ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Սիրային հանդիպում մը պիտի ունենաք: Ձեր տեսակէտը ինքնավստահութեամբ ներկայացուցէք: Թոյլ մի՛ տաք, որ ձեր շուրջինները զգան ձեր տագնապին մասին:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Նոր ծրագիրներէն զգուշ եղէք: Կասկածի մը պիտի մատնուիք: Ձեր կարծիքը ճկունութեամբ արտայայտեցէք, մի՛ քաշուիք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Ձեր առողջութեան հոգ տարէք: Այս օրերուն արկածախնդրութեան մի՛ դիմէք: Ձեր դիմումները որոշ ժամանակ անպատասխան պիտի մնան, բայց մի՛ յուսահատիք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Նիւթական խնդիր մը պիտի քննարկէք ձեր կողակիցին հետ: Ծախելու գործողութեամբ մը պիտի զբաղիք եւ մեծ տպաւորութիւն պիտի ձգէք գնորդին վրայ:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Աշխատանքային սկիզբ մը պիտի դնէք ինքնավստահութեամբ: Լաւ փորձառութիւն ունիք: Պիտի յաջողիք ընդարձակել ձեր ծանօթութիւններուն օղակը:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Այս օրերուն բախտը պիտի օգնէ ձեզի` կարեւոր հարց մը լուծելու: Առաջնորդող դիրք պիտի ունենաք որոշ մարզերու մէջ:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Ընկերային գետնի վրայ անապահով պիտի զգաք: Ծագած խնդիրները առիթ պիտի ըլլան, որ դուք ձեր ինքնավստահութիւնը կորսնցնէք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Ճամբորդութիւն մը կատարելու կը պատրաստուիք: Պիտի պարուրուիք ձեր սիրեցեալին մեծ սիրով ու քնքշութեամբ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Նոր ու բարի առիթներ պիտի ուրախացնեն ձեզ: Յառաջիկայ օրերը յարմար են նոր էջ մը բանալու ձեր աշխատանքային կամ անձնական կեանքին մէջ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Սիրալիր ու անկեղծ յարաբերութիւն մը պիտի մշակէք: Յանձն կ՛առնէք պատասխանատուութիւններ, զորս կը սերտէք ուշադրութեամբ եւ կը յաջողցնէք լռութեամբ:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Այս օրերուն պիտի ծուլանաք եւ հրաժարիք մասնակցելէ ձեռնարկի մը: Վերապահ դիրք մը պիտի որդեգրէք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Սիրային լուր մը պիտի հանգստացնէ ձեր միտքը եւ վերակենդանացնէ ձեզ: Նոր ծնունդ մը պիտի ունենաք ձեր ընտանիքին մէջ: