Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան մէջ շրջանառութեան մէջ դրուած է Քոնկրեսի Հայկական հարցերով յանձնախումբի նամակը, որ Ներկայացուցիչներու տան արտաքին օժանդակութեան յատկացումներու յանձնախումբի նախագահ Հալ Ռաճըրզին եւ յանձնախումբի անդամ Նիթա Լոուէին կոչ կ՛ուղղէ` 2019 ելեւմտական տարուան մէջ աջակցելու Արցախի եւ Հայաստանի համար 70 միլիոն տոլարի օժանդակութեան թղթածրարին: Այս մասին կը հաղորդէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը:
«Մենք կ՛ուզենք շնորհակալութիւն յայտնել քոնկրեսական Ֆրանք Փալոնին եւ Հայկական հարցերով յանձնախումբի ղեկավար կազմին մէջ անոր գործընկերներուն` Արցախին եւ Հայաստանին ուղղուած օժանդակութեան թղթածրարի հարցին մէջ Ներկայացուցիչներու տան իրենց գործընկերներու աջակցութիւնը խնդրելու համար», ըսած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան:
Հայկական հարցերով յանձնախումբին առաջարկած գումարն ու քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները կը համապատասխանեն անցեալ ամիս Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ արտաքին օժանդակութեան մասին օրէնքի նախագիծի մշակումով զբաղող յանձնախումբին ներկայացուցած նամակով առաջարկուած օժանդակութեան ծաւալներուն:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը 2019-ի ելեւմտական տարուան համար արտաքին օժանդակութեան մասին օրէնքի նախագիծի մշակումով զբաղող յանձնախումբին յղած էր նամակ մը, որուն մէջ կը նշուէր Հայաստանին եւ Արցախին 70 միլիոն տոլար յատկացնելու անհրաժեշտութիւնը:
Յանձնախումբը, մասնաւորաբար, 6 միլիոն տոլար խնդրած է տրամադրել Արցախին` ականազերծման եւ հաշմանդամներու օգնութեան համար, 4 միլիոն տոլար` խաղաղութեան աջակցման համար, ինչպէս նաեւ 30 միլիոն տոլար Հայաստանին` իբրեւ տնտեսական օժանդակութիւն, 10 միլիոն տոլար` իբրեւ ռազմական օժանդակութիւն, 20 միլիոն տոլար` իբրեւ Միջին Արեւելքէն տեղահանուածներու ընդունման համար օգնութիւն: Յանձնախումբը խնդրած է նաեւ զինուորական օժանդակութիւն չտրամադրել Ազրպէյճանին:
Քոնկրեսի Հայկական Հարցերով Յանձնախումբի Անդամները Կարեւոր Կը Նկատեն
Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւններու Ամրապնդումը
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը նոր մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է Հայաստանի Ազգային ժողովի պատուիրակութեան եւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի անդամներու հանդիպումէն: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»:
Հանդիպումին ընթացքին ելոյթ ունեցած է Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահ Ֆրենք Փալոնը, որ ընդգծած է, թէ հանդիպումին ընթացքին շատ հետաքրքրական զրոյց ունեցած են տարբեր նիւթերու, հարկային ոլորտին մէջ համագործակցութեան, Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրին շուրջ: «Մենք խօսած ենք «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» ծրագիրին մասին, որուն միջոցով Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբը կը փորձէ բարելաւել երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները եւ օգնել Հայաստանին ու Արցախին», ըսած է Փալոն:
Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի ներկայացուցիչ Ճեքի Սփիըր մեկնաբանած է հայկական խորհրդարանական պատուիրակութեան հանդիպումը Դեմոկրատական կուսակցութեան առաջնորդ Նենսի Փելոսիի հետ: «Ես անոր ըսի, որ ասիկա նոր Հայաստանն է, Հայաստան, որ անցում կը կատարէ կառավարման խորհրդարանական համակարգին եւ կ՛ուզէ ամրապնդել ժողովրդավարութիւնը: Մենք կ՛ուզենք, որ Հայաստանը նոր յաջողութիւններու հասնի 21-րդ դարուն», նշած է Սփիըր:
Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի նախագահ Տէյվ Թրոտ խօսած է Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ կրկնակի հարկումը բացառելու անհրաժեշտութեան մասին: «Այնպիսի բարեկամի հետ, ինչպէս Հայաստանն է, մենք պէտք է ունենանք ամուր յարաբերութիւններ: Մենք կ՛ուզենք համոզուած ըլլալ, որ վարչակազմը եւ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հասկնան, թէ որքա՛ն կարեւոր են այս յարաբերութիւնները, եւ ամէն ինչ պիտի ընենք ատիկա իրականութիւն դարձնելու համար», ընդգծած է Թրոտ:
Նիւ Եորքը ներկայացնող քոնկրեսական Փոլ Դոնգօ ընդգծած է հայկական համայնքի կարեւոր դերակատարութիւնը իր տարածքին մէջ` նկարագրելով վերջերս հայկական համայնքին կազմակերպած ձեռնարկներէն մէկը, որուն մասնակցած է: «Ես ականատես եղայ, թէ ինչպէ՛ս հայ երեխաները կ՛երգեն հայերէն, եւ անոնք այնքան հպարտ էին: Անոնք իրենց ժառանգութիւնը շատ լաւ կը պահպանեն եւ կը ներկայացնեն: Ասիկա շատ կարեւոր է, քանի որ ես ներգաղթեալի թոռնիկ եմ եւ կը կարծեմ, որ մենք բոլորս հրաւիրուած ենք սեղանի մը շուրջ նստելու այստեղ` Միացեալ Նահանգներու մէջ: Կը կարծեմ, որ մենք այդ սեղանին կը մօտենանք տարբեր մշակոյթներով, աւանդութիւններով եւ հաւատքներով: Մենք ատիկա կ՛ընենք այնպէս, որպէսզի կիսուինք իրարու հետ մեր ժառանգութեամբ` իբրեւ նուէր», նշած է Փոլ Դոնգօ:



