Կովկասի իսլամներու վարչութեան նախագահ, շէյխ ուլ իսլամ Ալլահշուքիւր Փաշազատէ բոլոր իսլամներուն կոչ ուղղած է` արցախեան հիմնախնդիրի լուծման համար միաւորուելու:
Ազրպէյճանական «ԱԶԷ» օրաթերթը կը գրէ, որ Փաշազատէ այս յայտարարութիւնը կատարած է Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցող «Երուսաղէմ. Աստուծոյ լոյսով լուսաւորուած քաղաք» խորագիրով միջազգային խորհրդաժողովին ընթացքին:
«Եւրոպան ու Արեւմուտքը երկակի չափանիշներ կը կիրարկեն իսլամական երկիրներուն մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն նկատմամբ: Ի՞նչ արդարութեան մասին կրնայ խօսք ըլլալ: Մենք ամբողջ իսլամական աշխարհին կոչ կ՛ուղղենք` ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման շուրջ միաւորուելու», ըսած է Փաշազատէ:
Խորհրդաժողովին կը մասնակցին Իրանէն, Իրաքէն, Հնդկաստանէն, Մալեզիայէն, Բրիտանիայէն, Ուզպեքիստանէն, Փաքիստանէն, Նիկերիայէն, Ռուսիոյ կազմին մէջ եղող Թաթարիստանէն, Սոմալիէն, Ուկանտայէն եւ շարք մը այլ երկիրներէ կրօնական գործիչներ եւ գիտնականներ:



