Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Կոչ Կ՛ուղղեն Կատարելու Վիեննայի Եւ Ս. Փեթերսպուրկի Համաձայնութիւնները

February 13, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հետ հանդիպումներուն ու շրջան այցելութեան վերաբերեալ յայտարարութիւն հրապարակած են: Այս մասին կը հաղորդէ ԵԱՀԿ-ի պաշտօնական կայքը:

Համանախագահները յայտարարութեան մէջ կ՛ընդգծեն հոկտեմբեր 2017-ին Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած վեհաժողովի եւ նախորդ, մասնաւորաբար` Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի վեհաժողովներու ծիրին մէջ ստանձնած բոլոր պարտաւորութիւններու բարեխղճօրէն իրականացման կարեւորութիւնը:

Համանախագահները խոր մտահոգութիւն կը յայտնեն շփման գիծին մէջ վերջերս արձանագրուած մարդկային զոհերուն առնչութեամբ: Անոնք կողմերուն կոչ կ՛ուղղեն յաւելեալ քայլերու ձեռնարկելու լարուածութիւնը նուազեցնելու եւ զինադադարը պահպանելու համար, ինչպէս որ համաձայնութիւն ձեռք բերուած է Ժընեւի մէջ:

Համանախագահները կը վերահաստատեն իրենց հաւատարմութիւնը կողմերուն աջակցելու յանձնառութեան տագնապի խաղաղ լուծում գտնելու հարցին մէջ` հիմնուած Հելսինքեան հռչակագրի հիմնական սկզբունքներուն վրայ, որոնք կը ներառեն ուժ չկիրարկելը, հողային ամբողջականութիւնը եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը:

Յայտնենք, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրիւ Շոֆըր (Միացեալ Նահանգներ) եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք 7 փետրուարին Պաքուի մէջ հանդիպում ունեցած էին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ, իսկ 9 փետրուարին Երեւանի մէջ հանդիպած էին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ:

Համանախագահները նաեւ խորհրդակցութիւններ ունեցած էին երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն հետ: 9-11 փետրուարին անոնք այցելած էին Արցախի Հանրապետութիւն` հանդիպելու համար տեղւոյն իշխանութիւններուն հետ:

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն Պըրրիի Եւ Հարիրիի Հետ Քննարկեց Իսրայէլեան Սպառնալիքներն Ու Սաթըրֆիլտի Առաջարկները

Յաջորդը

Մամետեարով. «Սուրիահայ Գաղթականները Անօրինական Ձեւով Բնակեցուցած Են Արցախի Մէջ» Դաւիթ Բաբայեան Կ՛արձագանգէ

RelatedPosts

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ  Մեծամասնութիւնը Դէմ Է  Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ Մեծամասնութիւնը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»

October 31, 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի  Յայտարարութիւն.  Սփիւռքի Եւ Համահայկական Կառոյցներու Դէմ  Նոր-Պոլշեւիկեան Արշաւի Սաստկացում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Հրապարակած Է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 20 Հայ Պատանդներու Մասին Թղթածրար

October 31, 2026
Արծուիկ Մինասեան. «Բոլոր Ջանքերը  Պիտի Գործադրենք, Որպէսզի Օր Առաջ  Իշխանազրկուի Հայրենիքը  Յանձնող Այս Իշխանութիւնը»
Հայկական

Արծուիկ Մինասեան Ընտրուեցաւ Մրցակցութեան Եւ Սպառողներու Շահերու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Անդամ

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.