ՄԱՀԱԶԴ
Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան ճեմարանի շրջանաւարտներու միութիւնը կը գուժէ իր 1952-ի շրջանաւարտներէն`
ՇԱՔԷ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՔԷՔԷՃԵԱՆ)
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 23 փետրուար 2018-ին:
—————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիար Յարութ Պարտաքճեան (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Տանըլտ եւ Վիքի Պապիկեան եւ զաւակները` Քրիսթել եւ Լեւոն
Տիար Րաֆֆի Պարտաքճեան եւ զաւակները` Սեւանա եւ Սոֆիա (Միացեալ Նահանգներ)
Տիկին Արշօ Եփրեմեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տիկին Շաքէ Մինասեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Նշան եւ Ռիթա Նշանեան եւ զաւակունք (Աւստրալիա)
Տէր եւ տիկին Ռազմիկ եւ Հուրի Եփրեմեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տիկին Վարդանուշ Պարտաքճեան եւ զաւակունք
Եփրեմեան եւ Պարտաքճեան ընտանիքներ
Պապիկեան եւ Հինտոյեան ընտանիքներ
Մինասեան եւ Նշանեան ընտանիքներ
Իքճեան եւ Պութրոս ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, քրոջ, հօրաքրոջ, մօրաքրոջ եւ հարազատին`
ՀԵԼԵՆ ՊԱՐՏԱՔՃԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ԵՓՐԵՄԵԱՆ, 1936-ին)
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 22 փետրուար 2018-ին, իր բնակարանին մէջ, Միացեալ Նահանգներ:
Յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի երեքշաբթի, 6 մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան Church of the Hills (White Church)-ին մէջ, Միացեալ Նահանգներ:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
—————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Սիւզի Երէցեան-Գարաճեան (Ֆրանսա)
Տէր եւ տիկին Կարպիս Գարաճեան եւ զաւակունք (Ֆրանսա)
Տէր եւ տիկին Վաչէ Գարաճեան եւ զաւակը (Ֆրանսա)
Տիար Հրայր Գարաճեան եւ զաւակունք (Ֆրանսա)
Տէր եւ տիկին Փիթր եւ Կրէյս Սամահա եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Հալիմ եւ Նատին Հարմուշ եւ զաւակը
Տիկին Ֆրիտա Ալպեր Սարգիսեան եւ ընտանիք
Գարաճեան եւ Երէցեան ընտանիքներ
Սարգիսեան եւ Թիւթիւնճեան ընտանիքներ
Պզտիկեան եւ Ոսկանեան ընտանիքներ
Մինասեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`
ԺԱՆ ԳԱՐԱՃԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 26 փետրուար 2018-ին, Մարսէյի մէջ, Ֆրանսա:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` ուրբաթ, 2 մարտին, Մարսէյի մէջ:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Հանգուցեալին հոգւոյն հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 4 մարտ 2018-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ հոգեհանգստեան արարողութեան Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ «Կարպիս եւ Արեգ Նազարեան» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:
—————————————-
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 7 ՄԱՐՏ 2018-ԻՆ
Միջինքի առիթով եւ համաձայն Լիբանանի հայոց թեմին մէջ հաստատուած աւանդութեան, չորեքշաբթի, 7 մարտ 2018-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ Արեւագալի ժամերգութեան պիտի նախագահէ եւ իր հայրապետական պատգամը փոխանցէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ սուրբ աթոռի գահակալ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսը:
Այս առիթով օրուան ժամերգութիւններուն երգեցողութիւնը պիտի կատարեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի սաները:
ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
Առաւօտեան ժամերգութիւն` ժամը 8:30-ին
Արեւագալի ժամերգութիւն` ժամը 9:30-ին
Հայրապետական պատգամ` ժամը 10:00-ին
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ մեր ժողովուրդը ներկայ գտնուելու հոգեպարար արարողութեանց եւ լսելու վեհափառ հայրապետին պատգամը:
ԵՐԹԵՒԵԿ
Դիւրացնելու համար դէպի Ս. Նշան մայր եկեղեցի մեր ժողովուրդին երթեւեկը, առաւօտեան ժամը 8:00-ին հետեւեալ վայրերէն դէպի քաղաք պիտի մեկնին մասնաւոր փոխադրակառքեր.
1.- Ս. Յակոբ եկեղեցի
2.- Ս. Գէորգ եկեղեցի
3.- Ս. Յարութիւն եկեղեցի (Ռըմէյլ)
4.- Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցի
5.- Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի
6.- Ս. Աստուածածին եկեղեցի
7.- Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի
8.- Ս. Սարգիս եկեղեցի
9.- Ֆանար, Լէյլաւան
10.- Ռաուտա
11.- Զալքայի ակումբ
12.- «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» համալիրին դիմաց
13.- Սիմիթեան շէնքեր (Անթիլիաս)
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
—————————————-
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՅԱՐՈՒԹ ԳԸՎԸՐԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 4 մարտ 2018-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԱԼԵՔՍԱՆ ԱՒԵՏԻՍ ԳԱՍԱՊԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 4 մարտ 2018-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————-
Հովանաւորութեամբ`
ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
Կազմակերպութեամբ`
Դաստիարակչական յանձնախումբին
ԿԻՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐ
ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ՛
«ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀԱՅ ԿԻՆԸ»
Խօսք կ՛առնէ`
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Հուսկ բանք եւ պահպանիչ`
ՀՈԳՇ. Տ. ՀՐԱՆԴ ՎՐԴ. ԹԱՀԱՆԵԱՆ
Տեղի կ՛ունենայ երկուշաբթի, 5 մարտ 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, 4-րդ յարկ:
Տեղի պիտի ունենայ`
- Գեղարուեստական յայտագիր
- Հիւրասիրութիւն
ՀՐԱՒԷՐ
—————————————-
Կազմակերպութեամբ
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան
Գործակցութեամբ Համազգայինի հրատարակչատան
Ճարտարապետութեան դոկտոր, փրոֆեսէօր
ԱՇՈՏ ՀԱՅԿԱԶՈՒՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
Կը ներկայացնէ
«ՀԱՅՈՑ ԱԶԳԻՆ ՊԱՐՏԷԶԻ ԳԱՆՁԵՐԸ. ՊԱԼԵԱՆՆԵՐ»
Դասախօսութեան աւարտին տեղի պիտի ունենայ նոյնանուն գիրքի շնորհահանդէսը:
Տեղի կ՛ունենայ չորեքշաբթի, 7 մարտ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ:
ՀՐԱՒԷՐ
—————————————-
ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Առողջապահական Յանձնախումբ
եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնի Նախազգուշական Բաժանմունք
ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ ՇԱՐՔ
Սոյն դասախօսութիւնները տեղի կ՛ունենան չորեքշաբթի օրերը, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, 4-րդ յարկ:
Դասախօսական 4-րդ շարքին հինգերորդը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 21 մարտ 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին:
Նիւթ`
«ՔԻՄԻԱԿԱՆ ԲԱՂԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ՊԱՀԱԾՈՆԵՐՈՒ ՄԷՋ»
Դասախօս`
ՄԱՐԻԱ ԹԷՔԷԵԱՆ
(Սննդագէտ)
—————————————-
ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Անթիլիաս, Մզհեր, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» համալիրին ետեւ, 160 քառ. մեթր, 3 ննջասենեակ, հիւրասենեակ, ճաշասենեակ, 3 բաղնիք, գեղատեսիլ եւ ծովահայեաց դիրք + վերելակ + կառատուն:
Դիմել` հեռ. 03-893732:
—————————————-
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԲԸՄ-ԼԻԲԱՆԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ
ՄԻՋԻՆՔԻ ՃԱՇ
ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 7 ՄԱՐՏ 2018
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
«ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»-Ի
ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 3 ՄԱՅԻՍ 2018-ԻՆ
. ԿԸ ԽՆԴՐՈՒԻ ՉԽԱՉԱՁԵՒԵԼ
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
4 ՄԱՅԻՍ 2018
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԳԱՅԵԱՆԷ» ՊԱՐԻ ԴՊՐՈՑ
25 ԵՒ 26 ՅՈՒՆԻՍ 2018