Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ. ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒ ԵՒ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐՈՒ ԱՌԱՋԱԴՐԵԼԻ ՏԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

November 15, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ պետական յանձնախումբի կազմութենէն եւ յայտարարուած առաջադրանքներէն ետք սփիւռքի տարածքին տակաւ ձեւաւորման ընթացքի մէջ են տուեալ համայնքներու կազմակերպ կեանքը ներկայացնող բոլոր ուժերու եւ հոսանքներու ներկայացուցիչներու ներգրաւուածութեամբ կառոյցները իրենց ենթաբաժիններով: Գործունէութեան դաշտի` թէ՛ համապետական եւ թէ՛ միաժամանակ համագաղութային եւ համասփիւռքեան տարողութիւնները կը նախանշեն, որ գործին կը տրուի ռազմավարական նշանակութիւն: Ու թէեւ ժամկէտային իմաստով առաջադրանքներու իրականացումը կ՛երկարի մինչեւ 2015, այսուհանդերձ մինչեւ 100-ամեակ, բրգաձեւ տեսքով, ռազմավարական խորքով համակարգուած աշխատելաձեւի պարագային անիկա արդէն կրնայ վերածուիլ համայն հայութիւնը առաջնային խնդիրներու ուղղութեամբ համախմբելու եւ նպատակաուղղուած գործունէութիւն ծաւալելու նորարար մշակոյթի, որ կրնայ շարունակուիլ 100-ամեակէն անդին:

Պահ մը կեդրոնանանք սակայն, 100-ամեակով ստեղծուող թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին առաջնահերթութիւններուն վրայ, նախ հաստատելու համար, թէեւ ուշացած, այսուհանդերձ իբրեւ անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն տակաւ ձեւաւորուող երկարաժամկէտ հեռանկարով համախումբ եւ կառուցակարգուած աշխատելաոճի որդեգրման կարեւորութիւնը: Ճիշդ է, որ իւրայատկութիւններու պահպանումը իւրաքանչիւր հատուածի համար խիստ կենսական է: Հաւաքական կեանքին մէջ եւս տարատեսակութիւնը, այլազանութիւնը, տարակարծութիւնները նոյնիսկ հարստացնող գործօններ են թէ՛ քաղաքական մտածողութեան կայացման եւ թէ՛ ինչու չէ ազգային կեանքի զարգացման նպատակով մրցակցային իրավիճակները վառ պահելու ուղղութեամբ: Կան հիմնախնդիրներ սակայն, որոնց հետապնդումն ու իրականացման ուղիներու ճշդումը հաւաքական, համակարգեալ գործելու եղանակ կ՛ենթադրեն: Այս մէկը, ամէն բանէ առաջ ներազգային մակարդակի վրայ ռազմավարական խորք ու նշանակութիւն ունի, մանաւանդ երբ կը խօսինք հիմնական ա՛յն առաջադրանքներուն իրականացման մասին, որոնք ազգի գոյութեան, շարունակականութեան, անվտանգութեան հետ կապուած են:

Այս հիմնախնդիրներուն առաջնայինը Հայոց ցեղասպանութեան թղթածրարն է, որ կը վերաբերի որքան ներազգային պատրաստուածութեան, այնքան արտաքին աշխարհին ներկայանալու քաղաքականութեան: Ճանաչումի հրամայականին առընթեր, ժխտողականութեան դէմ գրաւոր ու բանաւոր պայքարին համար նոր զինամթերք ապահովելը, քաղաքական իրադրութիւններու ճիշդ գնահատական կատարելն ու հայկական կողմին եւ երրորդ կողմին շահերուն համընկնեցումն ու ժամանակահատուածներու ճշդումը, նոր սերունդին համար մանկավարժական, հոգեբանական, ընկերաբանական մասնագիտութիւններու համադրումով ցեղասպանութեան հետ կապուած խնդիրները փոխանցելն ու միջազգային ընտանիքին ճշդած օրինաչափութիւններուն համապատասխան շարժիլը եւ մանաւանդ ճանաչումէն անդրանցումն ու հատուցման նպատակով իրաւական թղթածրարի պատրաստութիւնը խնդիրներ են, որոնք հատուածայնութենէ հեռու համահայկական մարդուժի համախմբումին կը կարօտին ամէնէն ընդգծուած կերպով:

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութիւնները այս ուղղութեամբ առաջադրուած աշխատելաոճի ձեւաւորման նախադրեալները կը նախանշեն: Յատկապէս մասնագիտական մարդուժի ըստ ոլորտի համախմբումը, համահայկական օրակարգերու ձեւաւորումը, տակաւ նկատառելիօրէն բազմացող սփիւռքեան ընդառաջումները աշխատանքային նորարար մշակոյթի մը հաստատման ուղղուած են:

Մինչ այդ, սակայն, պարզուող հեռանկարին ընդառաջ սփիւռքեան գաղութները նոր կառոյցներու եւ աշխատանքի նոր ոճերու յառաջացումով-որդեգրումով կրնան դէպի մեծ առաջադրանքները բացուող ուղիները հարթել: 100-ամեակը հիմնախնդիրներուն առաջինն է, որուն նկատմամբ համապետական եւ համասփիւռքեան կեդրոնացումը կրնայ մագնիսացնել ամբողջ հայկական աշխարհը: Այս արդէն հիմնական հարուածը կ՛ըլլայ հայկական դաշտին մէջ ճեղքեր տեսնել ուզող ժխտող կողմին:

Դէպի 100-ամեակ թիրախաւորուած աշխատանքներ` նորարար բովանդակութեամբ, նորովի պատրաստուածութեամբ, նորացուած  ոճերով ի հարկին նոր կառոյցներով: Համապետական եւ համասփիւռքեան տարողութիւններով:

Նախորդը

ՅՈՎԻԿ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ԻՐ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԸ

Յաջորդը

ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒ ԵՒ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐՈՒ ԱՌԱՋԱԴՐԵԼԻ ՏԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.