ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Յակոբ Դաւիթեան
Տիար Գէորգ Դաւիթեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յարութ Սիմոնեան եւ զաւակունք
Դաւիթեան եւ Սիմոնեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօր, մեծ հօր, աներհօր եւ հարազատին`
ՕՀԱՆՆԷՍ ԴԱՒԻԹԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 6 մարտ 2018-ին յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` չորեքշաբթի, 7 մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յուղարկաւորութենէն առաջ եւ վերջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն սկսեալ, Սրբոց Քառասնից Մանկանց «Յակոբ եւ Սօսի Չիլինկիրեան» սրահին մէջ մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
—————————————-
ՅԱՏՈՒԿ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ` ԱՌԻ
ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ
ԱՌԻ (Արցախ Ռուց Ինվեսթմընթ) ընկերութեան տարեկան ընդհանուր ժողովին առիթով, այս ուրբաթ, 9 մարտին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, յատուկ հարցազրոյց` ԱՌԻ-ի վարչական խորհուրդի անդամներ Ստեփան Տէր Պետրոսեանի, Մասիս Ալեքսանտրեանի եւ Վահան Գասարճեանի հետ:
—————————————-
Հովանաւորութեամբ Մարաշի հայրենակցական միութեան
«Վանայ Ձայն»-էն ունկնդրեցէք «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրը` կիրակի, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին:
Այս շաբթուան մասնակից վարժարաններն են`
1.- Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան
2.- Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց վարժարան
3.- Հայ աւետարանական քոլեճ
4.- Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան
Յայտագիրը կը պատրաստէ եւ կը ներկայացնէ ՀՈՒՐԻ ՓԱՓԱԶԵԱՆ-ԷՄՄԻԵԱՆ:
—————————————-
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 7 ՄԱՐՏ 2018-ԻՆ
Միջինքի առիթով եւ համաձայն Լիբանանի հայոց թեմին մէջ հաստատուած աւանդութեան, չորեքշաբթի, 7 մարտ 2018-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ Արեւագալի ժամերգութեան պիտի նախագահէ եւ իր հայրապետական պատգամը փոխանցէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ սուրբ աթոռի գահակալ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսը:
Այս առիթով օրուան ժամերգութիւններուն երգեցողութիւնը պիտի կատարեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի սաները:
ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
Առաւօտեան ժամերգութիւն` ժամը 8:30-ին
Արեւագալի ժամերգութիւն` ժամը 9:30-ին
Հայրապետական պատգամ` ժամը 10:00-ին
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ մեր ժողովուրդը ներկայ գտնուելու հոգեպարար արարողութեանց եւ լսելու վեհափառ հայրապետին պատգամը:
ԵՐԹԵՒԵԿ
Դիւրացնելու համար դէպի Ս. Նշան մայր եկեղեցի մեր ժողովուրդին երթեւեկը, առաւօտեան ժամը 8:00-ին հետեւեալ վայրերէն դէպի քաղաք պիտի մեկնին մասնաւոր փոխադրակառքեր.
1.- Ս. Յակոբ եկեղեցի
2.- Ս. Գէորգ եկեղեցի
3.- Ս. Յարութիւն եկեղեցի (Ռըմէյլ)
4.- Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցի
5.- Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի
6.- Ս. Աստուածածին եկեղեցի
7.- Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի
8.- Ս. Սարգիս եկեղեցի
9.- Ֆանար, Լէյլաւան
10.- Ռաուտա
11.- Զալքայի ակումբ
12.- «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» համալիրին դիմաց
13.- Սիմիթեան շէնքեր (Անթիլիաս)
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
—————————————-
ՀՍԿՈՒՄԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Չորեքշաբթի, 7 մարտ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ հսկումի արարողութիւն:
Պիտի նախագահէ եւ պատգամէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ԼԵՒՈՆ ԱԲՂՅ. ԵՂԻԱՅԵԱՆ
Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու եւ ապրելու աղօթքի հոգեթով պահը:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ`
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
—————————————-
ԱՐԵՒԱԳԱԼԻ ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԻՒՆ
ՆՈՐ ՍԻՍԻ ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍ
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Ուրբաթ, 9 մարտ 2018-ին, առաւօտեան ժամը 8:00-ին, Նոր Սիսի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Արեւագալի ժամերգութիւն:
Ժամերգութեան աղօթակից կը դառնայ եւ կը պատգամէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ՀԵԹՈՒՄ ԱԲՂՅ. ՏԱՂԼԵԱՆ
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու հոգեպարար արարողութեան:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
—————————————-
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ
«ԽՕՍՆԱԿ» ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ
ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ
ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ` «ԽՕՍՆԱԿ» ԱՄՍԱԹԵՐԹԻ 60-ԱՄԵԱԿԻՆ
Հովանաւորութեամբ` ՀԲԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻՆ
Նախագահութեամբ` ՏԻԱՐ ԺԵՐԱՐ ԹԻՒՖԷՆՔՃԵԱՆԻՆ
Գխաւոր բանախօս`
ՏԻԿԻՆ ՀՐԱՆՈՒՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
(Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար)
Տեղի կ՛ունենայ երկուշաբթի, 12 մարտ 2018, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ, Տըպպայէ:
- Գեղարուեստական յայտագիր.
- Պարգեւատրում
ԾԱՆՕԹ.- Հանդիսութեան տեւողութիւնը` մէկ ժամ միայն:
ՀՐԱՒԷՐ
—————————————-
ՌԻՉԸՐՏ ԵՒ ԹԻՆԱ ԳԱՐՈԼԱՆ
ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ
Ռիչըրտ եւ Թինա Գարոլան հրատարակչական հիմնադրամի դատակազմը կը յայտնէ, թէ բացուած է 2018-ի համար նոր գործեր ներկայացնելու շրջանը:
Հիմնադրամը կ՛ընդունի սփիւռքահայ երիտասարդ գրողներու գրական թէ ուսումնասիրական որեւէ նոր, անտիպ կամ գիրքի ձեւին տակ ցարդ չհրատարակուած գործեր` դատակազմին կողմէ գնահատուելու եւ ըստ այնմ հրատարակուելու համար:
Գրական, պատմական, բանասիրական, եկեղեցագիտական ու հայ մշակոյթի այլ կալուածները շօշափող հայերէն թէ օտար լեզուներով գրուած գործերը պէտք է դատակազմին ներկայացուած ըլլան ամէնէն ուշը մինչեւ 31 մայիս 2018:
Առաքուած գործերը պէտք է ըլլան ա) մեքենագրուած, բ) երեք օրինակով, գ) խտասալիկի վրայ արձանագրուած: Անոնք պէտք է ներկայացուին A4 թուղթի չափով եւ բաղկանան նուազագոյնը 9 պրակէ (144 էջ):
Դատակազմին կողմէ գնահատուած գործերը կ՛արժանանան հրատարակութեան:
Ռիչըրտ եւ Թինա Գարոլան հրատարակչական հիմնադրամի նախագահն է ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ: Դատակազմի անդամներն են` դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան (ատենապետ), դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան, տեարք Համբիկ Պիլալեան, Սարգիս Նաճարեան եւ օրդ. Գեղանի Էթիեմէզեան:
ԴԻՒԱՆ` Ռ. ԵՒ Թ. ԳԱՐՈԼԱՆ
ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ԴԱՏԱԿԱԶՄԻ
Դատակազմի հասցէն.-
Armenian Catholicosate of Cilicia
P. O. Box 70317
Antelias – Lebanon
E-mail: chancellor@armenianorthodoxchurch.org
ԾԱՆՕԹ.- Դատակազմին ղրկուած գործերը հեղինակին չեն վերադարձուիր:
Դիմողներէն կը խնդրուի յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերել բնագիրի լեզուին եւ ուղղագրութեան:
ԽՆԴՐԱՆՔ.- Կը խնդրուի սփիւռքահայ թերթերէն արտատպել:
—————————————-
ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Անթիլիաս, Մզհեր, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» համալիրին ետեւ, 160 քառ. մեթր, 3 ննջասենեակ, հիւրասենեակ, ճաշասենեակ, 3 բաղնիք, գեղատեսիլ եւ ծովահայեաց դիրք + վերելակ + կառատուն:
Դիմել` հեռ. 03-893732:
—————————————-
ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Ֆանար, ժողովրդային բնակարաններ, 90 քառ. մեթր, 3-րդ յարկ, 2 ննջասենեակ, հիւրասենեակ, 2 բաղնիք, գեղատեսիլ դիրք: Գին` 115000$: Դիմել` հեռ. 70-261160:
—————————————-
ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Ֆանար, ժողովրդային բնակարաններ, 100 քառ. մեթր, 2-րդ յարկ, 2 ննջասենեակ, հիւրասենեակ, 2 բաղնիք, կահաւորուած: Գին` 120.000$: Դիմել` հեռ. 70-261160:
—————————————-
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
«ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»-Ի
ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 3 ՄԱՅԻՍ 2018-ԻՆ
. ԿԸ ԽՆԴՐՈՒԻ ՉԽԱՉԱՁԵՒԵԼ
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
4 ՄԱՅԻՍ 2018
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՂՔԱՏԱԽՆԱՄ ՄԱՐՄԻՆ
ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ
15 ՅՈՒՆԻՍ 2018
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԳԱՅԵԱՆԷ» ՊԱՐԻ ԴՊՐՈՑ