ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Ուշադրութեան եւ խօսակցութեան առարկայ պիտի դառնայ ձեր կատարած մէկ յաջողութիւնը: Շարունակեցէք օգտագործել ձեր ձիրքերը` ձեր աշխատանքին մէջ:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Զիջումներ մի՛ կատարէք ձեր գործին մէջ: Յառաջիկայ օրերը խաղաղ պիտի ընթանան: Շահ մը պիտի ապահովէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Անցեալին հանդէպ կարօտ մը ունիք կամ անցեալը կրկին պիտի յայտնուի ձեր կեանքին մէջ եւ պարտադրէ նոր ուղղութիւն մը` ձեր կեանքին մէջ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Անակնկալ մը պիտի ուրախացնէ ձեզ: Շատ լաւ գիտէք ձեր առաջնահերթութիւնները, հետեւաբար ժամանակ մի՛ կորսնցնէք մանրամասնութիւններու վրայ:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Զգուշ եղէք եւ վտանգաւոր բաներէ հեռու մնացէք: Վիճաբանութիւնները մէկ կողմ ձգեցէք: Յուսախաբութիւն մը պիտի ապրիք այս օրերուն:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Թէեւ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէք, բայց միշտ նկատի առէք, որ պէտք է ձեր շուրջիններուն կարծիքը հարցնէք ու յարգէք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Դժուարութիւններու դէմ յանդիման պիտի գտնուիք: Հանդարտ կեցէք եւ քայլերու մի՛ դիմէք` առանց ձեր կողակիցին հարցնելու:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Մի՛ վախնաք մրցակցութենէ: Նորութիւններու հետ պիտի վարուիք իմաստութեամբ եւ հանդարտութեամբ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Ընտանեկան վէճ մը հանդարտութեամբ պիտի լուծէք: Եթէ ջղայնացաք, լուռ մնացէք, մի՛ արտայայտէք ձեր զգացումները:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Ձեր շրջապատը կարիքը ունի ձեր օժանդակութեան, մի՛ զլանաք, այլ ձեր կարելին ըրէք, որպէսզի ուրախացնէք կարօտեալ մը:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Հին որոշումներ վերատեսութեան պիտի ենթարկէք: Ճակատագիրը իր դերը պիտի խաղայ ձեր երազանքները իրականացնելու մէջ:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Մի՛ աճապարէք ձեր որոշումներուն մէջ: Ձեր ընկերներուն կողմէ ստացուած լուրը պիտի լուսաւորէ ձեր ճամբան եւ զգացնէ խաղաղ: