Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ

Մարտ 20, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Այս Անգամ Աւելի, Քան` Նախորդ Ընտրութիւններուն

Յառաջիկայ կիրակի, 24 մարտ, Պէյրութի ժողովուրդը երեք ընտրաշրջաններու մէջ պիտի ընտրէ իր 12 ներկայացուցիչները` հինգ սիւննի, երկու յոյն-օրթոտոքս, մէկ մարոնի, մէկ յոյն կաթողիկէ, մէկ շիի, մէկ աւետարանական եւ մէկ փոքրամասնական: Մայրաքաղաքին մնացեալ չորս երեսփոխանները, չորսն ալ հայ (երեք առաքելական, մէկ կաթողիկէ) ընտրուած են արդէն առանց մրցակիցի:

Մեզ հետաքրքրողը, անշուշտ, Պէյրութի առաջին ընտրաշրջանն է, ուր ՀՅ Դաշնակցութեան եւ լիբանանեան փաղանգաւորներու ցանկին միւս թեկնածուները` Փիեռ  Ժեմայել, Ֆուատ Պութրոս, Անթուան Սեհնաուի եւ Սամիր Իսհակ, պայքարի ձեռնարկած են` ապաւինելով որքան իրենց սեփական ուժին եւ ժողովրդականութեան, նոյնքան նաեւ` իրենց արդէն իսկ ընտրուած ցանկակիցներուն ետին գտնուող կազմակերպութիւններուն:

Այդ կազմակերպութիւններէն մէկը ՀՅ Դաշնակցութիւնն է, որուն համար իր ցանկակիցներուն ընտրապայքարը ԻՐ ԸՆՏՐԱՊԱՅՔԱՐՆ Է, ու այսօր, ԱՒԵԼԻ  ՔԱՆ նախորդ ընտրութիւններուն, երբ պայքարը կը մղուէր ամբողջ ցանկին համար:

Աւելի` որովհետեւ, կիրակի օր անգամ մը եւս պատեհութիւնը կը տրուի մեր կուսակցութեան` արժեւորելու այն հաւատքը, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը միշտ հաւատարիմ մնացած է ու կը մնայ իր խոստումին, կը յարգէ իր յանձնառութիւնները, եւ ցանկակից թեկնածուի մը յաջողութիւնը իրեն համար նոյնքան կենսական է եւ կարեւոր, որքան` իր սեփական թեկնածուին:

Հարցը այնքան պարզ է ու հասկնալի, որ պէտք չկայ մանրամասնութիւններու երթալու: Բայց պէտք է ընդգծուի այն, որ սեփական թեկնածուի մը յաղթանակին համար պայքարիլը եթէ սովորական եւ բնական երեւոյթ է, ցանկակիցի մը յաղթանակը ապահովելու համար մղուած պայքարը յատկանիշն է միայն այն կազմակերպութիւններուն, որոնք տրուած խօսքին արժէքը գիտեն գնահատել:

Ի՜նչ կասկած, որ եթէ մեր կուսակցութեան գործակցութիւնը կը փնտռուի երեսփոխանական բոլոր ընտրութիւններուն, ատիկա ոչ միայն մեր ընտրական ուժին համար է, այլ որովհետեւ մենք այդ ուժը կ՛արժեւորենք մեր բարոյական հասկացողութիւններուն համապատասխան եղանակով: Այսինքն ընտրութիւններուն կը մասնակցինք ո՛չ միայն մեր հնարաւորութիւններուն ամենալայն չափով, այլ նաեւ մէկ մարդու պէս կը քուէարկենք ամբողջ ցանկին, նախ մե՛ր ցանկակիցներուն, ապա` մեր սեփական թեկնածուներուն:

Այս է գործակցութեան մեր ըմբռնումը` անվերապահ, ամբողջական գործակցութիւն, որուն անվիճելի ապացոյցը պիտի տանք, բացարձակ հաստատումը պիտի կատարենք դարձեալ յառաջիկայ կիրակի, մանաւա՛նդ այս անգամ, երբ մեր թեկնածուներուն յաղթանակին համար պիտի չպայքարինք, այլ` անոնց ցանկակիցներուն:

Վստահ ենք, որ մեր համակիրներու լայն զանգուածը, վստահ ենք, որ հայ ժողովուրդը, որ նախորդ բոլոր ընտրութիւններուն, Դաշնակցութեան յաղթանակին մէջ, շա՛տ արդարօրէն, առո՛ղջ դատումով, տեսաւ Ի՛Ր ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ, պիտի ըմբռնէ կիրակիի քննութեան կարեւորութիւնը: Պիտի գիտնայ օգտագործել այն սքանչելի առիթը, որ կը տրուի մեզի, եւ իրեն` քար մը եւս աւելցնելու այն շէնքին, որուն հիմերը հաստատուած են ՀՅ Դաշնակցութեան եւ անոր միջոցով` հայութեան հանդէպ այս երկրի ժողովուրդին եւ անոր ղեկավար դէմքերուն ունեցած վստահութեան վրայ:

ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐ ԽՈՍՏՈՒՄԻՆ ՏԷՐՆ Է:

Հայ ժողովուրդը, որմէ կը ստանանք մեր ուժն ու հեղինակութիւնը, ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ այդ խոստումը:

Կիրակի օր, կարգապահ եւ խուռներամ հայութիւնը պիտի կատարէ քաղաքացիի իր պարտականութիւնը: Պիտի ըսէ իր խօսքը` թիկունք կանգնելով մեր բարեկամներուն, որոնք հայութեան բարեկամներն են, անոր պէս ու անոր հետ կը հաւատան Լիբանանին, խաղաղութեան եւ համերաշխութեան այս օրրանին, որուն վերելքին ու յաւիտենականութեան համար կ՛արժէ ամէ՛ն զոհողութիւն:

Մենք ՔԻՉ կ՛ըսենք: Մեր ժողովուրդը ՇԱ՛Տ կը հասկնայ:

Մեր առողջ, իմաստո՛ւն ժողովուրդը:

 

Հիւսիսային Մեթնի
Մեր Թեկնածուները
ՀՅ Դաշնակցութեան եւ «Երեք»-ներու միացեալ ցանկին թեկնածուները ձախէն աջ` Անտրէ Թապուրեան, Միշել Մըր, Մորիս Ժեմայել, Սելիմ Լահուտ եւ Էմիլ Սալհապ, նկարուած` Փաղանգաւորներու տան մէջ:

Մեթնը, հիւսիսայինը, Լիբանանի սիրտն է: Ու այսօր Մեթնի ժողովուրդը, Սաննինի բարձունքներէն մինչեւ Ժէլ էլ Տիպ, Տորա եւ Պուրճ Համուտ, անցնելով գերազանցապէս լիբանանեան բոլոր գիւղերէն` Պիսքենթէ, Թղրին, Մրուժ, Մթէյն, Տհուր Շուէր, Պիքֆայա, Պաապտաթ, Պրումմանա, Պէյթ Մերի (յիշելու համար կարեւոր կեդրոնները) անսահմանօրէն ուրախ է ի լուր այն գործակցութեան, որ ստեղծուեցաւ իր հարազատ զաւակներու միջեւ` յանձինս փաղանգաւոր ՄՈՐԻՍ ԺԵՄԱՅԵԼԻ,  ազատական ՍԵԼԻՄ ԼԱՀՈՒՏԻ, Ազգային պլոքի ղեկավար ԷՄԻԼ ՍԱԼՀԱՊԻ, անկախ ու անկեղծ գործակից ՄԻՇԵԼ ՄԸՐԻ եւ ՀՅ Դաշնակցութեան թեկնածու ԱՆՏՐԷ ԹԱՊՈՒՐԵԱՆԻ:

Ով որ կը ճանչնայ Մեթնը, ու հայ ժողովուրդը շատ լաւ կը ճանչնայ վերոյիշեալ կեդրոնները, ուր ամառուան երեք ամիսները կը վայելէ Լիբանանի սքանչելի բնութեան բարիքները, կը զգայ, թէ որքան արդար է մեթնցիներուն ուրախութիւնը, երբ թեւանցուկ կը տեսնեն արժէքաւոր ու խոստմնալից տարրեր, որոնք արժանաւորապէս պիտի ներկայացնեն զինք լիբանանեան խորհրդարանին մէջ:

Այս ցանկը կը վայելէ հովանաւորութիւնը չորս կուսակցութիւններու, որոնք լիբանանեան հայրենիքին ծառայելու գերագոյն նպատակով իջած են ասպարէզ` յաղթանակով պսակելու համար իրենց պայքարը:

Յառաջիկայ երկուշաբթի, երբ ընտրութիւնները վերջացած կ՛ըլլան Պէյրութի մէջ, բուռն թափով պիտի սկսի ընտրապայքարը Մեթնի մէջ, նախատեսուած են արդէն բազմաթիւ շրջապտոյտներ, ընտրապայքարի արշաւներ, որոնց պիտի մասնակցին ոչ միայն ցանկին անդամները, այլ նաեւ զիրենք հովանաւորող կուսակցութեանց ղեկավարները` նախագահ Քամիլ Շամուն, շէյխ Փիեռ Ժեմայել, Ռեմոն Էտտէ եւ ՀՅ Դաշնակցութեան ղեկավարները:

Քանի մը օր եւս` ու կը տրուի իսկական ընտրապայքարի ազդանշանը:

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստէերը

Յաջորդը

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի Ուսուցչաց Տօնը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?