ի պատասխան քառօրեայ պատերազմին պատճառով ստեղծուած իրավիճակին: Մինչ օրս ծրագիրի ծիրին մէջ 9 տուները կառուցուած, վերանորոգուած կամ ձեռք բերուած են Արցախի վիրաւոր զինուորներուն համար:
«Արարատը մէկն է այն խիզախներէն, որուն արիութեան եւ զոհաբերութեան շնորհիւ` մեր հայրենիքը այսօր ազատ է: Այս զինուորներուն օգնելը մեզի համար կարեւորագոյն պարտաւորութիւն է, որուն միջոցով մեր յաւերժական երախտագիտութիւնը կը յայտնենք Արցախի հերոս որդիներուն», ընտանիքը շնորհաւորելով` ըսաւ «Թուֆէնքեան հիմնադրամ»-ի գործադիր տնօրէն Րաֆֆի Տուտագլեանը:
Հակառակ անոր որ ծրագիրը սկիզբէն կը միտէր աջակցելու ապրիլեան պատերազմի մասնակից զինուորներուն, հետագային անիկա ընդլայնեցաւ` ընդգրկելով շտապ բնակարանային աջակցութեան կարիք ունեցող արցախցի զինուորները, անկախ անկէ, թէ ե՛րբ անոնք վիրաւորուած են: Արարատ Աւանէսեանը 90-ականներուն արցախեան ազատամարտի մասնակից երրորդ զինուորն է, որ առանձնատուն ստացած է այս ծրագիրի ծիրին մէջ:
Իրականացման երկու տարիներու ընթացքին ընդլայնուած է նաեւ ծրագիրին աշխարհագրութիւնը` սկսելով Ստեփանակերտի եւ Հադրութի պէս մեծ քաղաքներէն մինչեւ Արցախի հեռաւոր սահմանամերձ գիւղերը:
Մինչ այժմ ծրագիրին մէջ ներառուած բոլոր 9 զինուորները կը գտնուին ծանր ընկերային-տնտեսական վիճակի մէջ եւ կը բնակին առողջութեան համար վնասակար կացարաններու մէջ: Աւելի՛ն. ծանր վնասուածքներու պատճառով անոնք ի վիճակի չեն վերանորոգումներու միջոցով բարելաւելու իրենց պայմանները կամ աշխատելու` նոր տուն գնելու համար: Ինչպէս այս զինուորներէն շատերը, Արարատ Աւանէսեանի ընտանիքը եւս նման դժուար կացութեան մէջ ապրած է երկար տարիներ, որոնց ընթացքին սեփական տուն ունենալը եղած է անոնց միակ երազանքը:
Ընտանիքը նոր տունը ձեռք բերած է նախորդ տարուան նոյեմբերին եւ հիմնարար վերանորոգման ենթարկուած` Արարատի ընտանիքին համար արժանապատիւ կեցութիւն ապահովելու համար: Ընդհանուր բարելաւումներէն եւ նորոգումներէն բացի` կառուցուած է նոր խոհանոց եւ սանհանգոյց, ինչպէս նաեւ յատուկ յարմարեցումներ կատարուած են առանձնատունը Արարատի տեղաշարժման կարիքներուն (Արարատը կը քալէ յենակներու օգնութեամբ) համապատասխանեցնելու համար:
Հակառակ անոր որ 2016 թուականի արտակարգ իրավիճակը անցեալի մէջ է, Արցախի զինուորներուն բնակարանային կարիքները տակաւին լուծուած չեն: Հաշուի առնելով նմանատիպ օգնութեան կարիք ունեցող վիրաւոր զինուորներուն թիւը` հիմնադրամին այս նախաձեռնութիւնը շարունակական բնոյթ կը կրէ:
«Կլոպըլ Ֆեսթ Երեւան» Մրցոյթ-Փառատօնը` Երեւանի Մէջ
Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան, Պորիս Էյֆմանի պարի ակադեմիայի, Իկոր Մոյիսէեւի անուան դպրոց-արուեստանոցի, Մանկական առաջին էսդրատային կեդրոնի, մայրաքաղաքային դատական կազմի, լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու աջակցութեամբ, 24-27 մարտ 2018-ին Յակոբ Պարոնեանի անուան երաժշտական-կատակերգական պետական թատերասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Կլոպըլ ֆեսթ Երեւան» արուեստի երկրորդ միջազգային մրցոյթ-փառատօնը: Այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը:
Տարուան ընթացքին մրցոյթ-փառատօնի շրջագիծին մէջ կ՛իրականացուին ընտրական փուլեր` Ս. Փեթերսպուրկի (Ռուսիա), Թալինի (Էսթոնիա) եւ այլ քաղաքներու մէջ: Բոլոր մրցոյթներուն համար պատուոյ գիրերէն, բաժակներէն եւ նուէրներէն բացի` խրախուսման նպատակով նախատեսուած է նաեւ մրցանակային դրամական պարգեւատրում:
Տեղեկացնենք, որ «Կլոպըլ ֆեսթ Երեւան» մրցոյթ-փառատօնի յայտագիրը պիտի իրագործուի հետեւեալ ձեւով. 24 մարտին` այլ քաղաքներէ աշխատակազմերու ժամանում, քաղաքի տեսարժան վայրեր պտոյտներ եւ մրցոյթի բացում, 25 մարտին` պարարուեստի մրցութային ներկայացումներ, դատական կազմի եւ ղեկավարներու կլոր սեղան, 26 մարտին` ձայնային մրցոյթի լսումներ, կալա-համերգ, պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւն եւ փակում, 27 մարտին` մասնակիցներու մեկնում:
Մրցոյթ-փառատօնին մասնակցութեան եւ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կրնաք դիմել «Կլոպըլ Ֆեսթ» միջազգային մրցոյթ-փառատօնի հայաստանեան ներկայացուցչութեան` Աննա Պօղոսեանին` հեռ. (099) 34-44-99, (055) 33-44-95:
«Սարդարապատից Արցախ» Խորագրով Համահայկական Շարադրութեան Եւ Նկարչութեան Մրցոյթ
Յարգելի՛ հայրենակիցներ,
Տեղեկացնում ենք, որ ՀՀ կառավարութեան` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ մայիսեան հերոսամարտերի 100-ամեակին նուիրուած 2018թ. միջոցառումների ծրագրի շրջանակներում ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնները եւ Երեւանի քաղաքապետարանը կազմակերպում են «Սարդարապատից Արցախ» խորագրով համահայկական շարադրութեան եւ նկարչութեան մրցոյթներ` հանրակրթական ուսումնական հաստատութիւնների եւ սփիւռքի հայկական կրթօճախների սաների համար: Շարադրութիւնների եւ մրցոյթների ընդունման վերջնաժամկէտն է մարտի 31-ը: Շարադրութիւններից ընտրուելու են լաւագոյն 20-ը` Հայաստանից եւ սփիւռքից:
Մրցանակային լաւագոյն շարադրութիւնները եւ նկարները կ՛ընդգրկուեն նախատեսուող ժողովածուի մէջ: Յաղթողների հետ ֆոթոշարք է կատարուելու Հայաստանի Ազգային պատկերասրահում եւ լուսանկարները նոյնպէս ընդգրկուելու են ժողովածուի մէջ: ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը մետալներ կը յանձնի յաղթողներին (հնարաւոր է` որ մեծ համերգի ընթացքում):
Շարադրութիւնները պէտք է ներկայացնել Microsoft word-ով, 12 sylfaen տառաչափով, 2 սմ լուսանցքներով, տողերի միջեւ 1,5 հեռաւորութեամբ, A4 ձեւաչափով, իսկ ծաւալը պէտք չէ գերազանցի 2,5 էջը:
Լրացուցիչ տեղեկութիւնների համար կարող էք դիմել ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի համահայկական ծրագրերի վարչութեան գիտակրթական ծրագրերի բաժին
Հասցէ` ք. Երեւան 0010, Վ. Սարգսեան 3, հեռ.` (+37410) 58-56-01 (700), (+37460)-500-830 հեռախօսահամարներով:
Աշխատանքներն ուղարկել նաեւ gitakrtakan.diaspora@gmail.com էլ. փոստին:
Համահայկական Կրթական 8-րդ Խորհրդաժողով
Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը 2018 թուականի օգոստոս 2-6 պիտի կազմակերպէ Համահայկական կրթական 8-րդ խորհրդաժողովը:
Խորհրդաժողովին ընթացքին պիտի քննարկուին սփիւռքի կրթական ոլորտին մէջ առկայ հիմնական հարցերը, իրագործուող ծրագիրներուն բարելաւման ուղիները եւ սփիւռքի մէջ ազգային կրթական դաստիարակչական գործի աջակցութեան ուղղուած հետագայ միացեալ քայլերը:
Խորհրդաժողովի օրակարգին վերաբերեալ կ՛ակնկալենք ստանալ սփիւռքի կրթութեան եւ դաստիարակութեան ոլորտին մէջ գործող մարմիններու, կազմակերպութիւններու եւ անձնաւորութիւններու առաջարկները մինչեւ մայիս 1: Առաջարկներուն հիման վրայ մշակուած աշխատանքային ծրագիրը, օրակարգը պիտի ներկայացուին մինչեւ յուլիս 1` խորհրդաժողովին մասնակցելու դիմումնագիր ներկայացնողներուն:
Կարեւոր է նաեւ նշել յատուկ նիւթերով նիստերու ժամանակ իբրեւ զեկուցող հանդէս գալու պատրաստակամութիւնը եւ զեկոյցի նիւթը: Լիագումար նիստերու ընթացքին ելոյթի տեւողութիւնը պէտք չէ գերազանցէ 15 վայրկեանը, իսկ մասնախումբերու մէջ` 10 վայրկեանը:
Խորհրդաժողովը պիտի կայանայ բաց հրաւէրի ձեւով, եւ անոր կրնան մասնակցիլ հայ համայնքներու մէջ ազգային կրթութեան եւ դաստիարակութեան հարցերով զբաղող մարմիններու, կազմակերպութիւններու, հաստատութիւններու մէկական ներկայացուցիչներ: Թեմական եւ ուսումնական խորհուրդները, կրթութեան եւ դաստիարակութեան հարցերով զբաղող համահայկական եւ համայնքային կազմակերպութիւնները, հաստատութիւնները, ըստ նպատակայարմարութեան, կրնան հանդէս գալ թիւով երկուքէ աւելի ներկայացուցիչներով: Մասնակցելու համար պէտք է ամբողջացնել դիմումնագիրը եւ զայն փոխանցել Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան` մինչեւ 1 յուլիս 2018:
Մասնակցութեան եւ ելոյթներու նախապատուութիւնը պիտի տրուի արտերկրի հայ համայնքներու մէջ գործող թեմական եւ ուսումնական խորհուրդներու, կրթութեան եւ դաստիարակութեան հարցերով զբաղող համահայկական եւ համայնքային կազմակերպութիւններու, հաստատութիւններու ներկայացուցիչներուն: Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը մեծ նշանակութիւն կու տայ օրակարգային հարցերու վերաբերող պատուիրակութիւններու նախնական քննարկումներու արդիւնքներու բանաձեւման եւ ներկայացման խորհրդաժողովին մէջ` համապատասխան մասնախումբին մէջ զեկոյցի տեսքով:
Խորհրդաժողովին մէջ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան եւ տուեալ երկրի կամ տարածաշրջանի ներկայացուցիչներուն միջեւ քննարկման նիւթ կրնան դառնալ նաեւ աշխատանքային ծրագրին մէջ չընդգրկուած եւ տարածաշրջանային կամ երկկողմանի հետաքրքրութիւն ունեցող հարցեր, որոնց լուծումը կրնայ դրականօրէն ազդել տուեալ երկրին կամ տարածաշրջանին մէջ ազգային կրթութեան եւ դաստիարակութեան գործի կազմակերպման վրայ:
Խորհրդաժողովի ընթացքին Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը ստանձնած է մասնակիցներուն կեցութեան եւ սնունդի ծախսերը, իսկ ճանապարհածախսը պիտի հոգան մասնակիցները:
Հաղորդենք, որ պարզաբանումներու, յաւելեալ տեղեկութիւններու, ինչպէս նաեւ առաջարկներ եւ ելոյթներ ներկայացնելու համար կարելի է դիմել Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւն:
Տասը Նոր Համակարգիչ` Ամասիայի Միջնակարգ Դպրոցին
Շիրակի մարզի Ամասիա գիւղը յայտնի է իր խստաշունչ եւ տեւական ձմեռներով: Առատ տեղումներու եւ յաճախակի արձանագրուող ձիւնաբուքի պատճառով արեւմուտքէն Թուրքիոյ, իսկ հիւսիսէն Վրաստանի սահմանակից բնակավայրը ամիսներ շարունակ «կը մեկուսանայ» աշխարհէն: Այդ ժամանակահատուածին ընթացքին անօգուտ կը դառնան նաեւ բնակիչներուն` գիւղական առօրեան հետաքրքրական դարձնելու փորձերը:
Գիւղի դպրոցին մէջ կ՛ուսանի 180 աշակերտ: Բացայայտող, խելացի, վերլուծող սերունդ կրթելու համար մանկավարժները կը ներդնեն անհրաժեշտ ջանքեր: Գիւղական գրադարանէն օգտուիլը կամ Գիւմրի երթալը փակ ճամբաներու պատճառով կարելի չէ միշտ: Աշակերտներուն համար աշխարհի հետ հաղորդակցելու եւ զարգացումներէ չկտրուելու արդարացուած միջոցը կը մնայ համակարգչային հաղորդակցութիւնը:
Դպրոցի տեղեկատուութեան դասարանը կը համալրուի տասը նոր համակարգիչով: Նիւթը նոր կարելիութիւններով ուսումնասիրող աշակերտները սկսած են մեծ հետաքրքրութիւն դրսեւորել: Դասաւանդող ուսուցիչին` Անուշ Աղայեանի գնահատմամբ, դասապահը աւելի արդիւնաւէտ կը դառնայ եւ շատերու համար կրնայ մասնագիտական կրթութեան հիմք դառնալ:
«Ուսումնական գործընթացին աշխուժացման ուղղուած գործնական քայլերը արդէն ցանկալի արդիւնք տուած են. աւելցած է համակարգիչին նկատմամբ աշակերտներուն հետաքրքրութիւնը, բարձրացած է կրթութեան որակը: Այս նուէրը մեծ անակնկալ էր մեզի համար: Յարգանքի արժանի է այն անձնաւորութիւնը, որ կարեւոր կը համարէ կրթութիւնը», ըսած է դպրոցի տնօրէն Կարինէ Հարթենեանը:
Նշենք, որ Ամասիայի միջնակարգ դպրոցը 10 նոր համակարգիչ ձեռք բերած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեանի անձնական նուիրատուութեան շնորհիւ:
ՄԱԿ-ի Կազմած Աշխարհի Ամէնէն Երջանիկ Երկիրներու Ցանկին Վրայ Հայաստան Կը Գրաւէ 129-րդ Դիրքը
ՄԱԿ-ի կազմած աշխարհի ամէնէն երջանիկ երկիրներու ցանկին վրայ Հայաստան կը գրաւէ 129-րդ դիրքը: «Տը ուըրլտ հեփինես ռիփորթ»-ին մէջ 156 երկիրներ ընդգրկուած են: Ցանկին վրայ Վրաստան 128-րդն է, իսկ Ազրպէյճան` 87-րդ:
Երկրի մը գնահատման ատեն նկատի առնուած են կեանքի տեւողութիւնը, ընկերային աջակցութիւնը, փտածութիւնը եւ այլ ցուցանիշներ:
Նշենք, որ Ֆինլանտան ամէնէն երջանիկ երկիրն է. երկրորդը Նորվեկիան է, իսկ Դանիան, Իսլանտան, Զուիցերիան, Հոլանտան, Քանատան, Նոր Զելանտան, Շուէտը եւ Աւստրալիան յայտնուած են առաջին տասնեակին մէջ: