Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Փոքրիկ Լէոն Աշուըրթ 10 տարեկան մանչուկ մըն է, որ կ՛ապրի Լիվըրփուլի մէջ, Անգլիա: Սուփրմարքեթի մը մէջ ան կը տեսնէ փըլիւշէ փանտա մը: Ան շատ կը կապուի այդ խաղալիքին: Սակայն մայրը չի կրնար գնել անոր ուզածը: Հետեւաբար, վախնալով, որ ուրիշ յաճախորդ մը այդ խաղալիքը գնէ, մինչեւ որ իր մայրը կարենայ իրեն գնել այդ փըլիւշը, Լէոն երկտող մը կը գրէ թուղթի մը վրայ եւ զայն կը դնէ խաղալիքի տուփին վրայ` ուղղուած այն անձերուն, որոնք պիտի փափաքէին գնել փըլիւշը: Նամակին մէջ ան կը բացատրէր իր պարագան եւ անոնցմէ կը խնդրէր սպասել խանութ իր վերադարձը` ամսուն 15-ին (երբ իր մայրը իր ամսականը կը գանձէր):
Սուփըրմարքեթին պաշտօնեաները կը նշմարեն անոր ձգած նամակը եւ կը զգացուին Լէոնի պատմութենէն:
Հետեւաբար անոնք ընկերային ցանցի էջի մը վրայ կը դնեն փանտային տուփին նկարը: Լէոնի մայրը` Տեպի, կը ճանչնայ փըլիւշը եւ իր զաւկին ձեռագիրը: Ան կը կապուի պաշտօնեաներուն հետ:
Սուփըրմարքեթի պատասխանատուները կը փափաքին ծանօթանալ փոքրիկ Լէոնի հետ` անոր նուիրելու համար իր սիրելի փանտան` Փատտին: Լէոն կը խոստովանի, որ այդ օրը` «Իր կեանքին ամէնէն գեղեցիկ օրն է»:
Բոյսերուն Լոյսը
Հազար, շոմին, կաղամբ… մօտ օրէն պիտի դառնան իսկական փոքրիկ լամբեր: Ամերիկեան Էմ Այ Թի համալսարանէն մասնագէտներ կրցած են կարգ մը բոյսեր փոխել, որպէսզի անոնց տերեւները փայլին գիշերը:
* * *
Այս բոյսերը ստեղծելու համար մասնագէտները գործածած են այն նոյն մոլեքիւլը, որ լոյս կ՛արձակէ գիշերները կարգ մը միջատներու մարմնին մէջէն: Անոնք բոյսերը մխրճած են մասամբ այս մոլեքիւլով պատրաստուած հեղուկի մը մէջ` զայն տերեւներուն մէջ անցընելու համար:
Առաջին փորձերուն ընթացքին անոնք կրցած են բոյս մը «վառուած» պահել 45 վայրկեան: Այժմ անոնք կրնան այդ լոյսը 4 ժամ վառ պահել: Բոյսերը տակաւին շատ զօրաւոր չեն փայլիր, սակայն մասնագէտները տակաւին կ՛աշխատին գտնելու համար միջոց մը` զանոնք աւելի զօրաւոր եւ աւելի երկար ժամանակ փայլուն պահելու համար:
Այս գիւտին նպատակն է կարենալ կարդալ բոյսին լոյսին տակ, կամ իրիկունը պտտիլ լոյս արձակող ծառերով լուսաւորուած քաղաքի մը մէջ: Ապագային մասնագէտները կը փափաքին ելեկտրականութիւն սպառող բոլոր լոյսերը փոխարինել բոյսերով:
Մրցում` Ջուրին Համար
Արեւուն ուժը օգտագործող տախտակներով ծածկուած այս սուփըր նաւը աշխարհին շուրջ 5 տարուան ճամբորդութիւն մը սկսած է` ովկիանոսներուն ապականումին դէմ պայքարելու համար: Ան կը մասնակցի «Ռէյս ֆոր ուաթըր»-ի, ջուրին համար մրցումին:
Յառաջանալու համար ան կը գործածէ արեւուն, ծովու ջուրին եւ հովին ուժը, այսինքն` ոչ մէկ ապականում, եւ միայն` յառաջադէմ արհեստագիտութիւն: Նաւուն անձնակազմը բաղկացած է 14 հոգիէ, որոնք կը զբաղին նաւարկութեամբ եւ նաւուն մաքրութեամբ, կը կազմակերպեն առօրեայ կեանքի մանրամասնութիւնները… եւ իւրաքանչիւր հանգրուանի, երբ անոնք ցամաք կ՛իջնեն, կը հանդիպին մարդոց հետ` խօսելու համար ապականումին մասին եւ` բացատրելու, թէ ինչպէ՛ս պէտք է պայքարիլ կերպընկալէ աղբերուն դէմ:
Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ
– Ագեվազներուն մեծ մասը ձախլիկ է:
– Գիտնականները շինած են այնքան փոքր մեքենայ մը, որ կրնայ զետեղուիլ մարդկային բջիջի մը մէջ:
– Միջատի միայն մէկ տեսակ մը կրնայ Անթարքթիքայի մէջ ապրիլ ամբողջ տարուան ընթացքին:
– Ուրախ կովերը աւելի սննդարար կաթ կու տան:
– Ծովափիղերուն ականջները կը գտնուին անոնց գլխուն մէջ:
– Ամազոնի վայրի անտառի ծառերուն տարբեր տեսակները գտնելու աշխատանքը կրնայ կարօտիլ 300 տարուան աշխատանքի:
– Գոյութիւն ունի սարդի տեսակ մը, որուն չափը կրնայ հասնիլ ճաշի պնակի մը մեծութեան:
– Կորիլլաները կրնան մարդոց հարբուխէն վարակուիլ:
– Գոյութիւն ունի ձուկի տեսակ մը, որ միայն սեւ եւ ճերմակ կը տեսնէ, անիկա գոյները չի տեսներ:
– Միացեալ Նահանգներու Կրենտ Քանիոնի քարայրներուն մէջ գոյութիւն ունի 67 մեթր ստորերկրեայ պանդոկ մը:
– Հազարաւոր տարիներ առաջ կարգ մը շրջանի մարդիկ ջուր կը փոխադրէին ջայլամի պարպուած հաւկիթներու կեղեւին մէջ:
– Մուկերը կրնան զգալ ուրիշ մուկերու ցաւը:
– Անգլիոյ մէջ կարգ մը շուներ կը մարզուին օդանաւեր քշելու համար:
– Առաջին արդի համակարգիչը կը կշռէր 27 թոն:
– Իսկ առաջին բջիջային հեռաձայնը, որուն ծածկանունը «Տը Պրիք» էր, կը կշռէր գրեթէ մէկ քիլօ:
– Գիտնականները նշմարած են, որ Մոցարթի երաժշտութիւնը մտիկ ընող առնէտները շատ աւելի արագ կը սորվին լափիւրինթոսներուն մէջէն վազել, քան` այն առնէտները, որոնք ուրիշ երաժշտութիւն մտիկ կ՛ընեն:
Ժամանց












