Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արդարութիւնը Կը Պահանջէ Ընդունիլ, Որ Լեռնային Ղարաբաղը Երբեք Չվերադառնայ Ազրպէյճանի Կազմ» Կ՛ըսէ Զաթուլին

February 24, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տումայի ԱՊՀ հարցերով, Եւրասիական համարկման եւ հայրենակիցներու հետ կապերու յանձնախումբի առաջին փոխնախագահ, ԱՊՀ երկիրներու հիմնարկի ղեկավար Քոնսթանթին Զաթուլին դէմ կ՛արտայայտուի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի զինուորական ճամբով լուծման: Ան այս մասին յայտնած է «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին` ընդգծելով, որ Հայաստան եւ Ազրպէյճան պէտք է համաձայնութիւն գոյացնեն եւ կատարեն զիջում, որ պիտի ըլլայ իրատեսական եւ ամէնէն կարեւորը` արդար:

«Ես բազմիցս ըսած եմ, թէ արդարութիւնը կը պահանջէ ընդունիլ, որ Լեռնային Ղարաբաղը երբեք չվերադառնայ Ազրպէյճանի կազմ: Ես վերջերս նոյնիսկ խօսած եմ այն մասին, որ իրականութեան մէջ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք Ազրպէյճանը հռչակուեցաւ իբրեւ անկախ պետութիւն, եւ ոչ ոք պատշաճ ուշադրութիւն չդարձուց այն փաստին, որ այդ ժամանակ, փաստացիօրէն, Լեռնային Ղարաբաղի տարածքը իր վերահսկողութեան տակ չէր, այսինքն` անիկա տէ ֆաքթօ չէր ղեկավարուեր Պաքուէն: Ատիկա ուշադրութեան չարժանացաւ Պաքուի մէջ, ինչ որ այժմ կ՛արտօնէ յայտարարելու, թէ այդ տարածքը իրենցն է, սակայն Լեռնային Ղարաբաղը անկախ Ազրպէյճանի կազմին մէջ նոյնիսկ մէկ օր չէ եղած: Եւ այն հիմնաւորումները, ըստ որոնց` Ազրպէյճան կը պահանջէ տարածքները, խոցելի են եւ ոչ իրաւական ինքնին իրական քաղաքականութեան տեսանկիւնէն», ըսաւ Քոնսթանթին Զաթուլին:

19 փետրուարին Պաքուի մէջ Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քաարի հետ հանդիպումի ընթացքին Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով չէր բացառած պատերազմի վերսկսումը որեւէ պահու: Այն հարցումին, թէ արդեօք միջազգային ընտանիքին կողմէ անհրաժեշտ հակազդող արձագանգի բացակայութիւնը Ազրպէյճանի իշխանութիւններու յայտարարութիւններուն չի՞ խրախուսեր նոր պատերազմի բռնկումը, ռուս քաղաքական գործիչը պատասխանած է.

«Ինծի կը թուի, որ թերեւս միջազգային ընտանիքը մեղաւոր է, որ մատներու առանքով կը նայի Ազրպէյճանի անվերջ յայտարարութիւններուն, եւ շատ յայտարարութիւններու մէջ կ՛արժեզրկուի իր ըսածը, բայց եւ այնպէս, կը կարծեմ` 2016-ի իրադարձութիւնները ստացան պատշաճ գնահատական ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կողմէ: Այլ հարց, թէ չկար յստակ հրապարակային դատապարտում, ատիկա փաստ է, սակայն կը կարծեմ` համանախագահները մտածած են, որ այդպիսի ձեւով վարուելով` հետագայ բանակցային հոլովոյթին մէջ պիտի յայտնուին բաւական դժուար իրավիճակի մէջ: Ինծի կը թուի, թէ ասով առաջնորդուած են, երբ աւելի հաւասարեցուած արձագանգ տուած են, ինքնին ուղղակիօրէն չեն մեղադրած Ազրպէյճանը ռազմական գործողութիւններու վերսկսման համար: Սակայն փաստը այն է, որ այդպիսի յստակ յայտարարութիւն չկար համանախագահներուն կողմէ, ներառեալ նաեւ Ռուսիոյ», ընդգծեց ան:

 

Նախորդը

Հարիրի Քարտելի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Օժանդակութեան Միջազգային Խորհրդաժողովներուն Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

Պոլսոյ Սանասարեան Խանը Հայ Համայնքին Պիտի Վերադարձուի Յառաջիկայ Տարիներուն Ընթացքին

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.