Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (19 Մարտ 1968)

Մարտ 19, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հիւսիսային Մեթնի Ընտրաշրջանին Մէջ

Դաշնակցութեան Եւ Երեքներու Ցանկը Պաշտօնապէս Յայտարարուեցաւ

Հիւսիսային Մեթնի Ընտրաշրջանին Մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան Եւ «Երեք»-Ներու Միացեալ Ցանկը Երէկ Պաշտօնապէս Յայտարարուեցաւ:

Ցանկին անդամներն են`

ՄՈՐԻՍ ԺԵՄԱՅԵԼ (մարոնի, փաղանգաւոր)
ԷՄԻԼ ՍԱԼՀԱՊ (մարոնի, Ազգային պլոք)
ՍԵԼԻՄ ԼԱՀՈՒՏ (մարոնի, ազատական)
ԱՆՏՐԷ ԹԱՊՈՒՐԵԱՆ (հայ առաքելական, Դաշնակցութեան թեկնածու)
ՄԻՇԷԼ ՄԸՐ (յոյն-օրթոտոքս, անկախ)

Ցանկին կազմութեան վերջնական համաձայնութիւնը գոյացաւ երէկ` երկուշաբթի կէսօրին, Ազգային ազատական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Քազեմ Խալիլի բնակարանին մէջ, ուր ներկայ էին` հանրապետութեան նախկին նախագահ Քամիլ Շամունը, փաղանգաւորներու պետ շէյխ Փիեռ Ժեմայելը, Ազգային պլոքի ղեկավար Ռեմոն Էտտէն, ՀՅ դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ` ցանկակից թեկնածուները:

Յաջորդաբար խօսք առին` նախագահ Շամունը, Փիեռ Ժեմայելը, Ռեմոն Էտտէն ու Շահէն Տէրտէրեանը եւ անվերապահ գործակցութեան ուխտով ընդգծեցին այն իրողութիւնը, թէ իրենց միջեւ գոյացած այս համաձայնութիւնը կը համապատասխանէ Մեթնի ժողովուրդին միահամուռ ցանկութեան:

Արդարեւ, երբ ցանկին վերջնական կազմութեան լուրը իմացուեցաւ, Մեթնի գիւղերուն մէջ, լեռներէն մինչեւ դաշտավայր, ցնծութեան ինքնաբուխ արտայայտութիւններ եղան` իբրեւ ապացոյց այն գոհունակութեան, որ այդ շրջանին ժողովուրդը կը զգար հանդէպ զինակցութեան մը, որուն կը սպասէր օրերէ ի վեր:

Այսօրուընէ սկսեալ պայքարը պաշտօնապէս սկսած է հիւսիսային Մեթնի մէջ, որուն հարազատ ներկայացուցիչները կը հանդիսանան: ՀՅ դաշնակցութեան եւ «Երեք»-ներու միացեալ ցանկին անդամները:

Երէկ իրիկուն ցանկին բոլոր անդամները գացին փաղանգաւորներու կեդրոնը, ուր ընդունուեցան Փիեռ Ժեմայելի կողմէ: Հոն ստորագրեցին ընտրական կոչ մը, ուր կը յայտարարեն իրենց ամբողջական միասնականութիւնը եւ կը պարզեն իրենց քաղաքական գործունէութեան ծրագիրը: Կը խոստանան ոգի ի բռին աշխատիլ շրջանին ընկերային, մշակութային եւ տնտեսական վերելքին համար եւ շարունակել ընկերային արդարութեան գործը Լիբանանի մէջ:

 

Հայ Դատ

Պատերազմական Ոճրագործներու Հարցը

Հայ Դատի Յանձնախումբը Նոր Յուշագրով Կը Թելադրէ Վաւերացումը Պատրաստուած Նախագիծին

(Սեփական Թղթակցութիւն «Ազդակ»-ի)

ՄԱԿ, Նիւ Եորք.- 7 մարտ, 1968-ին Հայ դատի յանձնախումբը, յանձնեց յուշագիր մը` ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւունքներու խորհուրդի անդամներուն, պատերազմական ոճրագործներու հարցին շուրջ:

Ինչպէս ծանօթ է, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը զբաղեցաւ այս հարցով, ու մասնաւոր յանձնախումբ մը պատրաստեց ծրագիր-նախագիծը` այս հարցին շուրջ:

Ընդհանուր ժողովը չվաւերացուց ծրագիր-նախագիծը եւ որոշեց յետաձգել զայն յաջորդ Ընդհանուր ժողովին, մինչ այդ թելադրեց, որ պետութիւնները իրենց կարծիքը յայտնեն:

Սոյն ծրագիր, նախագիծին մէջ «ոճիր» կը նկատուի «ցեղասպանութիւն»-ը, նաեւ` «իրաւազրկութիւն» (eviction): Լիբանանի ներկայացուցիչը յաջողցուց այս կէտը, զոր կ՛առաջարկէր Հայ դատի յանձնախումբին յուշագիրը` յանձնուած ՄԱԿ-ի 122-րդ յանձնախումբի անդամներուն:

Ինչպէս ծանօթ է մեր ընթերցողներուն, միջազգային մամուլը զբաղեցաւ հայոց յուշագրով, նաեւ «Եունայթըտ Փրես» մասնաւոր տեսակցութիւն մը ունեցաւ Արմէն Շամամեանի հետ` սոյն հարցին շուրջ:

– Մարդկային իրաւունքներու խորհուրդը այժմ օրակարգի վրայ ունի պատերազմական ոճրագործներու հարցը ու Ընդհանուր ժողովի մասնաւոր յանձնախումբին պատրաստած ծրագիր-նախագիծը:

Հայ դատի յանձնախումբը այսօր յանձնեց Մարդկային իրաւունքի խորհուրդի 32 անդամներուն եւ Ու Թանին նամակ մը, նաեւ` Ընդհանուր ժողովին յանձնուած յուշագրէն օրինակ մը, ճշդելով, որ Հայ դատի յանձնախումբին թելադրանքները յստակօրէն պարզուած են սոյն յուշագրին մէջ:

Այսօրուան նամակը ստորագրուած է Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Արմէն Շամամեանին ատենադպիր Ճէյմս Թաշճեանին կողմէ:

 

Ու Թան Ճաշկերոյթ Մը Սարքեց Ի Պատիւ Արամ Խաչատուրեանին

Նիւ Եորք.- 11 մարտ, 1968.- ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը այսօր ճաշկերոյթ մը սարքեց ի պատիւ Արամ Խաչատուրեանի:

Ներկայ էին տիկին Խաչատուրեանը, Կարինէ Գէորգեանը ու խորհրդային դեսպան Փլաթոն Մորոզով:

ՄԱԿ-ի կողմէ ներկայ էին` տոքթ. ու տիկ. Ռալֆ Պանչը, Ալեքսէյ Նեսթերենքոն, տոքթ. Նոսեքը, Ճիլիա Հենտըրսընը եւ տոքթ. Ռոլզ Պենեթը, բոլորն ալ ՄԱԿ-ի փոխ ընդհ. քարտուղար:

Ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի 38-րդ յարկի մասնաւոր ճաշասրահին մէջ:

ԼԵՒՈՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Եզակի Ժողովուրդին Եզակի Հայրենիքը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?