ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Տան մէջ բանտարկուիլը ո՛չ մէկ բանի կը ծառայէ: Դուրս ելէք եւ բարեկամներու հանդիպեցէք: Նորութիւններ տեսէք, որպէսզի ձեր տրամադրութիւնը բարձրանայ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Երիտասարդներուն եւ ծնողներուն փոխյարաբերութիւնները շատ ալ հեզասահ չեն: Ծնողներ պէտք է հասկնան իրենց զաւակներուն փափաքները, որպէսզի փոխադարձ յարգանք ստանան:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Անոնք, որոնք մշակոյթով չեն հետաքրքրուիր, պէտք է որ իրենց պատեանէն դուրս ելլեն, որպէսզի տեսնեն, թէ առօրեայ կեանքէն դուրս տարբեր կեանք մը կայ, որ զիրենք կրնայ հետաքրքրել:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Այսօր պահը շատ յարմար է ձեր տան համար զարդարանքներ գնելու: Առանց մսխումի` դուք պիտի կարենաք լաւագոյնը գնել եւ ձեր տան ձեւը բոլորովին փոխել:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Միշտ հետամուտ էք սորվելու եւ չէք գոհանար, այս ձեւով ձեր գիտութիւնը կը զարգացնէք բոլոր մարզերու մէջ եւ գոհունակութիւն մը կ՛ունենաք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Օրը օգտագործեցէք եւ հանգստացէք, նոյնպէս` կրնաք ձեր նախասիրած գործերը ընել. մարզանք թատրոն, պտոյտ եւ այլն: Հետաքրքրուեցէք ընկերային կեանքով:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Անշուշտ պտոյտը միշտ լաւ է եւ օգտակար, սակայն մի՛ մոռնաք, որ տան մէջ պատասխանատուութիւններ ունիք: Պէտք է ամէն ինչ դասաւորել, որպէսզի դժուարութեան չմատնուիք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Հակառակ արձակուրդ ունենալու ձեր փափաքին, այսօր կարծէք աւելի պիտի աշխատիք. բայց ի՞նչ ընել, ամէն բան իր ժամանակին պէտք է կատարել:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Աւելի հետաքրքրուեցէք օտար մշակոյթներով: Անոնք շատ բան կրնան սորվեցնել եւ փոխել ձեր կեանքին մէջ: Նման փոփոխութիւններ դաստիարակիչ են եւ ճաշակը կը բարձրացնեն:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ջայլամի քաղաքականութենէ հեռու մնացէք եւ անկեղծօրէն մօտեցէք հարցերուն: Ընկերութեան մէջ տեղ ունենալու համար անկեղծութիւնը շատ կարեւոր է:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Վիճաբանիլը անիմաստ է: Եթէ մօտիկ անձի մը հետ հարց մը ունիք, ուղղակի բացատրութիւն պահանջեցէք, որպէսզի սխալ հասկացողութիւնները վերջ գտնեն:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր աշխատավայրին մէջ ուրիշներուն սխալները ցոյց մի՛ տաք. հեռուէն դիտեցէք եւ պէտք եղած պարագային փափկանկատութեամբ հասկցուցէք: Այս ձեւով զանոնք չէք վիրաւորեր: