ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Զոյգերու միջեւ անկարեւոր ու պզտիկ մանրամասնութիւններ մեծ չափերով պիտի դիտուին, եւ խնդիրներ պիտի ստեղծուին:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Քունի պակասը ժխտական ձեւով պիտի ազդէ ձեր աշխատանքին վրայ: Ձեւերը գտէք լաւ քնանալու համար:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Սիրոյ մարզին մէջ նոր նախաձեռնութիւններու պէտք է սկսիք: Ձեզի կը մնայ կարգադրութիւններ ընել:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Թոյլ մի՛ տաք, որ ընտանիքին կեանքը հանգիստ պահելէ ետք խանգարուի: Յետոյ կրնաք զղջալ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր թոռնիկները կամ զաւակները կրնան ձեր օգնութեան պէտքը զգալ` դասի, նուագարանի կամ մարզանքի փորձերու համար:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ուշադրութի՛ւն, նիւթական նեղութեան մէջ էք: Մինչեւ ամսուան վերջը խնայողութիւն ըրէք եւ ուշադրութեամբ ծախսեցէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ընդունեցէք, որ ամէն ինչ չէք կրնար ընել: Ձեր շուրջիններուն ուրախութիւնը վստահաբար ձեզմէ կախեալ է:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ազատ ժամեր կը պակսին կատարելու համար այն, ինչ որ կը փափաքիք: Պէտք է կատարէք ընտրութիւն, եթէ նոյնիսկ անիկա հակառակ է ձեր կամքին:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Դժուար հարցի մը դիմաց կը գտնուիք: Դիւրութեամբ ընդունեցէք հարցերը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր հոգերով շատ տարուած էք: Ձեր շրջապատը սովորաբար հասկցողներ են: Զանոնք մտիկ ըրէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Զանազան տեղեր պիտի այցելէք աճապարանքով եւ ամէն կողմ պատմելիք ունիք: Գիտցէք ուրիշները մտիկ ընել:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Մի՛ վստահիք ձեր չունեցած դրամին: Աւելորդ ծախսեր կատարել մի՛ փափաքիք: Ձեր ոտքերը երկարեցէք ձեր վերմակին չափով: