Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ (Պաուշրիէ) տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի Պէյրութ կիսաւարտականի մրցումը:
Մրցումին յաղթականը եւ աւարտականին հասնողը եղաւ Ռիատի, որ երկրորդ երկարաձգումէն ետք արձանագրեց 88-83 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Աւարտականին, Ռիատի պիտի ճակատի Անդրանիկ Պէյրութի դէմ:
Երէկուան այս մրցումին, ՀՄԸՄ-էն Ելենա Լէօշենքա (նորեկ մարզիկ) նշանակեց 30 կէտ, Էյփրըլ Սայքս` 23, Ռեպեքա Աքըլ` 21, Նաթալի Սվաճեան` 9:
ՀՄԸՄ-ի մեծաթիւ համակիրներ եկած էին դաշտ` քաջալերելու համար իրենց կազմը: