ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Ձեր տրամադրութիւնը պիտի բարելաւուի: Պիտի յաջողիք խնդիր մը լուծել: Ձեզ հանգստացնող լուր մը պիտի առնէք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Զայրոյթէ եւ որեւէ հակադարձութենէ հեռու կեցէք: Ճկուն եւ ազնիւ եղէք: Յոգնութիւն եւ անձնական տագնապ մը պիտի ունենաք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Թոյլ մի՛ տաք կասկածիլ ձեր կարողութիւններուն վրայ: Քննարկեցէք մանրամասնութիւնները: Մասնագէտներու կարծիքը հարցուցէք եւ մի՛ կառչիք միայն ձեր կարծիքին վրայ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Այս երկու օրերուն կառավարական ձեր թուղթերը կարգաւորեցէք: Դժուար խնդիր մը պիտի լուծուի: Ուրախ լուր մը պիտի ստանաք:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Ձեր տրամադրութիւնը եւ աշխուժութիւնը պիտի վերագտնէք: Նոր էջ մը պիտի սկսիք: Ուրախ լուր մը պիտի առնէք:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Յուսահատեցնող շրջան մըն է: Պիտի զղջաք ձեր առած քայլերուն համար: Վերատեսութեան ենթարկեցէք ձեր առած քայլերը:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Պիտի ուրախանաք ձեր ընկերոջ կեցուածքին համար` ձեր կողքին: Ապագայի նկատմամբ լաւատես եղէք եւ մի՛ տրտնջաք ամէն առիթի:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Կարեւոր հարցեր պիտի քննարկէք: Ուշադրութեան առարկայ պիտի դառնաք ձեր շրջապատին մէջ: Ճամբորդութիւն մը պիտի ունենաք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Շահի մը համար կրկնապատկեցէք ձեր ճիգը: Մի՛ վատնէք ձեր դրամը եւ աշխատեցէք ձեր պարտքերը փակել: Ժամանակ մի՛ կորսնցնէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Բծախնդիր եղէք ձեր գործին մէջ: Որքան ալ ճնշումներ ունենաք, մի՛ խախտէք օրէնքը: Կարիքը ունիք խորհրդակցական հանդիպումի մը:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Մի՛ աճապարէք որոշում տալու մէջ: Արկածախնդրութեան մի՛ դիմէք: Տակնուվրայութիւն մը պիտի տիրէ ձեր կեանքին մէջ յառաջիկայ օրերուն:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Յարմար ժամանակ է խնդիրներ քննարկելու: Ինքնավստահ էք եւ ունիք կարողութիւնը հարցեր դիմագրաւելու: Խմբային աշխատանքը յարմար է ձեզի:
