Միացեալ Նահանգներ այցելող Արցախի պատուիրակութեան անդամ, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Արցախի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան անդամ Դաւիթ Իշխանեան «Ապառաժ»-ի հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին պատմական որակած է այդ պատուիրակութեան Միացեալ Նահանգներ տուած այցելութիւնը:
Այցելութեան ծիրին մէջ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է ամերիկեան Քոնկրես եւ Միացեալ Նահանգներու Ազգային շահերու կեդրոն:
«Այցելութիւնը կարեւոր է այն առումով, որ չճանչցուած երկրի պատուիրակութիւն ըլլալով հանդերձ, կրցանք քաղաքական նոր կապերու եւ խորհրդարանական դիւանագիտութեան զարգացման նոր հիմեր դնել», նշած է Դ. Իշխանեան:
Քաղաքական հանդիպումներէն բացի, տեղի ունեցած են նաեւ շարք մը հանդիպումներ գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ:
«Կարելիութիւն ունեցանք ծանօթանալու տեղւոյն հայկական համայնքին ներուժին եւ անոր կողմէ տարուող քաղաքական աշխատանքներուն», դիտել տուած է Իշխանեան` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներու հայկական կառոյցները բաւական մեծ կարելիութիւն ու ներուժ ունին Միացեալ Նահանգներու կողմէ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման հոլովոյթը ամրապնդելու:



