Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ սուրիական բանակն ու անոր դաշնակիցները շղթայազերծած են Իտլիպ նահանգի արեւելեան հատուածին մէջ պաշարուած Ժապհաթ Նուսրայի 1500 զինեալները մաքրագործելու եւ անոնց տրամադրութեան տակ գտնուող հրասայլերը, զրահապատ մեքենաները, հրետանին ու հրասանդները քանդելու գործողութիւն մը:
Սուրիական բանակն ու անոր դաշնակիցները արդէն անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին յարձակումներ կատարելով յառաջացած էին Ապու Տուհուր օդակայանէն 6 քիլոմեթր դէպի հիւսիս եւ ազատագրած 24 գիւղեր:
Սուրիական բանակը կիրակի օր յայտարարեց, որ Իտլիպի գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Ապու Տուհուր զինուորական օդակայանը առած է իր ամբողջական վերահսկողութեան տակ:



