Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքական Անդրադարձ. Եւրասիականութիւնը Եւ Ռուսիոյ Աշխարհաքաղաքականութիւնը

February 23, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Ըստ Հալֆորտ Մաքինտըրի (1904), աշխարհագրութիւնը միջազգային յարաբերութիւններու հիմնական սիւնն է: Մաքինտըրի նման` այլ աշխարհաքաղաքագէտներ եւս կը հաւատան, որ միջազգային յարաբերութիւնները հիմնուած են ծովային եւ ցամաքային ուժերու միջեւ պայքարի վրայ: Այս գաղափարը պաշտպանող ակադեմականներ կը հաւատան, որ Մեծն Բրիտանիոյ եւ ցարական Ռուսիոյ միջեւ 19-րդ դարուն ծաւալած պայքարը հիմնուած է այս եզրակացութեան վրայ: Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք Անգլիոյ քաղաքական ու ծովային ուժը անհետացած էր եւ փոխարինուած` Միացեալ Նահանգներու ուժով, իսկ Խորհրդային Ռուսիան դարձած էր ցամաքային ուժ` ամբողջ Եւրասիոյ մէջ: Մաքինտըրի համաձայն, այն կայսրութիւնը, որ կը տիրէ Եւրասիոյ ցամաքամասին, կը տիրէ աշխարհին, հապա ինչո՞ւ Նափոլէոն եւ Հիթլեր փորձեցին գրաւել Եւրասիան:

Պաղ պատերազմի ժամանակ Արեւմուտքը շատ կարեւորութիւն չտուաւ այս շրջանին, իսկ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք անիկա ՕԹԱՆ-ի միջոցով տարածուեցաւ արեւելեան երկիրներ եւ ընդարձակուեցաւ դէպի ներկայ Ռուսիոյ սահմանները: Ռուսիա հակադարձեց արեւմտեան տարածման` 2008-ին Վրաստանի մէջ տիրանալով Հարաւային Օսեթիոյ եւ Աբխազիոյ, նոյն իրավիճակը կրկնուեցաւ 2014-ին, Ուքրանիոյ մէջ, ուր Ռուսիա իր սահմաններուն միացուց Խրիմը, իսկ իր դաշնակիցները իրենց հակակշիռին ենթարկեցին արեւելեան Ուքրանիան:

Պատմութիւնը մեզի սորվեցուցած է, որ աշխարհագրական սահմանները միայն ուժով է, որ կարելի է ընդարձակել, կամ գոնէ` քաղաքական ազդեցութիւնը տարածել կրօնի, մշակոյթի կամ պատերազմի միջոցով: Ռուսիոյ պարագային, այս երեք միջոցները մինչեւ օրս կը գործածուին:

2000-ին, Վլատիմիր Փութինի նախագահ ընտրութեամբ, ռուս աշխարհաքաղաքագէտները, մտաւորականները եւ հետազօտական կեդրոնները սկսան հետաքրքրուիլ իրենց աշխարհագրական դիրքին կարեւորութեամբ: Անոնցմէ ամէնէն նշանաւորն է Ալեքսանտր Տուկինը, որ աջակողմեան ծայրայեղական հրապարակախօս ու մտաւորական մըն է եւ Քրեմլինի պաշտօնեաներուն վրայ ազդեցութիւն ունի: Գաղտնիք մը չէ, որ նախագահ Փութին ազդուած է Տուկինի գաղափարներով եւ Եւրասիական տնտեսական միութիւնը անոր առաջարկներէն մէկն է, որուն նպատակն է տնտեսութեամբ իրարու միացնել նախկին խորհրդային երկիրները` Ռուսիոյ վերահսկողութեան տակ: Ոչ միայն տնտեսական, այլեւ` քաղաքական  առումներով, եւ այսպիսով այս միութեան անդամ երկիրները կախեալ դարձան Ռուսիոյ տնտեսական եւ քաղաքական ուժէն:

Տուկին իր «Աշխարհաքաղաքականութեան հիմքերը եւ Ռուսիոյ աշխարհաքաղաքականութինը» (1997) խորագրեալ գիրքին մէջ կոչ կ՛ուղղէ ռուսական իշխանութիւններուն, որ վերահաստատեն իրենց եւրասիական կայսրութիւնը` դէմ դնելու համար ատլանտեան կայսրութեան (Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպան): Ասոր իրականացման համար Ռուսիա պէտք է իր հակակշիռին տակ առնէ նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրները եւ դաշինքներ կնքէ այլ հակաատլանտեան երկիրներու հետ, ինչպէս` Թուրքիոյ, Իրանի, Չինաստանի եւ Հնդկաստանի, ուժերու հաւասարակշռութիւն մը ստեղծելու համար համաշխարհային քաղաքականութեան մէջ:

Սակայն այս բոլորով հանդերձ, շատեր կը նկատեն, որ Ռուսիա շրջանային ուժ մըն է եւ ոչ թէ` միջազգային, եւ Ռուսիոյ տնտեսութիւնը գրեթէ հիմնուած է քարիւղի գիներուն վրայ: Պաղ պատերազմէն ետք միակ շրջանը, ուր Ռուսիա միջամտեց խորհրդային սահմաններէն դուրս, Սուրիան էր, եւ մինչեւ օրս, հակառակ բոլոր պնդումներուն, դժուարութիւններու առջեւ կը գտնուի: Այո՛, Ռուսիա այսօր կ՛իշխէ եւրասիական ցամաքամասին, սակայն արեւմտեան սահմանէն արդէն իսկ կորսնցուցած է երկիրներ, որոնք 2004-էն սկսեալ անդամակցեցան ՕԹԱՆ-ին, եւ ասիկա պատճառ դարձաւ, որ ռուսական աշխարհաքաղաքական սահմանը նահանջէ եւ հասնի Ուքրանիոյ սահմանները:

Շատ հաւանական է, որ 2018 թուականը ըլլայ այն տարին, որուն ընթացքին շօշափելի արդիւնքներ ըլլան լուծելու համար Ուքրանիոյ տագնապը, երկիրը բաժնուած է երկու մասերու, արեւելեան շրջանը ամբողջութեամբ ռուսական ազդեցութեան տակ է, իսկ արեւմտեան շրջանը` Արեւմուտքի ազդեցութեան տակ: Եթէ Փութին կ՛երազէ վերականգնել Եւրասիական կայսրութիւնը, ինչպէս որ էր Ռոմանովներու օրերուն, ապա ատիկա կը սկսի Ուքրանիայէն:

[email protected]

 

 

Նախորդը

Ղարաբաղեան Շարժումի 30-ամեակ. Ներածական. (Ինչո՞ւ Եւ Ինչպէ՞ս Սկսաւ Ղարաբաղեան Շարժումը)

Յաջորդը

Արի Տուն…

RelatedPosts

Ծամերու Գեղագիտական Նշանակութիւնը (Ա.)  – Սկսինք Հին Եգիպտական Մշակոյթէն
Անդրադարձ

Ծամերու Գեղագիտական Նշանակութիւնը (Ա.) – Սկսինք Հին Եգիպտական Մշակոյթէն

November 2, 2026
Ազգային Դպրոցը Լիբանանահայ Գաղութին Մէջ. Ժառանգութիւն Եւ Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Դպրոցը Լիբանանահայ Գաղութին Մէջ. Ժառանգութիւն Եւ Մարտահրաւէրներ

November 2, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Եւ Ազրպէյճանական Լրատուամիջոցներ Կ՛արձագանգեն Սփիւռք-Փաշինեան Հակադրութեան Վերաբերող Յօդուածիս

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.