Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չորեքշաբթի Օրուան Հանդիպում . «Կառավարութենէն Պիտի Չհրաժարինք» Կը Հաստատէ Պըրրի

February 1, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին հաստատեց, որ Ամալ շարժումի նախարարները կառավարութենէն պիտի չհրաժարին:

Պըրրիի հետ հանդիպած երեսփոխանները հաստատեցին, որ կառավարութեան աշխատանքը կրնայ արգելակուիլ` տիրող քաղաքական լարուածութեան պատճառով, աւելցնելով, որ իրենք կառչած կը մնան իրենց կեցուածքներուն` առանց այդ կեցուածքներէն շեղելու:

Երկրագործութեան նախարար Ղազի Զաայթեր շեշտեց, որ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի վարկաբեկիչ յայտարարութիւնը մեղք մըն է, որ գործուած է: «Մեր փափաքն է սակայն պահպանել երկրին ապահովական կայունութիւնը, որովհետեւ հիմնական նպատակը այն է, որ Լիբանան ապահով եւ կայուն կերպով շարունակէ գոյատեւել», ըսաւ ան:

Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ Պասիլ կրնայ բոլոր լիբանանցիներէն ներում հայցել` նկատի ունենալով, որ այդ վարկաբեկումը լիբանանցիներուն հասցէին կատարուած է:

Իր կարգին, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ Այն Թինէէն մեկնումի պահուն ըսաւ, որ Թաէֆի համաձայնագիրէն սկսեալ Լիբանանը խորհրդարանական համակարգով կը ղեկավարուի եւ ոչ թէ նախագահական:

Համատէ զօրակցութիւն յայտնեց Պըրրիին` նշելով, որ իր տպաւորութիւնը այն է, թէ խորհրդարանի նախագահը չի փափաքիր ելեկտրականացնել երկրին մթնոլորտը:

Միւս կողմէ, Պըրրի ընդունեց Ղովմի կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ կուսակցութեան նախագահ Հաննա Նաշեֆի:

Հանդիպումին ընթացքին Նաշեֆ զօրակցութիւն յայտնեց Պըրրիին` շեշտելով, որ սխալը ընդունիլը բարոյական յատկանիշ մըն է, եւ կոչ ուղղեց նախարար Պասիլին ներում հայցելու եւ սրբագրելու իր գործած սխալը:

Նշենք, որ Ամալ շարժումի հետեւորդներ երէկ երեկոյեան ժամը շուրջ 6:00-ին, Պըրրիին զօրակցելու նստացոյց մը կատարեցին կրթութեան նախարարութեան դիմաց: Խաղաղ ցոյցին միացաւ նաեւ կրթութեան նախարար Մարուան Համատէ:

Աւելի ուշ Ամալ շարժումի հետեւորդները ուղղուեցան Կեդրոնական Պէյրութ, ուր անոնք դատապարտեցին Պըրրիի հասցէին Պասիլի կատարած վարկաբեկիչ արտայայտութիւնը եւ պահանջեցին, որ արտաքին գործոց նախարարը ներում հայցէ խորհրդարանի նախագահէն:

Ցուցարարներուն միացաւ Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս, որ ընդգծեց, թէ հանրապետութեան նախագահութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը դահիճին եւ զոհին միջեւ հաւասարութիւն պարտադրել է:

Ուշ գիշերին, Ամալ շարժումի հետեւորդներ մոթորսիքլեթներով եւ ինքնաշարժներով փորձեցին մուտք գործել Հատաթ շրջանը, ուր լսուեցան կրակոցներ, որոնց պատճառով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան զինեալ երիտասարդներ ուղղուեցան փողոց:

Հատաթի մէջ տիրեց լարուած մթնոլորտ: Լիբանանեան բանակը հասաւ շրջան, իսկ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետեւորդներ խմբուեցան Միշել Աունի անուան հրապարակին վրայ:

Նախորդը

Նախարար Կիտանեան Հանդիպում Մը Ունեցաւ 50 Ֆրանսական Ընկերութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

Յաջորդը

Հարիրի Լիբանանեան Եւ Շրջանային Իրադարձութիւնները Քննարկեց Էրտողանի Եւ Եըլտըրըմի Հետ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.