Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաթալոնիոյ Անկախութեան Հանրաքուէի Լոյսին Տակ. Քասթիլիոյ Եւ Արակոնի Միաւորումով` Սպանիոյ Թագաւորութեան Կազմաւորումը Եւ Քաթալաններուն Ապստամբութիւնը

March 7, 2018
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Քաթալոնիա Արակոնի գահին ենթարկուած էր, եւ քաթալաններ ապստամբական վիճակի մէջ էին: Քաթալան հողերը կռուախնձորի վերածուած էին, եւ ֆրանսական բանակը մտած էր Ռուսիյոն ու Սերտանյը:

Ֆերնանտօ Բ. թագաւոր եւ Իզապէլ թագուհի

Արակոնի Խուան Բ. թագաւորի որդին` Ֆերնանտօ 1469-ին ամուսնացած էր Քասթիլիոյ Էնրիքէ Դ. թագաւորին քրոջ` Իզապէլի հետ. երիտասարդ զոյգին նշանաբանն էր` «Թանթօ մոնթա, մոնթա թանթօ, Իզապէլ քոմօ Ֆերնանտօ», այսինքն անոնք այր ու կին իրաւահաւասար են: Ֆերնանտօ Քասթիլիոյ թագաւոր պիտի ըլլար երբ Իզապէլ յաջորդէր եղբօրը: Էնրիքէ Դ. մահացաւ 1474-ին եւ Իզապէլ Քասթիլիոյ թագուհի թագադրուեցաւ:

Ֆերնանտօ 1479-ին յաջորդեց հօրը, որմէ ետք Քասթիլիոյ եւ Արակոնի գահերը միացան: Միացեալ թագաւորութիւնը կոչուեցաւ Սպանիա (Էսփանիա), հին Հիսփանիա անուան հիմամբ: Աւատական կարգ մը տիրոյթներ չմիացան իբրեւ պետական ու քաղաքական մէկ միաւոր, բայց խմբուեցան նոյն գահին շուրջ: Արակոն եւ Քասթիլիա պահեցին իրենց ուրոյն տարածքները, աւանդական հաստատութիւնները, խորհրդարանները եւ օրէնքները:

Քրիստոնեայ բանակը, երկար պաշարումէ ետք 1492-ին Կրանատան ազատագրեց իսլամներէն: Մաւրերը վերջնականապէս նուաճուեցան եւ իսլամներէն Սպանիոյ վերանուաճումը` Ռեքոնքիսթան իր յաղթական աւարտին հասաւ: Սպանիա մնացած իսլամներուն պարտադրուեցաւ քրիստոնեայ դառնալ: Նոյն ժամանակ, 1492-ին վտարուեցան հրեաները, իսկ 1502-ին` քրիստոնէութիւնը չընդունած մաւրերը:

Ամերիկա յայտնաբերուեցաւ 1492-ին, որմէ ետք Սպանիա գրաւեց Կեդրոնական եւ Հարաւային Ամերիկայի անծայրածիր տարածութիւնները:

Արակոնի քորթէսը Սարակոսայի մէջ, իսկ Վալենսիոյ ու Քաթալոնիոյ քորթէսները` Պարսելոնայի մէջ 1502-ին ժողովներ գումարեցին եւ Ֆերնանտոյի դուստր Խուանան գահին ժառանգորդ հռչակեցին, բայց Սարակոսայի արքեպիսկոպոս Ալոնսօ տէ Արակոն մերժեց ընդունիլ որոշումը:

Իզապէլ թագուհի մահացաւ 1504-ին, որմէ ետք Ֆերնանտօ ժառանգեց անոր իրաւասութիւնները իբրեւ Արակոնի եւ Քասթիլիոյ թագաւոր:

Հռոմէական Սրբազան կայսրութեան Մաքսիմիլիան Ա. կայսեր որդին` արհիադուքս Ֆիլիփ, որ Խունայի հետ ամուսնացած էր, զոքանչին` Իզապէլի մահէն ետք Քասթիլիոյ թագաւոր հռչակուեցաւ, բայց մահացաւ 1506-ին:

Ֆերնանտօ թագաւոր մահացաւ 1516-ին, որմէ ետք Ֆիլիփի եւ Խուանայի որդի Քարլոս Սպանիոյ թագաւոր հռչակուեցաւ իբրեւ Քարլոս Ա.: Մեծ հօր` Մաքսիմիլիան Ա.ի մահէն ետք, 1519-ին ան Հռոմէական Սրբազան կայսրութեան կայսր հռչակուեցաւ իբրեւ Քարլ Ա.: Այսպիսով Սպանիոյ գահին տիրացաւ Հապսպուրկներու տունը:

Սպանական թագաւորութեան կազմին մէջ, Քաթալոնիոյ տեղական առանձնայատկութիւնները ջնջուեցան:

Սպանիա զգալիօրէն ընդարձակեց իր տիրոյթները Եւրոպայի մէջ. Նափոլիի եւ Սիկիլիոյ թագաւորութիւնը 1504-ին միացուեցաւ Սպանիոյ: 1494-1559-ի իտալական պատերազմին պատճառով կեդրոնական Իտալիայէն շատ մը շրջաններ ինկան սպանական տիրապետութեան տակ: Հոլանտա եւս միացուեցաւ Սպանիոյ:

Ամերիկայի գաղթավայրերէն թանկարժէք մետաղի եւ այլեւայլ բարիքներու հոսքը խթան հանդիսացաւ Սպանիոյ տնտեսութեան բարգաւաճման: Տնտեսապէս եւ մշակութային գետնի վրայ Սպանիա ապրեցաւ իր ոսկեդարը: Ֆելիփէ Բ. թագաւորին ժամանակ (1565-1573), 1565-ին Ֆիլիփինեան կղզիները միացուեցան Սպանիոյ, իսկ 1580-ին անոր կցուեցաւ Փորթուգալ: Սպանիա առաջին կայսրութիւնը եղաւ, որուն համար կ՛ըսուէր որ անոր վրայ արեւը մայր չի մտներ:

Անգլիոյ դէմ պատերազմներուն, 1588-ին Անյաղթ արմատայի կործանումով Սպանիա կորսնցուց ծովային գերակշռութիւնը:

***

Համաեւրոպական Երեսնամեայ պատերազմը սկսաւ 1618-ին, բողոքական եւ կաթոլիկ պետութիւններուն միջեւ: Իսկ 1635-ին պատերազմական գործողութիւններ սկսան Ֆրանսայի եւ Սպանիոյ միջեւ, երբ կարտինալ Ռիշելիէօ պատերազմ հռչակեց Սպանիոյ դէմ, որովհետեւ Ֆրանսա Հապսպուրկներու տիրոյթներով շրջապատուած էր:

Քաթալաններ քասթիլիական զօրքերուն հետ մասնակցեցան պատերազմին, մանաւանդ որ Քաթալոնիոյ սահմանամերձ շրջանները պատերազմական գործողութիւններու թատերաբեմ էին:

Ֆելիփէ Դ.ի սպանական բանակը վերակազմուեցաւ Օլիվարէսի դուքս Գասպար տէ Կուսմանի կողմէ: «Ունիոն տէ արմաս», բանակներու միացում որոշումին համաձայն թագաւորական բանակը բաղկացած պիտի ըլլար 140 հազար զինուորէ. Քասթիլիա պիտի տար 44 հազար զինուոր, Սպանական Հոլանտան` 12 հազար, Արակոն` 10 հազար, Վալենսիա` 6 հազար, Քաթալոնիա` 16 հազար, Փորթուգալ` 16 հազար, Նափոլի` 16 հազար, Սիկիլիա` 6 հազար, Միլանոյի դքսութիւն` 8 հազար եւ Միջերկրականեան ու Ատլանտեան կղզիներ` 6 հազար:

Բանակներու միացման ծրագիրը մեկնակէտ ծառայեց քաթալաններու ըմբոստութեան եւ չգործադրուեցաւ:

Քաթալան գիւղացիները, որոնք պարտադրաբար զինուորագրուած էին քասթիլիական բանակին, հակադարձեցին:

Քաթալաններու ապստամբութիւնը 7 յունիս 1640-ին

Պարսելոնայի մէջ, 7 յունիս 1640-ին, Քորփուս Քրիսթիի (Քրիստոսի մարմինը) տօնին, քաթալաններ «Երկար ապրի Քրիստոսի տօնը», «Երկար ապրի հայրենիքը, մահ գէշ կառավարութեան» կարգախօսերով շքերթ կազմակերպեցին եւ զէնք բարձրացուցին: Կառավարական հաստատութիւնները յարձակման ենթարկուեցան: Քաթալոնիոյ փոխարքայ Տալմաու տէ Գերալթ, Սանթա Քոլոմպայի կոմսը, սպաննուեցաւ ըմբոստներուն կողմէ. ան քաթալան հին ազնուականութեան ներկայացուցիչներէն էր: Նոյն օրը պետական այլ դէմքեր ալ սպաննուեցան: Քորփուս Քրիսթիի այդ տօնը պատմութեան մէջ արձանագրուած է իբրեւ արիւնահեղ Քորփուս (քաթալաներէն` Քորփուս տէ սանկ):

Քաթալաններ զինուած ջոկատներ կազմեցին, որոնք կոչուեցան միքելէթ (միլիս)` Միքէլ տէ Փրաթսի անունով: Փրաթս գնդապետ եղած էր եւ ծառայած Վալենթինուայի դուքս Սեզարէ Պորճիայի (1475-1507):

Միքելէթները կազմակերպուեցան եկեղեցական ժողովրդապետութիւններու հիմամբ. իւրաքանչիւր ժողովրդապետութիւն, գիւղ կամ թաղ իր միքելէթներու խմբակը ունեցաւ: Երբ եկեղեցւոյ զանգերը ուժգին եւ երկար ղօղանջէին, իբրեւ ազդանշան պիտի հաւաքուէին:

Ապստամբութիւնը անակնկալի բերաւ Օլիվարէսը, մինչ ան սահմանամերձ շրջաններուն մէջ զբաղած էր պատերազմական գործերով:

Ապստամբ քաթալաններ Փաու Քլարիսը ղեկավար հռչակեցին: Քլարիս Պարսելոնայի դատաւորներու ընտանիքէ էր, քաթալան քորթէսին մէջ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը եղած էր, մեծ հեղինակութիւն կը վայելէր եւ սպանական գահին հետ հակադրութեան մէջ էր:

Փաու Քլարիս

Փաու Քլարիս բանակցութեան մէջ մտաւ Ֆրանսայի հետ եւ զինուորական օժանդակութիւն խնդրեց, հաստատելով որ քաթալաններու ապստամբութիւնը Ֆրանսայի վրայ քասթիլիական բանակին ճնշումը պիտի թեթեւցնէր: Կողմերուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ, որուն հիմամբ Քաթալոնիա Սպանիայէն պիտի անջատուէր եւ անկախ հանրապետութիւն պիտի դառնար Ֆրանսայի թագաւորի հովանիին տակ:

Քաթալան մեքելէթներու ջոկատները ազատագրուած տարածքներ հաստատեցին եւ միաժամանակ ժողովուրդէն սկսան դրամ հաւաքել զինուորական ծախսերուն համար:

Սպանական 26 հազար հոգինոց բանակ մը 24 նոյեմբեր 1640-ին Լոս Վելէսի մարքիզ Փետրօ Ֆախարտոյի հրամանատարութեան տակ ներխուժեց Քաթալոնիա եւ արագօրէն սկսաւ յառաջանալ, նուաճելով գիւղերն ու աւանները:

Սպանական բանակը դեկտեմբեր 8-ին հասաւ Քամպրրիլս, ուր ուժեղ դիմադրութեան հանդիպելով կանգ առին: Քաթալաններ հակայարձակման անցան եւ դեկտեմբեր 13-էն 16 արիւնահեղ գօտեմարտեր մղուեցան: Սպանական բանակի յարաճուն գրոհներուն առջեւ քաթալաններուն դիմադրութիւնը տկարացաւ: Սպանական բանակը մտաւ Քամպրիլս: Շուրջ եօթը հարիւր քաթալաններ անձնատուր եղան, բայց սուրի քաշուեցան, իսկ մարտական երեք պատասխանատուներ հրապարակաւ մահապատիժի ենթարկուեցան: Յաջորդ օր եւս շարք մը անձեր կախաղան բարձրացան:

Դեկտեմբեր 23-ին Փաու Քլարիս Սպանիոյ դէմ պատերազմ հռչակեց: Սպանական բանակը յաղթական սկսաւ յառաջանալ դէպի Թորթոսա, Թարրական եւ Մարթորէլ: Թարրաոնա ինկաւ դեկտեմբեր 24-ին: Քաթալաններ նեղ կացութեան մատնուեցան, իսկ Պարսելոնա զինուորական ճնշումի տակ առնուեցաւ:

Ստեղծուած կացութեան առջեւ, ժողովուրդին կորովը բարձրացնելու եւ մնացեալ շրջանները փրկելու փորձով մը, ինչպէս նաեւ ֆրանսական զինուորական միջամտութեան մը վրայ յոյս դնելով, Փաու Քլարիս 17 յունուար 1641-ին Քաթալոնիոյ հանրապետութիւնը հռչակեց եւ պատգամ մը յղեց ֆրանսացի Լուի ԺԳ. թագաւորին: Իր կարգին, Լուի ԺԳ. Պարսելոնայի կոմսի տիտղոս շնորհեց Քլարիսի:

Քաթալաններ յունուար 23-ին խունթա կեներալ տէ պրասոս անունով զինուորական մարմին մը կազմեցին: Խունթան ստանձնեց քաթալան ապստամբ շրջաններուն իշխանութիւնը:

Մոնթուիքի ճակատամարտը

Սպանական ուժերը 26 յունուար 1641-ին մեծ յարձակողական մը շղթայազերծեցին Պարսելոնայի Մոնթուիք բարձունքին վրայ: Քաթալան ուժերը կը գտնուէին Ֆրանսիսք տէ Թամարիթի հրամանատարութեան տակ: Սպանացիք քանի մը յարձակում շղթայազերծեցին գրաւելու համար բարձունքը, բայց չյաջողեցան. յետոյ քաթալանները հակայարձակումի անցան. սպանացի մեծաթիւ զինուորներ սպաննուեցան, իսկ մնացեալները ծովափի ճամբով նահանջեցին դէպի Թարրակոնա: Պատերազմի դաշտին վրայ ինկաւ Թիրոնի կոմս Ճոն Օ՛Նէյլ, որ սպանական բանակին մէջ կը ծառայէր եւ իրլանտական գումարտակին հրամանատարն էր:

Իբրեւ հակադարձութիւն, սպանական ուժերը հարիւրաւոր քաթալաններ բռնեցին եւ սուրի քաշեցին:

Մոնթուիքի յաղթանակէն ետք Փաու Քլարիս հիւանդացաւ եւ 27 փետրուար 1641-ի գիշերը վերջին հաղորդութիւնը առնելէ ետք մահացաւ:

***

Քաթալաններու ապստամբութիւնը անհակակշռելի դարձած էր: Միաժամանակ հակադրութիւններ կային ազնուականութեան եւ գիւղացիութեան միջեւ: Գիւղացիք ապստամբութեան դրօշ պարզած էին միաժամանակ թէ՛ Հապսպուրկներուն եւ թէ ազնուականութեան դէմ: Իր կարգին ազնուականութիւնը Ֆրանսայի արքունիքին նեցուկը ապահոված էր:

Քլարիսի մահէն ետք ապստամբներու շարքերէն ներս անիշխանական վիճակ ստեղծուեցաւ: Եկեղեցականութիւնը եւ փոքր ազնուականները միջամտեցին եւ Ֆրանսայի Լուի ԺԳ. թագաւորը Պարսելոնայի կոմս հռչակեցին, իբրեւ Քաթալոնիոյ Լուիս Ա.:

Քաթալաններ իրենք զիրենք Ֆրանսայի վասալ հռչակեցին: Ֆրանսայի ազդեցութիւնը զօրացաւ քաղաքական եւ վարչական դիրքերուն վրայ:

Ֆրանսական եւ քաթալան բանակ մը, Ֆիլիփ տը լա Մոթ-Հուտանքուրի հրամանատարութեան տակ Քաթալոնիա մտաւ եւ շարք մը յաղթական կռիւներ մղեց սպանական բանակին դէմ, պաշարեց Թարրակոնան, Լէիտան եւ Թորթոսան, բայց չյաջողեցաւ գրաւել զանոնք եւ քաշուեցաւ:

Սպանական բանակը 1651 յուլիսին պաշարեց Պարսելոնան:

***

Հիւսիսի մէջ կացութիւնը տարբեր էր: Փերփինիան 4 նոյեմբեր 1641-ին պաշարուեցաւ ֆրանսական բանակին կողմէ: Լուի ԺԳ. 1642-ի գարնան հասաւ Փերփինիան, ղեկավարելու պատերազմը, բայց առանց յատկանշական յաղթանակ արձանագրելու վերադարձաւ Փարիզ:

Սպանական բանակը երկու անգամ փորձեց ճեղքել Փերփինիանի պաշարումը, բայց չյաջողեցաւ:

Ֆրանսական եւ քաթալան զօրագունդ մը հասաւ Մոնթմելօ, Պարսելոնայի մօտակայքը, ուր 25 մարտ 1642-ին տեղի ունեցած ճակատամարտին պարտութեան մատնեց սպանական բանակը:

Ֆրանսական ծովուժը, Ֆրոնսաքի դուքս Ժան Արման տը Մէյյէ-Պրեզէի հրամանատարութեան տակ 29 յունիս 1642-ին սկսաւ կեդրոնանալ Պարսելոնայի ծովափին: Նոյն ժամերուն հասաւ սպանական նաւատորմը` Սիտատ Ռէալի դուքս Ալոնսօ Իտիաքէսի հրամանատարութեան տակ:

Նաւամարտը սկսաւ յետմիջօրէին. սպանական նաւատորմը յարձակման անցաւ եւ փորձեց կործանել ֆրանսական նաւերը. սկսան կատաղի յարձակումներ, որոնք տեւեցին մինչեւ իրիկուն. ֆրանսացիք կորսնցուցին մէկ նաւ, սպանացիք` երեք:

Յաջորդ օր սպանական նաւատորմը մօտեցաւ Պարսելոնայի եւ յարձակման անցաւ. Մակտալենա եւ այլ փոքր մարտանաւեր գրոհեցին ֆրանսական Կալիոն-տը-Կիզը նաւուն վրայ. ֆրանսացիք կրակ բացին Մակտալենայի ուղղութեամբ, որ հակադարձեց: Նաւամարտը շարունակուեցաւ մինչեւ յուլիս 3. սպանական շարք մը մարտանաւեր վնասուեցան ու նահանջեցին:

Փերփինեանի մէջ պաշարուած սպանական բանակը լրիւ մեկուսացած եւ սովի մատնուած էր. շատ մը զինուորներ սովամահ եղան. քաղաքին մէջ մնացած էր շուրջ 500 զինուոր: Ստեղծուած կացութեան առջեւ Փերփինիանի սպանացի կառավարիչ մարքիզ տէ Ֆլորէս Տաւիլա 9 սեպտեմբեր 1642-ին անձնատուր եղաւ ֆրանսացիներուն:

Փերփինիանի անկումէն ետք բերդին սպանական գումարտակը, նկատի ունենալով որ այլեւս պաշտպանութեան հնարաւորութիւն չէ մնացած, իր կարգին անձնատուր եղաւ: Այսպիսով ամբողջ Ռուսիյոն անցաւ ֆրանսացիներուն ձեռքը:

***

Սպանական պատերազմը կը շարունակուէր հիւսիսային Իտալիոյ` Փիէմոնթէի մէջ: Միլանոյի դքսութիւնը Հռոմէական Սրբազան կայսրութեան մէկ պետութիւնն էր եւ սպանական գահին կապուած: Սպանիոյ թշնամիները` Ֆրանսա եւ Փորթուգալ կը պայքարէին Իտալիոյ մէջ սպանական տիրապետութեան դէմ:

Ֆրանսական եւ փորթուգալական միացեալ նաւատորմը գրաւեց Փիոմպինոն եւ Փորթօ Լոնկոնէն, որմէ ետք Մոտենայի դուքսը միացաւ Ֆրանսայի: Մոտենա նոր խարիսխ մը եղաւ Ֆրանսայի` իտալական թերակղզիին մէջ Սպանիոյ դէմ զինուորական միջամտութեան: Ֆրանսացիք փորձեցին Իտալիոյ մէջ այսպէս կոչուած Սպանական ճամբան կտրել, բայց չյաջողեցան:

Իտալական պատերազմին պատճառով Ֆրանսա չյաջողեցաւ պաշտպանել քաթալանները, եւ անոնց այն եզրակացութեան եկան որ Ֆրանսա սպանացիներուն նման կ՛ուզէ Քաթալոնիան գրաւել եւ զիրենք ճնշել: Հետեւաբար անոնք սկսան Մատրիտի հետ բանակցութեան մտնել, աշխատեցան լեզու գտնել եւ հաւատարմութիւն յայտնեցին Հապսպուրկներու գահին:

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (7 Մարտ 1968)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Ալեքսանտրէթի Սանճագը` Ինքնուրոյն Քաղաքական Միաւոր
Պատմական

Ալեքսանտրէթի Սանճագը` Ինքնուրոյն Քաղաքական Միաւոր

October 28, 2026
Անտիոքի Մեծ Ցոյցը Եւ Դիտորդներու Առաքելութիւնը
Պատմական

Անտիոքի Մեծ Ցոյցը Եւ Դիտորդներու Առաքելութիւնը

October 21, 2026
Թուրք-Ֆրանսական Բանակցութիւններ Եւ Սանճագը Թուրքիոյ Կցելու Առաջին Քայլեր
Պատմական

Թուրք-Ֆրանսական Բանակցութիւններ Եւ Սանճագը Թուրքիոյ Կցելու Առաջին Քայլեր

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.