Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Ներողամտութեան Կոչ Կ՛ուղղէ. Պըրրի Կը Վճռէ Արգիլել Լիբանանի Կայունութեան Եւ Լիբանանցիներուն Միասնականութեան Սպառնացող Ամէն Ինչ

January 31, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հասցէին արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի կատարած «պալթաճի» արտայայտութեան, անոր դէմ քաղաքական անձնաւորութիւններու պատասխաններուն, ինչպէս նաեւ փողոցը բռնկեցնելու քայլերուն եւ հանրապետութեան նախագահին հասած վարկաբեկիչ արտայայտութիւններուն մասին նախագահական պալատը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը:

Հաղորդագրութեան մէջ նախագահ Աուն շեշտեց, որ նախանցեալ օր արձանագրուած իրադարձութիւնները` քաղաքական թէ ապահովական առումով, բոլորին վնաս հասցուցած են եւ քաղաքական ճառախօսութեան մակարդակը իջեցուցած, ինչ որ լիբանանցիներուն համար անվայել է:

«Գետնի վրայ պատահածը մեծ սխալ մըն է, որ հիմնուած է այլ սխալի մը վրայ, հետեւաբար սահմանադրութեամբ ինծի շնորհուած դիրքէս եւ հայրական մօտեցումով կը ներեմ բոլոր անոնց, որոնք իմ անձիս եւ ընտանիքիս նկատմամբ վարկաբեկիչ արտայայտութիւններ ունեցան», նշեց նախագահ Աուն:

Ան մաղթեց, որ իրարու դէմ սխալող կողմերը իրենց կարգին ներողամիտ գտնուին իրարու նկատմամբ, որովհետեւ հայրենիքը բոլորէն աւելի վեհ է: «Հայրենիքը յատկապէս վեհ է արձանագրուած քաղաքական տարակարծութիւններէն եւ բանավէճերէն, որոնք անձնականի կը վերածուին, եւ վարկաբեկումէ ետք ներողամտութեամբ կը հարթուին: Քաղաքական ղեկավարութիւններէն կը պահանջուի բարձրանալ պատասխանատուութեան մակարդակին, որպէսզի կարելի ըլլայ դիմագրաւել մեզի շրջապատող մարտահրաւէրները, որոնցմէ կարեւորագոյնները կը նկատուին երկրին ապահովական կայունութեան ու ազգային միասնականութեան պահպանումը միամեայ ազգային իրագործումները չքանդելը», հաստատեց նախագահ Աուն:

Այն Թինէի Մէջ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայերը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները` բարձր գնահատելով Գերմանիոյ մասնակցութիւնը ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու առաքելութեան, ինչպէս նաեւ Գերմանիոյ ունեցած դերակատարութիւնը` Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում ապահովելու իմաստով:

Հանդիպումէն ետք Պըրրի շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին` աւելցնելով, որ ինք վճռած է արգիլել Լիբանանի կայունութեան եւ լիբանանցիներուն միասնականութեան սպառնացող ամէն ինչ:

Պըրրի ընդունեց Շիիներու գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալանը, որ հանդիպումէն ետք մեկնեցաւ առանց մեկնաբանութիւն կատարելու:

Յետմիջօրէին Պըրրի ընդունեց նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամը, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Սալամ շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահին հասցէին կատարուած վարկաբեկիչ խօսքերն ու արտայայտութիւնները մերժելի են` աւելցնելով, որ Լիբանանի կառավարութեան քայքայումին առնչութեամբ մտահոգութիւններ չկան, որովհետեւ երկրին քաղաքական ուժերը կը գիտակցին Լիբանանի դիմագրաւած վտանգաւոր փուլին:

Հանրապետութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Պըրրիի հետ` նշելով, որ նման արտայայտութիւններ կրնան Լիբանանի շահերը վտանգի ենթարկել` աւելցնելով միաժամանակ, որ երկրին դիմագրաւած այս ծանր պայմաններուն, ինչպէս նաեւ ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրները նկատի ունենալով, բոլորէն կը պահանջուի ինքնազսպումի ենթարկուիլ եւ պահպանել ազգային ու սահմանադրական հաստատութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

Պէտք է աւելցնել, որ Ամալ շարժումի հետեւորդներ երէկ երեկոյեան որոշ ժամանակի համար փակեցին Սելիմ Սլամ-Կեդրոնական Պէյրութ ճամբան` բողոքելով նախարար Պասիլի յայտարարութիւններուն դէմ:

Անիւներ հրկիզելով ճամբաներ փակելու քայլեր արձանագրուեցան նաեւ Քֆարշիմայի, Զահլէի եւ Ռայաք-Պաալպեք շրջաններուն մէջ, սակայն աւելի ուշ ճամբաները վերաբացուեցան:

Իսկ երեկոյեան ժամը շուրջ 8:30-ին, բանակը արգիլեց Մար Մխայէլի ճամբան փակելու ամալականներու փորձը:

Միւս կողմէ, խորհրդարանի մնայուն յանձնախումբերուն երէկուան միացեալ նիստը յետաձգուեցաւ յաջորդ շաբթուան` օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով:

Մեկնաբանութիւններու Ալիքը Կը Շարունակուի

Խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի շեշտեց, որ Պըրրիի հասցէին ուղղուած վարկաբեկիչ արտայայտութիւնները կը վարկաբեկեն բոլոր երեսփոխանները, ներառեալ հանրապետութեան նախագահը, որ նաեւ երեսփոխան էր:

Մուսթաքպալ պլոքը երէկ իր նիստը գումարեց` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի:

Նիստէն ետք բխած հաղորդագրութեան մէջ Մուսթաքպալ պլոքը ցաւ յայտնեց Լիբանանի մէջ քաղաքական բառամթերքին արձանագրած անկումին համար եւ կոչ ուղղեց զսպելու անկարգութիւնը:

Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին` աւելցնելով, որ Պասիլի արտայայտութեան իմաստով Ամալ շարժումը լուռ պիտի չմնայ:

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Անուար Խալիլ պահանջեց արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի հրաժարականը:

Նոյն պլոքի երեսփոխաններէն Ալի Պեզզի հաստատեց, որ նախանցեալ գիշեր Միրնա Շալուհիի Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կեդրոնին դիմաց արձանագրուած բողոքի եւ ընդվզումի արտայայտութիւնները Ամալ շարժումի պատասխանատուութիւնը չեն նկատուիր, որովհետեւ անոնք կատարուած են ինքնաբուխ կերպով` Պըրրիի համակիրներուն կողմէ:

Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի խստիւ դատապարտեց Պըրրիի հասցէին կատարուած յայտարարութիւնը` ընդգծելով, որ Պըրրի լիբանանեան ներքին կայունութեան երաշխիքն է:

Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ նախանցեալ օրուան դէպքերը շատ տխուր են այն անհատներուն համար, որոնք ազգային կայունութիւն կը փնտռեն:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ շեշտեց, որ կարելի չէ նման սխալի մը համար քաղաքացիական պատերազմի մթնոլորտ ստեղծել: Ան շեշտեց, որ նման սխալներ քաղաքական սրբագրութիւն կ՛ունենան, եւ անկարելի է զանոնք ուժի գործադրութեամբ սրբագրել:

Նախկին նախարար Մարուան Խէյրէտտին շեշտեց, որ Պասիլ ինքզինք հաշուետուութեան պէտք է ենթարկէ, իսկ Պըրրի պէտք է հաշուետուութեան կանչէ բոլոր անոնք, որոնք փողոցը բռնկեցուցին:

Նախկին նախարար Ատնան Մանսուր շեշտեց, որ Պասիլի` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին «պալթաճի» կոչելը բոլոր լիբանանցիներուն հասցէին վարկաբեկում կը նկատուի:

Նախկին նախարար Մարուան Շարպել հաստատեց, որ Ամալ շարժումի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ քաղաքական տագնապը բաւական խոր է եւ լուրջ` աւելցնելով, որ այդ տագնապը կարելի է լուծել միայն Պըրրիի եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի միջեւ սրտբաց հանդիպումով:

Ընդհանուր ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն Ժամիլ Սէյիտ շեշտեց, որ Պասիլի կողմէ ներում հայցելը պայման չէ, այլ` պարտաւորութիւն, աւելցնելով, որ այս պարագային մեծամտութիւնը սխալ է:

Խորհրդարանի նախագահի խորհրդական Ալի Համտան շեշտեց, որ Պասիլի կողմէ ներում հայցելը սպասուած նուազագոյն քայլն է եւ պարտաւորութիւնը, որուն մարդ արարածը կը դիմէ, երբ յանցանք մը գործէ:

Այն Թինէի մօտիկ աղբիւրներ «Մուսթաքպալ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Պըրրի Պասիլէն կը պահանջէ հրապարակաւ ներում հայցել:

Իր կարգին, «Ժումհուրիա» օրաթերթը կը գրէ, թէ ստեղծուած տագնապի լուծումի տարբերակներէն մէկը այն է, որ Պասիլ նախաձեռնէ Այն Թինէ այցելութեան: Նոյն օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Այն Թինէի մօտիկ աղբիւրներէն, գրած է, թէ Հըզպալլա ոչ մէկ նախաձեռնութիւն առաջադրած է Ամալ շարժումին եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ հաշտութիւն գոյացնելու իմաստով:

Ամալ շարժումի աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ Պըրրիի հասցէին վարկաբեկիչ արտայայտութիւն ունեցողը ամբողջ Լիբանանի դիմաց պէտք է ներում հայցէ:

Նոյն օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութենէն, կը գրէ, թէ Պասիլ ներում պիտի չհայցէ` աւելցնելով, որ սպառնական ոճն ու սադրանքները զիրենք չեն վախցներ:

 

 

Նախորդը

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումի Նիստ. «Պասիլի Սպրդեցուած Արտայայտութեան Միտք Բանին Կրցանք Ըմբռնել, Առանց Ոեւէ Մէկուն Պահանջին»

Յաջորդը

Փաշազատէ Բոլոր Իսլամներուն Կոչ Ուղղած Է` Արցախեան Հիմնախնդիրի Լուծման Համար Միաւորուելու

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.