ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Նիւթական ձեր պայմանները փոփոխութեան պիտի ենթարկուին: Ամսուան վերջին օրը լաւ առիթ է` ուղղելու ձեր ընտանիքի մէկ անդամին սխալները:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Մի՛ մսխէք ձեր դրամները եւ հեռու կեցէք վիճաբանութենէ: Եթէ հարկ է ձեր կարծիքը արտայայտել, զայն կատարեցէք նրբութեամբ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Դժուարութեամբ պիտի ընտելանաք ձեր գործին մէջ ՍՏԵՂԾՈՒԱԾնոր պայմաններուն: Մի՛ յուսահատիք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ընկերներու հետ նոր ծրագիր մը պիտի սերտէք: Մի՛ աճապարէք ձեր որոշումներուն մէջ:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Անակնկալ հանդիպում մը պիտի ունենաք ձեր նախկին սիրելիին հետ: Պիտի վերյիշէք անցեալի օրերը: Ձեր մտածելակերպը պիտի փոխուի:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Խրթին ու բարդ հարցերէ հեռու մնացէք: Պարզացուցէք խնդիրները, որպէսզի կարենաք հանգիստ քնանալ գիշերը:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Ձեր պարտաւորութիւնները վերատեսութեան պիտի ենթարկէք: Ձեր գործակիցներուն հետ անհասկացողութիւններ ունենալէ զգուշացէք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Մեծ կարողութիւն ունիք ուրիշներուն վրայ ազդելու: Շատեր հրապուրուած են ձեզմով: Ընտանեկան որոշում մը պիտի տաք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Որոշում կայացնելու համար մի՛ աճապարէք: Ժողովներն ու հանդիպումները պիտի շատնան այս օրերուն:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Նիւթապէս օգտակար պիտի դառնաք ձեր ընտանիքի անդամներէն մէկուն: Անհաշիւ ծախսերու դիմաց պիտի գտնուիք այս օրերուն:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Ճկունութեամբ փորձեցէք լուծել ձեր խնդիրները: Չսպասուած լուրեր պիտի ստանաք ձեր սիրելիէն:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Տարին ուրախ սկսաք: Օգտուեցէք ամսուան վերջին օրերու ընձեռած առիթէն` վերատեսութեան ենթարկելու ձեր ծրագիրները: