ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Ձեր տրամադրութիւնը մեծապէս պիտի բարելաւուի: Ձեր ինքնավստահութիւնը պիտի վերագտնէք. բայց եթէ սիրային արկածախնդրութիւն մը ունեցած էք, ձեր թափը պիտի դանդաղի, եւ պիտի ուզէք առանձնանալ:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Նոր աշխատանք մը պիտի առաջարկուի ձեզի. պիտի տատամսիք` զայն մերժելու կամ ընդունելու: Կառավարական նոր որոշումներ պիտի փոխեն ձեզի հետ կապուած խնդիրը իր արմատներէն: Անապահով պիտի զգաք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Ձեզմէ երկար բացակայած անձի մը հետ պիտի հանդիպիք: Այս հանդիպումը ձեզ պիտի ուրախացնէ: Այս շրջանը յարմար է` ձեր առաջարկները դնելու սեղանին վրայ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ձեր համբերութիւնը պիտի կորսնցնէք եւ պիտի յուսահատիք, բայց շուտով կացութիւնը պիտի փոխուի, եւ դուք պիտի ունենաք յարմար պայմաններ, որպէսզի ձեր կարծիքը արտայայտէք:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Ձեր սիրածին հետ պիտի հանդիպիք գաղտնաբար, եւ ձեր սիրտը կրկին պիտի բաբախէ երկար սպասումէ ետք: Սխալ հասկացողութիւն մը պիտի ունենաք արժէքաւոր անձի մը հետ:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Յաջողութիւն մը պիտի արձանագրէք եւ շնորհաւորանքներ պիտի ստանաք: Նոր ու լաւ միտքեր պիտի քննարկէք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Բաւական մեծ գրաւչութիւն ունիք, զոր կը գործածէք ընկերային եւ աշխատանքային ծիրին մէջ: Այս օրերուն ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Ետեւ մի՛ նայիք, այլ պատրաստուեցէք ապագային: Ճակատագրին պարտադրած կարեւոր փոփոխութիւններու դիմաց պիտի գտնուիք: Հաճելի ժամանակ պիտի անցընէք ձեր ընկերներուն հետ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Աշխատանքային լաւ միտքեր ունիք. հարկ է զանոնք գործի վերածէք: Արտայայտեցէք զանոնք ու քննարկեցէք: Առիթ տուէք ձեր շուրջիններուն` ընդունելու ձեր յարմար տեսած փոփոխութիւնը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Աշխուժ ու գործունեայ էք այս օրերուն: Նոր գաղափարներ պիտի տաք ձեր շուրջիններուն: Անցեալի ձեր հարցերէն մէկը պիտի լուծուի: Դժուար կացութենէն պիտի յաջողիք դուրս գալ` շնորհիւ ձեր շրջապատի օգնութեան:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Ուրիշները ձեր օգնութեան կարիքը ունին. քաջալերեցէք զիրենք: Յոգնածութիւն պիտի զգաք այս օրերուն. ձեր ունեցած մեծ պատասխանատուութիւնը թոյլ պիտի չտայ ձեզի հանգստանալ:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Խոստմնալից օրեր են: Նորութիւններով պիտի ուրախանաք: Նուէր մը պիտի ստանաք, կամ շատոնց սպասուած խոստում մը պիտի իրականանայ:
