Երէկ գիշեր «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ կատարուեցան երկու ճակատումներ:

Երթին Սպանիոյ մայրաքաղաք Մատրիտի մէջ 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած Փարիզ Սեն Ժերմեն երէկ դարձեալ պարտուեցաւ արքայական ակումբէն` Ռէալ Մատրիտէն, այս անգամ` 2-1 արդիւնքով: Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (52-րդ) եւ Քաեմիրօ (80-րդ) նշանակեցին Ռէալի կոլերը, իսկ Էտինսոն Քաւանի` Սեն Ժերմենի կոլը (80-րդ):
Մրցումին 66-րդ վայրկեանին իր երկրորդ դեղին քարտը ստանալով, ֆրանսական կազմին մարզիկներէն Մարքօ Վերաթթի կարմիր քարտ մը ստացաւ օրուան գերմանացի իրաւարար Ֆելիքս Պրիչէն:
Երկրորդ մրցումը` Լիվըրփուլի եւ Փորթոյի միջեւ, աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով:
Ռէալ Մատրիտի հետ միասին, քառորդ աւարտականի իր տոմսը ապահովեց Լիվըրփուլ, որ երթին 5-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր:
Այսօր Մանչեսթըր Սիթի կը հիւրընկալէ Պալը, իսկ Թոթենհամ` Եուվենթուսը: Երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Երթին Մանչեսթըր Սիթի արձանագրեց 4-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, մինչ միւս մրցումը աւարտեցաւ 2-2 արդիւնքով:


