ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Միջոց մը գտէք` ձեր նիւթական պայմանները բարելաւելու: Ձեր ինքնավստահութիւնը պիտի վերագտնէք, բայց հեռու կեցէք ծախսերու չափազանցութենէն:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Վերանորոգուելու աշխատանք կը տանիք: Կը փափաքիք նոր ծրագիր մը սկսիլ: Ձեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ փոփոխութիւնները զգալի են:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Անհասկցողութիւն մը պիտի յառաջանայ: Ձեր եռանդը պիտի նուազի, եւ դուք ձանձրոյթ պիտի զգաք: Ժխտական շրջան մը է, պիտի ուզէք հեռանալ աղմկոտ վայրերէ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ուրիշներուն հետ յարաբերութիւններ պիտի մշակէք: Պիտի յաջողիք ձեր տեսակէտը պարտադրել ձեր շրջապատին: Ճամբորդութիւն մը պիտի ունենաք:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Աշխատեցէք լարուած մթնոլորտը հանդարտեցնել: Մասնագէտներու կարծիքը հարցուցէք եւ լաւապէս սերտեցէք կացութիւնը:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Այս օրերուն դրական շրջան մը պիտի ապրիք: Ձեր շրջապատին ուշադրութիւնը պիտի գրաւէք: Կարեւոր դէպք մը պիտի հաւասարակշռէ ձեր կեանքը:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Զգուշ եղէք` ձեր խօսած ամէն մէկ բառին եւ առած ամէն մէկ քայլին: Հաշտուելու եւ խնդիրները կարգաւորելու յարմար շրջան մըն է: Աշխատեցէք հասարակաց գիծեր գտնել ձեր եւ ձեր ընկերներուն միջեւ:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Հանդարտ պահեցէք ձեր ջիղերը եւ ձեր լեզուն: Ձեր հանդիպումը ձախողութեան մի՛ մատնէք: Տխրութիւն մը պիտի ապրիք: Մի՛ յուսահատիք, այլ համբերող եղէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Ձեր գործերը լաւ կարգաւորեցէք: Յարմար չէ գործի յետաձգումը: Կրկնապատկեցէք ձեր աշխատանքի ժամերը: Մի՛ տագնապիք, երբ պատասխանատուութիւնը մեծնայ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Կը փափաքիք ուշադրութեան առարկայ դառնալ: Դրական շրջան մըն է: Ընտանեկան եւ աշխանքային պայմանները պիտի բարեփոխուին:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Անձնական եւ ընտանեկան խնդիրները կարիք ունին քննարկուելու: Ճնշումեր, յոգնութիւններ եւ հակառակութիւններ պիտի ծագին:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Ինքնավստահօրէն պիտի արտայայտէք ձեր կարծիքը եւ ուշադրութիւն գրաւէք: Աշխուժ մթնոլորտ է: Աշխատանքային հանդիպում մը պիտի ունենաք: