Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սերպիոյ Խորհրդարանը Մերժած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Ընդդիմութեան Առաջարկը

March 9, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սերպիոյ խորհրդարանը մերժած է ընդդիմութեան առաջարկը` Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին:

Վերջին տասնամեակին նման առաջարկներ քանի մը անգամ ներկայացուած են սերպական խորհրդարանին մէջ, սակայն անոնք մշտապէս մերժուած են: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի պալքանեան ծառայութիւնը:

Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ մէկուկէս միլիոն հայերու ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը այս անգամ ներկայացուցած էր Սերպիոյ նախկին վարչապետ Զորան Զիւգովիչը, որ ներկայիս կը գլխաւորէ «Նոր կուսակցութիւն» քաղաքական ուժը:

Շուրջ 7 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Սերպիան, որ նոյնպէս անցեալ դարասկիզբին կը գտնուէր Օսմանեան կայսրութեան մէջ, սակաւաթիւ հայ համայնք ունեցող երկիրներէն է. տարբեր գնահատականներով` այստեղ կը բնակի մինչեւ 300 հայ:

Հակառակ այդ հանգամանքին, Սերպիոյ նախագահը մէկն էր այն օտարերկրեայ առաջնորդներէն, որոնք 24 ապրիլ 2015-ին, Երեւանի մէջ կը մասնակցէին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներուն: «Չէինք կրնար յանդգնիլ այստեղ չըլլալ, մեզի համար չգալու տարբերակը չկար», Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ յայտարարած էր Սերպիոյ այժմ արդէն նախկին նախագահ Տոմիսլաւ Նիքոլիչ: «Ինչպէ՞ս կրնանք մենք այսօր այստեղ չըլլալ եւ ինչպէ՞ս կրնանք դաւաճանել միլիոնաւոր զոհերու յիշատակին, ինչպէ՞ս չճանչնանք ճշմարտութիւնը, ինչպէ՞ս չսորվինք ճշմարտութեան այն դասերը, որոնք մարդկութիւնը դասաւանդած եւ աւանդած է շատոնց», ըսած էր ան:

Ինչո՞ւ սերպական խորհրդարանը կը խուսափի պաշտօնապէս իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանչնալէ 1915-ի իրադարձութիւնները: Նախկին Եուկոսլաւիոյ արտաքին գործոց նախարարի նախկին օգնական Ալեքսանտրա Եոսքիմովիչի կարծիքով` Սերպիոյ համար կանուխ է նման հարցերով զբաղիլը: «Սերպիան աւելի հրատապ հարցեր ունի կարգաւորելիք, նախ եւ առաջ` Եւրոպական Միութեան ապագայ անդամակցութեան հետ կապուած», ըսած է սերպ դիւանագէտը:

 

Նախորդը

Պատերազմի Պարագային` Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութիւնը Արցախին Ռազմական Օգնութիւն Պիտի Չցուցաբերէ

Յաջորդը

Հայկական Հարցերով Յանձնախումբը Քոնկրեսին Կոչ Ուղղած Է Արցախին Եւ Հայաստանին Տրամադրելու 70 Միլիոն Տոլարի Օժանդակութիւն

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.