ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Քաթալոնիոյ եւ Արակոնի միացեալ թագաւորութեան գահակալ Մարթին լ՛Հումայի մահէն ետք, 1410 մարտին, Պարսելոնայի տան իշխանութիւնը վերջ գտաւ, գահի ժառանգութեան հարցով պառակտում եղաւ, Արակոն գերակշռութիւն հաստատեց եւ Քաթալոնիան Արակոնի գահին կցուեցաւ:
Մարթին լ՛Հումայի մահէն ետք ժառանգորդ կը մնար անոր զաւկին` Մարթին Կրտսերի ապօրէն զաւակը` Ֆրետերիք (1401-1438), որ Լունայի կոմսն էր. մայրը` Թարսիա Ռիզզանի սիկիլիցի էր: Ֆրետերիքի ապօրէն խորթ քոյրը` Վիոլանթ (1400-1428) եւս ժառանգորդ ներկայացաւ: Ֆրետերիք եւ Վիոլանթ Պարսելոնայի արքունիքին մէջ մեծցած եւ կրթութիւն ստացած էին եւ Մարիա տէ Լունա թագուհիին հոգատարութիւնը վայելած:
Երկար անորոշութենէ ետք, 1412-ին, Քասփէի համաձայնութեամբ, Մարթին լ՛Հումայի քրոջ` Էլէանորի եւ Քասթիլիոյ Խուան Ա. թագաւորի որդին` Ֆերնանտօ, Արակոնի, Վալենսիոյ, Մայորքայի եւ Սարտինիոյ թագաւոր հռչակուեցաւ եւ Քորսիքայի ու Սիկիլիոյ թագաւորի տիտղոս առաւ: Այսպիսով Արակոնի գահին տիրացաւ քասթիլիական Թրասթամարա տունը: Թրասթամարաները ծագումով ֆրանքներ են, Իվրէայի տոհմէն: Իվրէաները Ժ. դարուն զօրացած էին Իտալիոյ մէջ, ԺԱ.-ԺԲ. դարերուն գերիշխանութիւն հաստատած էին Պուրկունտիի վրայ, Կալիցիա մտած էին 1111-ին, իսկ Քասթիլիոյ եւ Լէոնի վրայ իշխած էին 1126-էն 1369: Քասթիլիոյ, Արակոնի, Նափոլիի եւ Նաւարայի վրայ անոնց հաստատած իշխանութիւնները գոյատեւեցին մինչեւ ԺԶ. դար:
* * *

Ֆերնանտոյի մահէն ետք, 1458-ին, անոր յաջորդեց որդին` Խուան Բ. տէ Արակոն (1398-1479): Խուան 1425-ին Նաւարայի թագաւոր հռչակուած էր, որովհետեւ կինը` Պլանշ, Շարլ Գ. տը Նաւարայի դուստրն էր: Պլանշ մահացաւ 1441-ին, որմէ ետք Նաւարայի գահը պիտի անցնէր անոնց որդիին` Շարլի, բայց Խուան մերժեց յանձնել, որմէ ետք Նաւարայի մէջ կռիւներ սկսան Շարլի կողմնակիցներուն եւ Խուան Բ.ի զօրքերուն միջեւ: Ֆրանսացիք Շարլի կողքին կանգնեցան:
Խուան Բ. երբ Արակոնի թագաւոր հռչակուեցաւ, քաթալաններ առիթը յարմար նկատեցին ձայն բարձրացնելու եւ իրենց իրաւունքները պաշտպանելու: Արդէն կազմուած էր քաթալան սահմանադրականներու համախմբումը, որ պայքար կը մղէր թագաւորական իշխանութեան եւ ազնուականութեան դէմ: Քաթալան եւ արակոնցի բարձր ազնուական տուները գրաւած էին Քաթալոնիոյ բարեբեր հողերը: Գիւղական բնակչութիւնը ճորտի վիճակին մատնուած, տնտեսապէս քայքայուած եւ տկարացած էր:
Քաթալան գիւղացիական ապստամբութիւնը սկսաւ 1462 փետրուարին, Ֆրանսեսք տէ Վերնթալլաթի գլխաւորութեամբ: Վերնթալլաթները փոքր ազնուականներ էին եւ սերունդէ սերունդ իբրեւ զինուոր կը ծառայէին թագաւորական բանակին մէջ:
Ապստամբութեան գլխաւոր օճախներն էին Վիքը (Պարսելոնայէն 69 քիլոմեթր արեւմուտք, կեդրոնական Քաթալոնիա), Էմփորտան (արեւելեան Քաթալոնիա) եւ Էլ Վալլէսը (կեդրոնական ծովահայեաց Քաթալոնիա): Ապստամբներ թագաւորէն պահաջեցին, որ բարեկարգումներ ընէ եւ զսպէ սենիորներուն սանձարձակութիւնները:

Թագաւորական բանակին դէմ բուռն կռիւներէ ետք ապստամբները քաշուեցան դաշտային եւ ծովափնեայ շրջաններէն եւ լեռնային գօտիներուն մէջ ամրացան: Ֆրանսեսք տէ Վերնթալլաթ գիւղացիական փոքրաթիւ ջոկատներէ կազմուած հրոսակախումբեր կազմեց Փիրէնեան լեռներուն վրայ եւ գրաւեց Օլոթ, Քասթելֆոլիթ տէ լա Ռոքա եւ Պանիոլէս լեռնային ամրոցները: Թագաւորական զօրքը մեկուսացած շրջաններէն քաշուեցաւ եւ դաշտային ծովափնեայ գօտիներուն մէջ կեդրոնացաւ:
Ստեղծուած կացութեան առջեւ Խուան Բ. թագաւոր բանակցութեան մէջ մտաւ Ֆրանսայի Լուի ԺԱ. թագաւորին հետ եւ անկէ զինուորական օժանդակութիւն խնդրեց: Երկու թագաւորներուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ, որուն հիմամբ Ֆրանսա զինուորական օժանդակութիւն պիտի տրամադրէր Խուան Բ.ի եւ փոխարէնը, ապստամբութեան ճնշումէն ետք քաթալան կարգ մը գաւառներ Ֆրանսայի պիտի կցուէին:
* * *
Գիւղացիական ապստամբութիւնը երբ ծաւալեցաւ եւ սկսաւ անհակակշռելի դառնալ, քաթալան եւ արակոնցի ազնուականներէն շատեր, մտահոգ` շարժման արագ ընթացքէն, բանակցութեան մէջ մտան ապստամբութեան առաջնորդներուն հետ: Կողմերուն միջեւ բանակցութիւնները սկսաւ Պարսելոնայի մէջ:
Խուան Բ. թագաւոր, մտածելով որ գիւղացիներուն եւ ազնուականներուն միջեւ համաձայնութիւն մը հարուած կը հասցնէ իր հեղինակութեան եւ հակակշիռը կրնայ ձեռքէ ելլել, միջամտեց եւ զօրք իջեցուց:
Թագաւորական բանակը 5 յունիս 1462-ին գրաւեց Պալակուէրը: Ապստամբներ 9 յունիսին թագաւորը ժողովուրդի թշնամի յայտարարեցին եւ սկսան ժողովրդային բանակ կազմակերպել: Խուան Բ.-ի բանակը յարձակման անցաւ Լէիտայի ուղղութեամբ եւ փորձեց պաշարման շղթայի մէջ առնել ապստամբական վիճակի մէջ գտնուող քաղաքը, բայց չյաջողեցաւ: Ժողովրդային շարժումը հետզհետէ ծաւալեցաւ եւ տարածուեցաւ Քաթալոնիոյ բոլոր շրջաններուն մէջ:
Խուան Բ., մտահոգ` ժողովրդային շարժման արագ ծաւալէն, մեծաթիւ զօրքով յարձակման անցաւ Սերվերայի ուղղութեամբ: Ժողովրդային զօրքը կեդրոնացած էր Սերվերայի մօտակայ Ռուպինաթ գիւղին մէջ, ուր յուլիս 21-ին տեղի ունեցաւ վճռական գօտեմարտը: Երկօրեայ բուռն կռիւներէ ետք ժողովրդային բանակը ջախջախուեցաւ եւ ցիր ու ցան եղաւ:
Ռուպինաթի յաղթանակէն ետք թագաւորական բանակը շարժեցաւ դէպի Թարրեկա, ուր տկար դիմադրութեան մը հանդիպեցաւ: Ժողովրդային զօրքերը նեղ կացութեան մատնուեցան եւ նահանջի ճամբան բռնեցին:
Սակայն Խուան Բ.ի գլխաւոր մտահոգութիւնը Պարսելոնան էր, ուր անիշխանութիւն կը տիրէր եւ ժողովրդային դիմադրութեան ուժեր իրենց հակակշիռին տակ առած էին քաղաքը:
Խուան Բ. 1462 սեպտեմբերին միացաւ բանակին եւ անձնապէս առաջնորդեց զօրքը Պարսելոնայի վրայ: Քաղաքը լաւապէս պաշտպանուած էր եւ անոր գրաւումը դիւրին պիտի չըլլար: Խուան Բ. հրամայեց պաշարել քաղաքը:
Քաղաքի շրջափակումէն ետք թագաւորական բանակը երեք ուղղութեամբ յարձակման անցաւ: Պարսելոնացիք բուռն դիմադրութիւն ցուցաբերեցին, բայց պաշարման շղթան հետզհետէ սեղմուեցաւ եւ քաղաքին բնակչութիւնը նեղ կացութեան մատնուեցաւ:
Պաշարուած պարսելոնացիներուն օգնութեան փութալով, Հուկ Ռոկէր հոկտեմբերին նաւատորմի մը գլուխը անցած քալեց Պարսելոնայի վրայ եւ ցամաքահանում կատարեց:
Ժողովրդային զօրքերը թարմ ուժերով համալրուեցան:

Խուան Բ., տեսնելով որ Պարսելոնայի գրաւումը դիւրին պիտի չըլլայ, քակեց պաշարումը եւ որոշեց Թարրակոնան գրաւել:
Թարրակոնայի մէջ ժողովրդային ստուար ուժեր կեդրոնացած էին, որոնք բուռն դիմադրութիւն ցուցաբերեցին, բայց չկրցան երկար դիմանալ թագաւորական բանակի յարաճուն գրոհներուն: Հոկտեմբեր 31-ին Խուան Բ. մտաւ Թարրակոնա:
Ձմեռը վրայ հասաւ եւ քաոսային վիճակ ստեղծուեցաւ: Ամբողջ Քաթալոնիան անիշխանութեան մատնուած էր. շատ շրջաններու մէջ արդէն ամրան բերքահաւաք չէր կատարուած, իսկ աշնան ալ ցանք չէր կատարուած: Ծայր առաւ ահաւոր սով մը եւ շատեր սովամահ եղան:
Արակոնի մէջ եւս ժողովուրդը նեղ կացութեան մատնուեցաւ եւ հացահատիկի պարենաւորման դժուարութիւն ստեղծուեցաւ:
Վալենսիա, Սարտինիա եւ Սիկիլիա զօրավիգ կանգնեցան Խուան Բ.ի: Սիկիլիացիք հացահատիկ եւ դրամ հասցուցին անոր:
Սակայն Խուան Բ. ամէնէն աւելի Քասթիլիոյ զօրակցութեան կարիքը ունէր, եւ կը հաւատար, որ եթէ Քասթիլիա իր կողքին կանգնի, կրնայ ծունկի բերել քաթալան ըմբոստները: Հետեւաբար ան 1463 ապրիլին բանակցութեան մէջ մտաւ Քասթիլիոյ Էնրիքէ Դ. թագաւորին հետ եւ Նաւարայի Էսթելիա աւանը անոր տուաւ: Իր կարգին Էնրիքէ Դ., որ մինչեւ այդ ժամանակ չէզոք դիրք բռնած էր, Խուան Բ.ի կողքին կանգնեցաւ եւ ուժ տրամադրեց անոր
* * *
Քաթալանները անել կացութեան մատնուած էին եւ առանց արտաքին նեցուկի ի վիճակի չէին շարունակելու պայքարը: Հետեւաբար 1463 հոկտեմբերին անոնք Քաթալոնիոյ գահը Քոյմպրայի դուքս Փետրոյին որդիին` Փետրօ Կրտսերի խոստացան: Քոյմպրա, Փորթուգալի մէջ, հզօր դքսութիւն էր: Փետրոյի մօրենական մեծ հայրը Ուրկէլի կոմս Խայմէն էր, որ Պարսելոնայի տան ժառանգորդը կը նկատուէր:
Նոյեմբերին քաթալաններ Ֆրանսայի Լուի ԺԱ. թագաւորին դիմեցին եւ օժանդակութիւն խնդրեցին, բայց դրական պատասխան չստացան: Փետրօ Կրտսեր 1463-1464-ի ձմեռը զօրք եւ նաւատորմ պատրաստեց Քաթալոնիան գրաւելու համար: Ան 1964-ի գարնան նաւատորմին գլուխը անցած ճամբայ ելաւ դէպի Պարսելոնա, ուր ցամաք ելաւ յունիսին:
Քաթալոնիոյ մայրաքաղաքը իր հակակշիռին տակ առնելէ ետք Փետրօ յարձակման անցաւ Սերվերայի վրայ, մօտեցաւ քաղաքին եւ փորձեց պաշարել զայն, բայց չյաջողեցաւ:
Իր կարգին Խուան Բ. հակայարձակման անցաւ, Սերվերայի մէջ զօրք կեդրոնացուց եւ գրաւեց Վիլաֆրանքա տէլ Փենետէսը, Ամփոսթան եւ Թորթոսան:
Խուան Բ.ի եւ Փետրոյի զօրքերուն միջեւ վճռական ճակատամարտը տեղի ունեցաւ 28 փետրուար 1465-ին, Էլս Փրաթս տէյ Ռէյի մէջ: Փետրոյի բանակը հիմնովին ջախջախուեցաւ: Փետրօ փախաւ դէպի Կրանոլիէրս, ուր մահացաւ 1466 յունիսին:
Նուաճուած թորթոսացիք ժամանակ մը շարունակեցին դիմադրութիւնը, բայց յետոյ անձնատուր եղան Խուան Բ.ի: Այնուհետեւ այլ փոքր բնակավայրեր ալ զէնքը վար դրին եւ անձնատուր եղան:
* * *
Ապստամբ քաթալանները նեղ կացութեան մատնուած էին: 30 յուլիս 1466-ին անոնք Անժուի դուքս եւ Փրովանսի կոմս Ռենիէ տ՛Անժուի դիմեցին օգնութեան խնդրանքով, եւ փոխարէնը անոր խոստացան Քաթալոնիոյ թագաւորութիւնը: Ռենիէ իր որդին` Լորէնի դուքս Ժանի հրամայեց իր զօրքով Քաթալոնիա մտնել: Ժան, որ այդ ժամանակ Իտալիա կը գտնուէր, փութաց կատարելու հօր հրահանգը: Ժան իր զօրքով Քաթալոնիա մտաւ եւ առաւ Կիրոնայի իշխան տիտղոսը:
Ռենիէ տ՛Անժու Քաթալոնիոյ եւ Արակոնի Խուան Ա. թագաւորին թոռն էր, անոր դստեր` Եոլանտի որդին: Ռենիէի քոյրը` Մարի տ՛Անժու (1404-1463) 1422-ին ամուսնացած էր ֆրանսացի Շարլ Է. թագաւորին հետ: Միւս կողմէ, Ժանի կինը` Մարի տը Պուրպոն, Պուրպոնի դուքս Շարլ Ա.ի դուստրն էր:
Քաթալոնիա մտնելէն ետք Ժան պաշարեց Կիրոնան, գրաւեց Պանիոլէսը, Էմփորտան եւ 1466 օգոստոսին մտաւ Պարսելոնա: Հոկտեմբերին ան Վիլամաթի մէջ պարտութեան մատնեց Խուան Բ.ի որդիին` իշխան Ֆերնանտոյի բանակը:
Խուան Բ., որ էմփուրիէս կը գտնուէր, ֆրանսական զօրքերու յառաջխաղացքի պայմաններուն տակ Թարրակոնա փախուստ տուաւ: Յետոյ, երբ Ժան, յաղթական կռիւներէ ետք Ֆրանսա վերադարձաւ, Ֆերնանտոյի զօրքը շարժեցաւ դէպի հիւսիս:
Քասթիլիոյ Էնրիքէ Դ. թագաւորին եղբայրը` Ալֆոնսօ 1468-ին մահացաւ, որմէ ետք Խուան Բ. որոշեց որդին` Ֆերնանտոն ամուսնացնել Էնրիքէի խորթ քրոջ` Իզապէլի հետ:
Ֆերնանտօ 1468 սեպտեմբերին գրաւեց Պերկան (ներկայ Պարսելոնայի նահանգին մէջ), որմէ ետք, 19 հոկտեմբեր 1469-ին, Վալիատոլիտի Փալասիօ տէ լոս Վիվերոյի մէջ ամուսնացաւ Իզապէլի հետ:
Լորէնի դուքս Ժան Քաթալոնիա վերադարձաւ 1469-ին եւ գրաւեց Կիրոնան: Ան մահացաւ 16 դեկտեմբեր 1470-ին, Պարսելոնայի մէջ:
Ժան տը Լորէնի մահէն ետք Ռենիէ անոր ապօրէն կրտսեր որդին` Ժանը Պրիէյի կոմս եւ փոխանորդ հռչակեց: 1471-ին ֆրանսական ուժեր կռուի բռնուեցան քաթալաններուն հետ: Կիրոնայի եպիսկոպոս Խուան Մարկարիթ 1471 հոկտեմբերին քաղաքը Ժան տը Պրիէի յանձնեց: Քաթալան այլ քաղաքներ ալ Ժանի յանձնուեցան:
Բայց շատ չանցած Ժան մահացաւ եւ քաթալաններ կորսնցուցին իրենց գլխաւոր աջակիցը: Ռենիէ թէեւ քաթալաններուն կողքին էր, բայց այնքան ալ վստահութիւն չէր վայելեր:
Խուան Բ. թագաւոր 1471-ին յարձակման անցաւ Ալթ Էմփորտա գաւառին վրայ (հիւսիս-արեւելեան Քաթալոնիա) եւ մինչեւ 1472 յունիս գրաւեց ամբողջ շրջանը: Թագաւորը միաժամանակ մեծաթիւ զօրքով յարձակեցաւ Պարսելոնայի վրայ եւ 1471 նոյեմբերին ցամաքէն ու ծովէն պաշարեց քաղաքը: Պարսելոնացիք, ներման խոստում ստանալէ ետք 16 հոկտեմբեր 1472-ին անձնատուր եղան:
* * *
Ռուսիյոնի եւ Սերտանյի քաթալան պարոնները, որոնք Ֆրանսա ապաստան գտած էին, իրենց քաղաքական կեցուածքը փոխեցին եւ Խուան Բ.ի կողքին կանգնելով անոր օժանդակութիւն տրամադրեցին: Տեղական ուժերուն հետ քանի մը գօտեմարտերէ ետք ֆրանսացիք դուրս քշուեցան քաթալան հողերէն: 1 փետրուար 1473-ին Խուան Բ. մտաւ Փերփինեան եւ քաթալան զինուորներէ բաղկացած կայազօրներ հաստատեց Պելկարտը-տիւ-Ռազէի (օսսիթան լեզուով` Պելկարտա), Քոլիուրի եւ Սալսի մէջ:
Քանի մը շաբաթ ետք ֆրանսացիք հակայարձակման անցան: Պատերազմի դաշտ հասան նաեւ քասթիլիական զօրքերը` իշխան Ֆերնանտոյի գլխաւորութեամբ: Ֆրանսական եւ քասթիլիական զօրքերուն միջեւ բուռն կռիւներ մղուեցան:
Խուան Բ. բանակցութեան մտաւ Ֆրանսայի հետ եւ համաձայնութեան եկաւ, որմէ ետք, 17 սեպտեմբեր 1473-ին Փերփինիանի մէջ դաշինք կնքուեցաւ: Խուան Բ. Ֆրանսայի վերադարձուց գրաւուած շրջանները եւ 300 հազար էքիւ ռազմատուգանք վճարելու պարտաւորուեցաւ: Ռուսիյոն եւ Սերտանյը չէզոք գօտիներ պիտի նկատուէին մինչեւ ռազմատուգանքին վճարումը:
Խուան Բ. Պարսելոնա վերադարձաւ, բայց չկրցաւ պէտք եղած գումարը հայթայթել: 1474-ի ամրան Ֆրանսա գրաւեց Ռուսիյոնը եւ 1475-ի մարտին` Փերփինիանը: 1478 հոկտեմբերին երկու նահանգները Ֆրանսայի կցուեցան:
Խուան Բ. թագաւոր մահացաւ 20 յունուար 1479-ին, Պարսելոնայի մէջ:


