ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Յուսահատեցնող շրջան մըն է: Ճնշում եւ դժուարութիւններ պիտի ունենաք: Լուրի մը պատճառով պիտի տխրիք: Ձախողութեան պիտի մատնուի ձեր մէկ գործը, մի՛ աճապարէք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Աշխատեցէք ձեր ընկերային եւ հասարակական կեանքը բարելաւել, որպէսզի կարեւոր դեր խաղաք ձեր միջավայրին մէջ: Ուրախ մնացէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Մթնոլորտը ճնշող է եւ պատասխանատուութիւնը` մեծ: Կարեւոր յարաբերութեան մէջ կը գտնուիք, կարելի չէ ձախողիլ: Արկածախնդրութեան մի՛ դիմէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ճամբորդութեան մը համար պիտի ուրախանաք: Ամսուան ուրախ օրերէն մէկն է: Ձեր նպատակները աշխուժութեամբ կը շարունակէք հետապնդել:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Թերացում մի՛ արձանագրէք վարչական եւ օրէնսդրական գործերու մէջ: Մասնագէտներու օգնութեան կարիքը ունիք: Նիւթական եւ ժառանգական հարցեր պիտի ունենաք:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Այս օրերուն սիրային խնդիրներ պիտի ունենաք: Թշնամական կեցուածք մի՛ որդեգրէք: Ամէն տեսակ խնդիրներէ հեռու կեցէք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Անհոգ մի՛ գտնուիր ձեր ստանձնած պարտականութիւններուն մէջ: Լուսարձակի տակ առնուած են ձեր գործերը: Պատրաստ եղէք պատասխանատուութիւն վերցնելու:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Ուրախ եւ յաջող պահեր պիտի ապրիք: Հաշտուեցէք դուք ձեր անձին եւ շուրջիններուն հետ: Ամսուան ամէնէն լաւ օրերէն մէկն է:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Անակնկալ մը կը պատրաստէք ձեր ընտանիքին` լուրով մը կամ արարքով մը: Ընտանիքի մէկ անդամին վիճակով պիտի մտահոգուիք: Կը փափաքիք նորութիւն մտցնել ձեր առօրեայ կեանքին մէջ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Ձեր աշխատանքային հանդիպումները պիտի շատնան: Ձեր զգացմունքները զուսպ պահեցէք: Կարիքաւորի մը օգտակար պիտի դառնաք:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Տքնաջան աշխատեցէք եւ դասաւորեցէք ձեր նիւթական պայմանները: Նոր ծրագիր մը պիտի քննարկէք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Մեծ յաջողութիւն մը պիտի արձանագրէք: Բախտը կը ժպտի ձեզի, եւ մեծ ուրախութիւն կ՛ապրիք: Ամսուան ուրախ օրերէն մէկն է: