Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քնեսեթը Կը Մերժէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւը

February 19, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի խորհրդարանը (Քնեսեթ) չորեքշաբթի, 14 փետրուարին քուէարկութեան դրած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին բանաձեւը, որ առաջադրուած էր «Եշ Աթիտ» ընդդիմադիր կուսակցութեան առաջնորդ Եայիր Լափիտի կողմէ: Այս մասին կը հաղորդէ «Թերթ»-ը:

«Ճերուզալեմ Փոսթ»-ի համաձայն, 41 երեսփոխաններ դէմ քուէարկած են, եւ միայն 28 հոգի կողմ քուէարկած է անոր, որուն պատճառով բանաձեւը մերժուած է:

«Չկայ պատճառ, որուն համար Քնեսեթը, որ կը ներկայացնէ Հրէական ողջակիզումէն անցած երկիր մը, չճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ անոր նուիրուած յիշատակութեան օր չունենայ», ըսած է Լափիտ:

Երուսաղէմի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Սեւան համոզուած է, որ Իսրայէլ ի վերջոյ պիտի ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութեան փաստը:

«Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին, Յակոբ Սեւան անդրադարձաւ 14 փետրուարին Քնեսեթի Հայոց ցեղասպանութեան օրը նշելու մասին օրինագիծի քննարկման:

«Օրինագիծը ներկայացուած էր ոչ մեր նախաձեռնութեամբ, ինչպէս մինչ այդ, երբ մեր աշխատանքի լոյսին տակ նման նախաձեռնութիւններով հանդէս կու գար ընդդիմադիր «Մերեց» կուսակցութիւնը: Նման օրինագիծ ներկայացնելու մասին քանի մը ամիս առաջ յայտարարած էր Եայիր Լափիտը` ինչ-որ առումով հաշուի առնելով իսրայէլա-թրքական յարաբերութիւններու վատթարացման փաստը», ըսաւ Յակոբ Սեւան:

Ըստ անոր, այժմ Իսրայէլի մէջ, վարչապետ Նեթանիահուի դէմ կաշառակերութեան մեղադրանքներուն հետ առնչութիւն ունեցող ներքաղաքական որոշ գործընթացներ տեղի կ՛ունենան: Այդ գործին մէջ վկայ է «Եշ Աթիտ»-ի առաջնորդ Եայիր Լափիտ:

«Վերջին շրջանին մենք Հայոց ցեղասպանութեան հարցին շուրջ նախաձեռնութիւններով հանդէս չենք գար չցանկալով շահարկել հայկական հարցը, հաշուի առնելով նաեւ համաձայնական կառավարութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ սուր պայքարը, քանի տակաւին կառավարութիւնը չէ յաղթահարած իր ժխտողական կեցուածքը: Միաժամանակ, վստահ ենք, որ պիտի գայ այն օրը, երբ Իսրայէլը պիտի ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութեան փաստը` հաշուի առնելով, որ հայ-իսրայէլեան յարաբերութիւնները հետզհետէ կը զարգանան եւ կ՛ամրապնդուին, ու այլեւս սառնութիւն չկայ», յայտնեց Յակոբ Սեւան:

 

Նախորդը

Նախընտրական Շրջանին Զօրաշարժի Մատնուելով` Երկրի Իշխանութիւնները Լծուած Են Ներքին Թէ Արտաքին Հրատապ Հարցերու Հարթումին

Յաջորդը

Եուճելի Ազատ Արձակումէն Ետք. «Գերմանիան Ու Թուրքիան Բացայայտ Քաղաքական Առեւտուրի Մէջ Են» Կ՛ըսէ Փայլան

RelatedPosts

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են  Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ  Տեղի Ունեցող Զարգացումները
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ Տեղի Ունեցող Զարգացումները

November 2, 2026
Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛ողջունէ  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի  Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթը»
Հայկական

Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛ողջունէ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթը»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.