Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատերազմի Պարագային` Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութիւնը Արցախին Ռազմական Օգնութիւն Պիտի Չցուցաբերէ

Մարտ 9, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Թերթ» կը հաղորդէ, որ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) միացեալ հրամանատարութեան պետ, զօրավար Անատոլի Սիտորով, պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք ՀԱՊԿ-ն պատերազմական գործողութիւններու ընթացքին կրնա՞յ օգնել Արցախին` ըսաւ, որ Արցախը ՀԱՊԿ անդամ երկիր չէ, եւ կազմակերպութիւնը Ստեփանակերտին ռազմական օգնութիւն չի կրնար ցուցաբերել:

Հարցումը զօրավարին տրուեցաւ «ՀԱՊԿ անդամ պետութիւններու ռազմական անվտանգութեան հիմնական սպառնալիքները» նիւթով Մոսկուա-Երեւան-Ասթանա-Պիշքեկ-Մինսք տեսակամուրջին ընթացքին:

«Նախ եւ առաջ կ՛ուզեմ ըսել, թէ Լեռնային Ղարաբաղը կամ Արցախը ՀԱՊԿ անդամ երկիր չի նկատուիր: Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը նկատուի ՀԱՊԿ անդամ, հետեւաբար, բոլոր այն փաստաթուղթերը, որոշումները եւ համաձայնութիւնները, որոնք կը գոյանան կազմակերպութեան շրջանակներուն մէջ, անմիջականօրէն կը վերաբերին Հայաստանի Հանրապետութեան: ՀԱՊԿ-ը Երեւանի նկատմամբ ունի յստակ պարտաւորութիւններ», ըսաւ զօրավար Սիտորով` աւելցնելով, որ Հայաստանի քաղաքացիները պէտք է վստահ ըլլան, որ սպառնալիքի պարագային ՀԱՊԿ-ը զիրենք վտանգի մէջ չի թողուր:

Անդրադառնալով Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի այն յայտարարութեան, թէ Երեւանը պիտի գրաւեն, Անատոլի Սիտորով նշեց, որ պէտք է յոյս ունենալ, թէ կան կազմակերպութիւններ, մարմիններ, որոնք թոյլ չեն տար, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները այնքան լարուին, որ «իրարմէ մայրաքաղաքներ խլեն»:

Անդրադառնալով Ազրպէյճանին Ռուսիոյ կողմէ տրամադրուած սպառազինութեան վաճառքի նիւթին` զօրավարը նշեց, որ եթէ Ազրպէյճան Ռուսիայէն զէնք չգնէ, այլ երկրէ կը գնէ:

«Բայց կը կարծեմ, որ Ռուսիոյ ղեկավարութիւնը պատահականօրէն չի տար այդ որոշումները: Գիտեմ, որ այս հարցը շատ ցաւոտ կերպով կ՛ընկալուի Հայաստանի մէջ, բայց պէտք է հասկնալ, որ Ազրպէյճանը, այսպէս թէ այնպէս, պիտի իրագործէ իր նպատակը: Այդ պատճառով ալ, պէտք չէ Ռուսիոյ այս քայլը այդքան հիւանդագին կերպով ընդունիլ, մանաւանդ որ Ռուսիա այդ ուղղութեամբ կ՛օգնէ նաեւ Հայաստանին», ըսաւ զօրավարը:

Նշենք, որ Հաւաքական անվտանգութեան մասին պայմանագիրի 4-րդ յօդուածը կ՛ըսէ, որ «եթէ անդամ պետութիւններէն որեւէ մէկը ենթարկուի յարձակման` որեւէ պետութեան կամ պետութիւններու խումբի մը կողմէ, անդամ պետութիւններուն կողմէ ատիկա կը նկատուի յարձակում սոյն պայմանագիրի բոլոր մասնակից պետութիւններուն դէմ: Մասնակից պետութիւններէն որեւէ մէկուն դէմ յարձակումի արարքի ի յայտ գալու պարագային, մնացած մասնակից պետութիւնները կը ցուցաբերեն անհրաժեշտ օժանդակութիւն` ներառեալ ռազմական օգնութիւն, նաեւ կը ցուցաբերեն օժանդակութիւն իրենց տրամադրութեան տակ գտնուող միջոցներով` հաւաքական պաշտպանութեան իրաւունքի իրագործման կարգին համապատասխան` համաձայն ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան 51-րդ յօդուածին»:

 

Նախորդը

2018-ի Պետական Ամավարկը Գրեթէ Պատրաստ Է

Յաջորդը

Սերպիոյ Խորհրդարանը Մերժած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Ընդդիմութեան Առաջարկը

RelatedPosts

Միրզոյեան. «Հայաստան-Թուրքիա Երկխօսութիւնը Յառաջիկային Շատ Շօշափելի Արդիւնքներ Պիտի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան. «Հայաստան-Թուրքիա Երկխօսութիւնը Յառաջիկային Շատ Շօշափելի Արդիւնքներ Պիտի Ունենայ»

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ալիեւն Ու Էրտողանը Հրաւիրուած Են` Երեւանի Մէջ Գումարուելիք Վեհաժողովին
Հայկական

Ալիեւն Ու Էրտողանը Հրաւիրուած Են` Երեւանի Մէջ Գումարուելիք Վեհաժողովին

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ազրպէյճան Եւ Վրաստան Պիտի Չմասնակցին Երեւանի Մէջ «Եւրոնեսթ» Խորհրդարանական Վեհաժողովի Լիագումար Նիստին
Հայկական

Ազրպէյճան Եւ Վրաստան Պիտի Չմասնակցին Երեւանի Մէջ «Եւրոնեսթ» Խորհրդարանական Վեհաժողովի Լիագումար Նիստին

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?