Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու մեկնաբանած է Աֆրինի մէջ թրքական բանակին սկսած զինուորական գործողութեան առնչութեամբ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի արտակարգ նիստ հրաւիրելու Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարի կոչը:
Թրքական «Պիանեթ» կայքը կը գրէ, որ Չաւուշօղլու յայտարարած է, թէ Ֆրանսայի այդ քայլը կրնայ իր ազդեցութիւնը ունենալ թուրք-ֆրանսական յարաբերութիւններուն վրայ:
«Ֆրանսան ըլլայ, թէ մէկ այլ երկիր` եթէ այս նիւթը տեղափոխէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդ, մենք կրնանք մտածել, որ անոնք կ՛աջակցին ոչ թէ մեզի, այլ մեր հակառակորդին` ահաբեկչական խմբաւորումներուն: Եւ այդպիսի պարագայի այդ երկիրն ալ մեզմէ պիտի ստանայ համապատասխան վերաբերմունք», ըսած է թրքական դիւանագիտութեան պետը:
Ան շեշտած է, որ Թուրքիան պիտի չդադրեցնէ զինուորական գործողութիւնը, մինչեւ որ ամբողջովին չէզոքացնէ իր սահմաններուն վրայ գոյութիւն ունեցող վտանգն ու «վնասազերծէ վերջին ահաբեկիչը»:
«Մենք չենք ուզեր Ֆրանսան տեսնել ահաբեկչական խմբաւորումներու կողքին, Ֆրանսային կոչ կ՛ուղղենք այս հարցին մէջ մեզի աջակցելու», ըսած է Չաւուշօղլու:
Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պեքիր Պոզտաղ իր կարգին յայտարարած է, որ թրքական բանակը պիտի հեռանայ Աֆրինէն, երբ հասնի իր առջեւ դրուած բոլոր նպատակներուն: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը:
«Երբ զինուորական գործողութիւնը հասնի ի սկզբանէ դրուած նպատակին` Թուրքիան դուրս պիտի գայ Սուրիայէն», հաւաստած է Պոզտաղ` շեշտելով, որ իրենք կը պայքարին ահաբեկչութեան եւ ոչ թէ աֆրինցի խաղաղ բնակչութեան դէմ:
Թուրքիոյ փոխվարչապետը նշած է, որ իրենք «կը յարգեն Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը եւ պիտի շարունակեն գործել այդ սկզբունքին շրջանակներուն մէջ»:



