ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Ձեր հանդիպումները եւ հեռաձայնային կապերը օգտակար պիտի դառնան: Բնականոնացուցէք ձեր յարաբերութիւնները: Պիտի ստանաք այն, ինչ որ կը փափաքիք: Դժուար հարց մը պիտի լուծէք: Դրական շրջան մըն է:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Պայմանները ձեզ պիտի հրաւիրեն նոր քայլ մը առնելու կամ հաշտութիւն մը կնքելու: Ձեր տրամադութիւնը պիտի լաւանայ, եւ պիտի օգտուիք լաւ բախտէն: Պիտի ուրախանաք ձեր սիրելիներուն եւ հարազատներուն հետ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Ձեր պարտականութիւնները պիտի դժուարանան ու խաչաձեւուին: Յաւելեալ ժամանակ պիտի աշխատիք: Առողջական խնդիրներէն զգուշացէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Բնաւ մի՛ յամառիք: Այս օրերը ճնշող են, ուշադիր եղէք թշնամական կեցուածքներէ: Հեռու մնացէք վիճաբանութենէ: Ձեր հակառակորդը զօրաւոր է: Ամսուան տագնապալից օրերէն մէկն է:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Աւելի լաւ պիտի ըլլայ, եթէ հասկցող ըլլաք եւ վերջերս ստեղծուած վատ վիճակը շտկէք: Պայմանները յարաբերաբար կը լաւանան, բայց հեռու կեցէք կարծիքներ պարտադրելէն:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Շինիչ ծրագիր մը պիտի յաջողցնէք, որ կապուած է ձեր ասպարէզին` մշակոյթի կամ արուեստի մարզերուն մէջ: Յաջողութեան առիթները պիտի շատնան: Դրական շրջան մըն է եւ յարմար` հանդիպումներու:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Դժուար, բայց կարեւոր փորձառութիւն մը պիտի ապրիք: Ձեր անունը արկածախնդրութեան մի՛ենթարկէք եւ մրցակցութեան մէջ մի՛ մտնէք, երբ պատրաստ չէք: Նոր պաշտօն մը պիտի ստանձնէք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Որոշ ուղղութիւն մը պիտի բռնէք` հարցերը յստակացնելու եւ ուղղութիւն ճշդելու: Ձեր ժամանակէն բաժին մըն ալ յատկացուցէք ձեր ընտանիքին:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Ձեր միտքը պիտի հանգստանայ եւ իւրայատուկ փորձառութիւն մը պիտի ապրիք: Պիտի մօտենաք ձեր սիրելիին: Ամսուան լաւագոյն օրերէն մէկն է: Զօրաւոր բախտ ձեզ կը սպասէ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Ձեր գործերը վերատեսութեան ենթարկեցէք: Այնքան ծանրաբեռնուած էք, որ հանգիստի ժամանակ պիտի չունենաք: Աշխուժ շրջան մըն է: Ձեր ճիգերը կրկնապատկեցէք եւ ժամանակ մի՛ կորսնցնէք:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ժխտական ազդեցութիւններ պիտի ուղեկցին ձեզի, եւ հաւանաբար ընտանեկան եւ աշխատանքային յոգնութիւններ ծագին: Մի՛ քննադատէք ձեր աշխատանքային շրջանակին մէջ:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Առարկայական մօտեցումով լուծեցէք խնդիրները: Պայմանագիր մը ստորագրելու համար մասնագէտներու կարծիքը առէք: Մթնոլորտը ջերմացուցէք:
