Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը կը մրցի Պէյրութի դէմ:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 20:30-ին:
ՀՄԸՄ իր կարելին պիտի ընէ, որպէսզի յաղթանակ մը արձանագրէ` պարագլուխի դիրքէն չհեռանալու համար:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կը սպասուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը:

PROFOTO
Նշենք, որ երէկ գիշեր տեղի ունեցաւ Սաժես – Ռիատի մրցումը աւարտեցաւ ի նպաստ Ռիատիի, որ առանց համակիրներու տեղի ունեցած այս մրցումին 109-83 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Սաժես մրցումը խաղաց առանց իր օտարականներուն:
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ռիատիէն Ամիր Սըուտ, 40 կէտ (ներառեալ` 9 թրի փոյնթ), մինչ անոր խմբակից Ուաէլ Արաքժի թրիփըլ տապըլ մը իրագործեց (12 կէտ, 11 ռիպաունտ, 18 էսիսթ):