Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Պետական Նախարար Արա Յարութիւնեանի Հանդիպումները Մելպուրնի Մէջ

Մարտ 20, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աշխատանքային այցելութեամբ Աւստրալիա գտնուող Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արա Յարութիւնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 17 մարտին այցելած է Մելպուրն քաղաք, ուր շարք մը հանդիպումներ ունեցած է հայ գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ:

Այս հանդիպումը կազմակերպուած էր Արցախ Ռուց Ինվեսթմընց (ԱՌԻ) ընկերութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրներուն մէջ նոր բաժնետէրերու ներգրաւման անհրաժեշտութիւնը ընդգծելու նպատակով: Հանդիպման կը մասնակցէին Մելպուրնի հայկական գրեթէ բոլոր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները:

Ա. Յարութիւնեան իր խօսքին մէջ յատկապէս նշած է, որ ԱՌԻ-ն իր էութեամբ ամբողջովին նոր ձեւաչափ է հայրենիք-սփիւռք գործարար կապերու ամրապնդման առումով, եւ որ անիկա զարգացման մեծ ներուժ ունի:

«Արցախը ունի տնտեսութեան զարգացման կայուն միջավայր, ուր անընդհատ նոր ներդրումներու ներգրաւման անհրաժեշտութիւն կայ: Այս առումով, ԱՌԻ-ն համահայկական ներուժի օգտագործման համար լաւ հարթակ է, որ կ’ենթադրէ ոչ թէ անհատոյց նուիրատուութիւն, այլ` փոխշահաւէտ առաջարկ: Ասոր իբրեւ արդիւնք մենք կ’ունենանք մնայուն կերպով զարգացող հայրենիք, ուր շօշափելի ներդրում կ’ունենայ նաեւ ԱՌԻ-ի իւրաքանչիւր բաժնետէր` պահպանելով նաեւ առեւտրական հետաքրքրութիւնը», յայտնած է Արա Յարութիւնեան:

Հանդիպման ընթացքին պետական նախարարը անդրադարձած է նաեւ վերջին տարիներուն Արցախի մէջ արձանագրուած ընկերային-տնտեսական յաջողութիւններուն, ապրիլեան պատերազմի հետեւանքներու յաղթահարման, պաշտպանունակութեան ոլորտին մէջ տարուող նոր լայնածիր ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ պատասխանած է ներկաները յուզող տարաբնոյթ հարցերու:

Այցելութեան ընթացքին Արա Յարութիւնեան հիւրընկալուած է նաեւ Համազգայինի «Մեսրոպ Մաշտոց» եւ Ս. Աստուածածին հայ առաքելական եկեղեցւոյ կից գործող «Ակինեան» շաբաթօրեայ դպրոցներուն մէջ, հանդիպում ունեցած է աշակերտական եւ ուսուցչական անձնակազմերուն հետ: Պետական նախարարը բարձր գնահատած է սփիւռքի գաղթօճախներուն մէջ հայապահպանման առումով հայկական դպրոցներուն դերը եւ ընդգծած է անոնց բացառիկ առաքելութիւնը, քանի որ ազգային ինքնութեան պահպանումը ուղղակիօրէն շաղկապուած է լեզուամտածողութեան, ազգային դաստիարակութեան ու մշակոյթին հետ:

Արցախի պետական նախարարը նաեւ այցելած է Ս. Աստուածածին եկեղեցի եւ հանդիպում ունեցած համայնքի հոգեւոր պատասխանատուներուն հետ:

Մելպուրնի մէջ ան մասնակցած է նաեւ գաղութին կողմէ կազմակերպուած` արցախեան շարժման 30-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր ձեռնարկին:

Նշենք, որ Ա. Յարութիւնեանին կ’ընկերակցէին ԱՌԻ-ի տնօրէններու խորհուրդի խումբ մը անդամներ եւ Աւստրալիոյ մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Քայլար Միքայէլեան:

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն Ներքին Գործոց Նախարարին Հետ Քննարկեց Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Մանրամասնութիւնները

Յաջորդը

Իշխանեան. «Արցախի Հանրապետութեան Պատուիրակութեան Միացեալ Նահանգներ Այցելութիւնը Պատմական Է»

RelatedPosts

Արցախի Բնակչութեան Շուրջ 80 Առ Հարիւրը`  Ամբողջութեամբ Տեղահանուած. Ազրպէյճան  Կը Ձերբակալէ Բարձրաստիճան Զինուորականներ
Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Բնակչութեան Շուրջ 80 Առ Հարիւրը` Ամբողջութեամբ Տեղահանուած. Ազրպէյճան Կը Ձերբակալէ Բարձրաստիճան Զինուորականներ

Սեպտեմբեր 30, 2023
Փեսքով Արձագանգած Է Արցախի Հանրապետութեան Գոյութեան Դադրեցման Մասին Յայտարարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Փեսքով. «Ռուս Խաղաղապահներու Առաքելութեան Երկարաձգման Կարելիութիւնը Կը Քննարկուի Պաքուի Հետ»

Սեպտեմբեր 30, 2023
Ուաշինկթըն. «Թեհրանի Հաշիւներու Ապասառեցումը  Չի Նշանակեր Պատժամիջոցները Չեղեալ Նկատել»
Հայկական

Ուաշինկթըն. «Պլինքըն Ալիեւի Վրայ Ճնշում Բանեցուցած Է Միջազգային Առաքելութեան Աջակցելու Համար»

Սեպտեմբեր 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In