Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշելով, Որ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Կռիւը Չէ Աւարտած. Մքկըրք Դաշնակիցիներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Իրենց Ջանքերը Կողմնակի Կռիւներու Վրայ Չմսխելու

January 23, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկեան ղեկավարութեամբ Միջազգային դաշինքին մօտ Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Պրետ ՄքԿըրք նշեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռիւը տակաւին չէ աւարտած եւ բոլոր դաշնակիցներուն կոչ ուղղեց` «կեդրոնանալու ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին վրայ, եւ ջանքերը կողմնակի կռիւներու վրայ չմսխելու»:

«Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ կացութիւնը շատ բարդ է, որովհետեւ (Միջազգային) դաշինքը այդտեղ ուղղակի ներկայութիւն չէ», ըսաւ ՄքԿըրք` շեշտելով. «Աֆրինի շրջանին մէջ յառաջացած նոր կացութիւնը շարք մը մարտահրաւէրներ կը ստեղծէ»:

«(Միջազգային) դաշինքը բազմիցս յայտարարեց, թէ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռիւը տակաւին չէ աւարտած», նշեց ան:

«Ներկայիս ամէնէն վատ բանը, որ կարելի է ընել Սուրիոյ մէջ, ՏԱՀԵՇ-ի դէմ մեծ ճակատամարտէն շեղում մը ստեղծելն է», ընդգծեց ան` աւելցնելով. «Բոլոր կողմերուն միջեւ կապ կը հաստատենք կացութիւնը վերահսկողութեան տակ առնելու եւ մագլցումը կանխարգիլելու համար: Անշուշտ,  մտահոգ ենք մեր թուրք դաշնակիցներուն անվտանգութեամբ, սակայն կը շեշտեմ, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարը կը մնայ առաջնահերթութիւն»:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ճէյմս Մաթիս յայտնեց. «Թուրքիան ապահովական արդարացի մտավախութիւններ ունի»:

«Թրքական իշխանութիւնները մեզ նախապէս տեղեակ պահեցին Սուրիոյ Աֆրին քաղաքին մէջ քրտական ջոկատներուն դէմ իրենց օդային հարուածներէն», նշեց Մաթիս:

«Ուաշինկթըն Անգարայի հետ կը հաղորդակցի յառաջ ընթանալու կարելիութիւններուն շուրջ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Թուրքիան շատ անկեղծ էր, մեզ նախապէս տեղեակ պահեց իր մտադրած օդային հարուածներէն եւ մեզի հետ խորհրդակցեցաւ: Այժմ աշխատանք կը տանինք յառաջ ընթանալու կարելիութիւններուն շուրջ»:

Նախորդը

«Միացեալ Նահանգներու Քայլերը Սուրիոյ Մէջ Ճամբէ Հանեցին Թուրքիան» Կ՛ըսէ Լաւրով

Յաջորդը

Չաւուշօղլու Կտրուկ Պատասխան Տուած Է Աֆրինի Հարցով Ֆրանսայի` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Արտակարգ Նիստ Հրաւիրելու Կոչին

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.