Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Ըստ գիտական ուսումնասիրութեան մը, մեր մթնոլորտին մէջ գտնուող օզոնի կազի խաւը, որ երկրագունդը կը պաշտպանէ արեւուն վտանգաւոր ճառագայթներէն, աւելի լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի: Սակայն անիկա տակաւին ամբողջովին չէ վերականգնած:
Օզոնի խաւը մեր մթնոլորտին մէջ գետնէն 20-50 քմ բարձր գտնուող խաւն է: Այս խաւը կազմուած է կազով մը` օզոնը: Ան շատ կարեւոր դեր ունի, որովհետեւ բոլոր կենդանի էակները կը պահպանէ մեր առողջութեան համար վնասակար արեւուն վտանգաւոր ճառագայթներէն` անդրմանիշակագոյն ճառագայթներէն: Ան կը կեցնէ այդ ճառագայթները եւ արգելք կ՛ըլլայ, որ անոնք հասնին մինչեւ երկրագունդ: Առանց օզոնի խաւին` այս ճառագայթները մեր մորթը պիտի այրեն եւ ծանր հիւանդութիւններ յառաջացնեն: Օզոնի խաւը կը պահպանէ նաեւ մեր մոլորակը: Եթէ ան անհետանայ, բոյսերը նուազ լաւ պիտի բուսնին, եւ երկրագունդին ջերմաստիճանը պիտի բարձրանայ:
1985-ին մասնագէտները նշմարեցին, որ ան կամաց կամաց կ՛անհետանար Անթարքթիքի երկնքին մէջ, հարաւային բեւեռին վրայ: Այս երեւոյթը կը կոչուի «օզոնի խաւին ծակը»: Ան կը յառաջանայ քլորոֆլուօքարպիւր կոչուած (CFC) կազերուն պատճառով: Այս կազերը կը գործածուէին սառնարաններուն, էր քոնտիշըններու եւ կարգ մը սփրէյներու շինութեան մէջ: Երբ այս կազերը կ՛արձակուին մթնոլորտին մէջ, անոնք կ՛աւելցնեն քլոր կազին քանակը: Այս կազը կը փճացնէ օզոնը: Իսկ երբ օզոնի խաւը կը բարակնայ, շատ աւելի մեծ քանակով վնասակար անդրմանիշակագոյն ճառագայթներ կը հասնին երկրագունդ:
Փրկենք օզոնի խաւը
Երբ գիտնականները անդրադարձան այս երեւոյթի գոյութեան, 197 երկիրներ որոշեցին համաձայնագիր մը ստորագրել CFC կազերու գործածութիւնը արգիլելու համար: Այս համաձայնագիրը ճանչցուած է իբրեւ Մոնրէալի փրոթոգոլը, որ ստորագրուեցաւ 16 սեպտեմբեր 1987-ին:
Երեք տարի ետք այս կազին արտադրութիւնը դադրեցաւ բազմաթիւ երկիրներու մէջ: Անիկա կը փոխարինուի ուրիշ կազերով: Սակայն CFC կազերը ամբողջովին չեն անհետանար: Անոնք շատ երկար կեանք ունին, 50-100 տարի, եւ բազմաթիւ անձեր տակաւին կը շարունակեն գործածել գործիքներ, որոնք կը պարունակեն այդ կազը, ինչպէս` կարգ մը սառնարաններ:
Օզոնի ծակը կ՛անհետանայ
2016-ին գիտնականները լաւ լուր մը կը տարածեն: Ըստ նոր ուսումնասիրութեան մը, 2000 թուականներէն ի վեր օզոնի խաւի ծակին չափը կը պզտիկնայ: 1991-ին ան 26 միլիոն մեթր քառակուսի էր: Այժմ ան միայն 19 միլիոն մեթր քառակուսի է, այսինքն` Միացեալ Նահանգներու երկուքուկէս անգամը: Անիկա հասած է իր ամէնէն փոքր չափին` 1988-էն ի վեր:
Հետեւաբար մենք կրնանք ըսել, որ ան «ապաքինումի» ճամբուն վրայ կը գտնուի: Ըստ գիտնականներուն, պէտք է սպասել 2060-2080 թուականները, որպէսզի ծակը ամբողջովին անհետանայ:
Չշփոթենք
… Օզոնի խաւ եւ ջերմանոցային ազդեցութիւն:
Երբ մենք կը խօսինք կլիմայի տաքնալուն մասին, յաճախ յառաջ կու գան երկու հարցեր. ջերմանոցային ազդեցութեան եւ օզոնի խաւի ծակին աճը: Այս երկու երեւոյթները տեղի կ՛ունենան մթնոլորտին մէջ, սակայն պէտք չէ շփոթել անոնց միջեւ:
Ջերմանոցային ազդեցութիւնը կարելիութիւնը կու տայ երկրագունդին արեւուն տաքութիւնը ամբարել: Առանց այս երեւոյթին` երկրագունդին ջերմաստիճանը մօտաւորապէս – 19 կ՛ըլլայ: Ընդհակառակը, երբ այս ազդեցութիւնը շատ է, օդը շատ տաք կ՛ընէ:
Արդ, քանի մը տարիներէ ի վեր այս երեւոյթին մաս կազմող կազին քանակը շատ աւելցած է: Այս պատճառով ալ երկրագունդին վրայ ընդհանրապէս աւելի տաք կ՛ընէ: Այս է գլխաւոր պատճառը երկրագունդի ընդհանուր տաքութեան բարձրացումին: Այս հարցին պատճառով ստորագրուեցաւ Քիոթոյի փրոթոգոլը 1997-ին:
Օզոնի խաւին նուազեցումը մեծ ազդեցութիւն ունի կլիմային վրայ: Սակայն անիկա ամէնէն կարեւոր պատճառը չէ:
Հետաքրքրական
Կատուներու Կղզի՞ն
Եթէ դուն կատուները շատ կը սիրես, հաւանաբար պիտի ուզէիր այցելել Հաուայեան կղզիներուն մաս կազմող Լանա փոքրիկ կղզին: Հոն կը գտնուի կատուներու աշխարհի ամէնէն մեծ ապաստանարանը:
Աշխարհի չորս կողմերէն այցելուներ հոն կ՛երթան իրենց օրը անցընելու համար կեդրոնին 500 կատուներուն հետ: Ապաստանարանին տարածքը 25 հազար քառ. մեթր է, սակայն հոն գոյութիւն չունին վանդակներ: Անիկա դրախտ մըն է կատուներուն համար, որոնք ազատօրէն կը շրջին: Բոլոր անասունները պատրաստ են ստանալու այցելուներու շոյանքները… կամ` որդեգրուելու: Իսկ այն կատուները, որոնք նոր տուն չեն գտներ, կրնան իրենց կեանքը հանդարտօրէն անցընել այդ կեդրոնին մէջ:
Հարցարան
Ճի՞շդ, Թէ՞ Սխալ
1) Ֆինլանտան ճանչցուած է իբրեւ հազարաւոր լիճերու երկիրը:………… Ճ/Ս
2) Լեկոյի խաղը հնարուած է Չինաստանի մէջ:…………….. Ճ/Ս
3) Լէոնարտօ տա Վինչի, Միքելանճելօ եւ Ռաֆայէլ նշանաւոր սպանացի արուեստագէտներ են:…………………. Ճ/Ս
4) Պութան ճանչցուած է իբրեւ Ասիոյ կոլֆի մայրաքաղաքը:…………….. Ճ/Ս
5) Լեռ մագլցող մարզիկները կրնան աշխարհի ամէնէն բարձր ութ գագաթները մագլցիլ Նեփալի մէջ:…………….. Ճ/Ս
6) Հոլանտան աշխարհի ամէնէն շատ ծաղիկ արտածող երկիրն է:…………….. Ճ/Ս
7) Մալթան ճանչցուած է իբրեւ մեծ կարմիր կղզին` իր մայրամուտերուն պատ ճառով:…………….. Ճ/Ս
8) Գնումներու սիրահարները կրնան այցելել Գերմանիոյ մէջ գտնուող աշխարհի ամէնէն մեծ գնումներու թաղամասը:…………….. Ճ/Ս
9) Վիեթնամ առաջին երկիրն էր, որ ընտրեց կին մը իբրեւ երկրին նախագահ:…………….. Ճ/Ս
10) Մաորի ժողովուրդը Նոր Զելանտան կը կոչէ Աոթէարոա, որ կը նշանակէ «Մեծ ճերմակ ամպի երկիրը»:…………….. Ճ/Ս
11) Ռեկկէ երաժշտութիւնը ծագած է Ժամայքա կղզիին մէջ:…………….. Ճ/Ս
12) Ափրիկէի ջուրերուն մէջ գտնուող Քոմորոս կղզիները ճանչցուած են իբրեւ անուշահոտ կղզիները:…………….. Ճ/Ս
13) Ճափոնը աշխարհի ամէնէն մեծ թիւով հրաբուխներ ունեցող երկիրն է:…………….. Ճ/Ս
14) Պրազիլ կոչուող երկիրը իր անունը ստացած է ծառէ մը:…………….. Ճ/Ս
15) Պրազիլ Փորթուգալէն աւելի փորթուգալերէն խօսող բնակիչ ունի:…………….. Ճ/Ս
Պատասխանները՝ վերջաւորութեան
Ժամանց



Պատասխաններ
1) Ճիշդ: Ֆինլանտա ունի աւելի քան 100 հազար լիճ: 2) Սխալ: Ան հնարուած է Դանիոյ մէջ: 3) Սխալ: Անոնք իտալացի են: 4) Սխալ: Իր հարիւրաւոր կոլֆի դաշտերով Թայլանտն է, որ այդ տիտղոսը կրնայ ստանալ: 5) Ճիշդ: Անոնցմէ ամէնէն նշանաւոր երկուքն են` Էվէրէսթ եւ Աննափուրնա: 6) Ճիշդ: Հոլանտա ճանչցուած է յատկապէս կակաչներով: 7) Սխալ: Մատակասքարը ճանչցուած է իբրեւ մեծ կարմիր կղզին` իր հողին պատճառով: 8: Սխալ: Իր մօտաւորապէս 6,4 քմ երկարութեամբ Չինաստանի մէջ գտնուող Նանժինկ Ռոտ փողոցն է, որ ամէնէն մեծ գնումի կեդրոնն է: 9: Սխալ: Այսլենտ առաջին կին նախագահ ընտրող երկիրն էր 1980-ին: 10) Ճիշդ: Աոթէարոա մաորիներու լեզուով Նոր Զելանտայի անունն է: 11) Ճիշդ: Պոպ Մարլի Ժամայքայէն նշանաւոր ռեկկէ երաժիշտ-երգիչ մըն էր: 12) Ճիշդ: Քոմորոս կ՛արտադրէ աշխարհի ամէնէն մեծ քանակութեամբ իլինկ-իլանկ ծաղիկի իւղը, որ կը գործածուի անուշահոտերու պատրաստութեան մէջ: 13) Սխալ: Այդ տիտղոսը կը պատկանի Ինտոնեզիոյ, ուր կը գտնուին նուազագոյնը 400 հրաբուխներ, որոնցմէ 130-ը տակաւին գործօն են: 14) Ճիշդ: Անոր անունը կը ծագի պրազիլուուտ կոչուած ծառէն: 15) Ճիշդ: Փորթուգալերէնը պաշտօնական լեզուն է Պրազիլի, որ ունի 195 միլիոն բնակիչ, մինչ Փորթուգալ ունի միայն 10 միլիոն բնակիչ:











