Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան Պէյթ Մերիի «Պուսթան» պանդոկին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ զբօսաշրջական խորհրդաժողովներ եւ ձեռնարկներ կազմակերպող 50 ֆրանսական ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Լիբանանի մէջ զբօսաշրջութեան սենտիքաներու ընդհանուր քարտուղար Ժան Պէյրութի, Կահաւորուած վարձու բնակարաններու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Զիատ Լապպան, Վարձու ինքնաշարժներու գրասենեակներու սենտիքայի նախագահ Մոհամետ Տաքտուք, Լիբանանցի զբօսավարներու սենտիքայի նախագահ Հայսամ Ֆաուազ եւ լիբանանեան զբօսաշրջական մարզի ներկայացուցիչներ:
50 ֆրանսական ընկերութիւններու ներկայացուցիչները եռօրեայ այցելութեամբ Լիբանան եկած են` ընդառաջելով զբօսաշրջութեան նախարարութեան հրաւէրին: Անոնք պիտի այցելեն Լիբանանի զբօսաշրջական իւրայատուկ վայրերը, որպէսզի Լիբանանը վերադարձնեն համաշխարհային զբօսաշրջութեան քարտէսին, յատկապէս ինչ կը վերաբերի խորհրդաժողովներու եւ ցուցահանդէսներու զբօսաշրջութեան աշխուժացումին:
Այս առիթով նախարար Կիտանեան արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ ողջունեց ներկաները, յատկապէս այն անձնակազմը, որ Լիբանանի զբօսաշրջական դէմքը կը ներկայացնէ 50 ֆրանսական ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն:
Ա. Կիտանեան յայտնեց, որ խորհրդաժողովներու եւ ցուցահանդէսներու զբօսաշրջութիւնը իրենք չէ որ ստեղծած են, այլ` անիկա գոյութիւն ունի աշխարհին մէջ իբրեւ զբօսաշրջական աշխատանք:
Նախարար Կիտանեան հաստատեց, որ 50 ֆրանսական ընկերութիւններու ներկայացուցիչները Լիբանան հրաւիրուած են նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ «Նախխալ» ճամբորդական գրասենեակին միջոցով:
Նախարար Կիտանեան աւելցուց, որ այդ ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ քննարկած են իրենց զբօսաշրջական ծրագիրները` աւելցնելով, որ յառաջիկայ մարտին Լիբանան պիտի հասնին այլ ֆրանսական ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք գետնի վրայ պիտի սերտեն Լիբանանի կարողութիւնները եւ Լիբանանի մէջ խորհրդաժողովներու զբօսաշրջութեան ենթահողի գոյութիւնը:
«Կը հաւատամ, որ Լիբանան ճիշդ հունի մէջ է, եւ կը կարծեմ, որ կարելի պիտի ըլլայ ընկերութիւնները համոզել, որպէսզի իրենց խորհրդաժողովները Լիբանանի մէջ գումարեն` Քանատայի փոխարէն», հաստատեց նախարար Կիտանեան:
Ան մաղթեց, որ Լիբանանի մէջ արդէն իսկ աշխուժութիւն վայելող խորհրդաժողովներու եւ ցուցահանդէսներու զբօսաշրջութիւնը բարգաւաճի եւ իր ներդրումը ունենայ Լիբանանի վկայած զբօսաշրջական զարթօնքին մէջ:



