Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՅՈՎԻԿ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ԻՐ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԸ

November 15, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Յովիկ Աբրահամեան` իր ելոյթին ընթացքին

Հայաստանի Ազգային ժողովի երէկուան նիստին ընթացքին պաշտօնապէս հրաժարականի դիմում ներկայացուց խորհրդարանի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան:

Աբրահամեան նշեց, որ ինք տուած է պաշտօնէն հեռանալու որոշումը` այդ որոշումը պատճառաբանելով այն հարցով, թէ կ՛երթայ ղեկավարելու Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան նախընտրական արշաւը: Աբրահամեանի կուսակիցները կը պնդեն, որ այդ առաջարկը անոր կատարած են Հանրապետական կուսակցութիւնը եւ հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Ըստ Աբրահամեանի, բոլորին համար ալ հասկնալի է, որ Հայաստան կը մտնէ հերթական խորհրդարանական ընտրութիւններու նախապատրաստական հանգրուանը: Ան նշած է, որ ընտրութիւնները բարձր մակարդակով կազմակերպելը եւ կայացնելը բոլորին եւ յատկապէս իշխանութիւններուն պատուի գործն է:

Անկէ ետք ան անդրադարձաւ իր եռամեայ գործունէութեան` իբրեւ խորհրդարանի նախագահ: «Թող անհամեստ չհնչէ, բայց կը կարծեմ, որ կարելի եղած է ապահովել խորհրդարանի ըստ կարելւոյն թափանցիկ գործունէութիւնը եւ սերտացնել խորհրդարան-հասարակութիւն կապը: Կը կարծեմ, որ Ազգային ժողովը ինքզինք դրսեւորած է իբրեւ պետականութեան կայացման հոլովոյթի աշխուժ մասնակից», յայտնեց Աբրահամեան:

Յ. Աբրահամեան նիստին սկիզբը չներկայացուց իր հրաժարականի դիմումը. նախ հաստատեց քառօրեայ նիստերու օրակարգը, որոշեց քննարկուելիք հարցերու հերթականութիւնը, կազմակերպեց քուէարկութիւնը, որմէ ետք միայն արտակարգ ելոյթով ներկայացուց իր հրաժարականի դիմումը:

Ազգային ժողովի նախագահին հրաժարականը ընդունուած պիտի նկատուի, եթէ ան իր հրաժարականը դարձեալ ներկայացնէ հինգ օր ետք: Յովիկ Աբրահամեան չէ հրաժարած իր պատգամաւորական պաշտօնէն եւ պիտի շարունակէ Ազգային ժողովի պատգամաւոր մնալ:

Ազգային ժողովի յաջորդ նախագահի ամէնէն հաւանական թեկնածուն կը նկատուի փոխնախագահ Սամուէլ Նիկոյեան: Սակայն, ան կը խուսափի այդ լուրերը մեկնաբանելէ:

Նախորդը

ԱԹԱՋԱՆԵԱՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԽՆԴԻՐԸ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ՓՈՐՁԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

Յաջորդը

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ. ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒ ԵՒ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐՈՒ ԱՌԱՋԱԴՐԵԼԻ ՏԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.