Լրագրողներու ազատութեան եւ անվտանգութեան հիմնարկը անդրադարձած է Ազրպէյճանի մէջ 12 յունուարին վեց տարուան բանտարկութեան ենթարկուած ընդդիմադիր լրագրող Աֆղան Մուխթարլըի գործին: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնէ ազրպէյճանական «Թուրան» լրատու գործակալութիւնը:
Հիմնարկը Աֆղան Մուխթարլըի ձերբակալութիւնն ու դատապարտումը բնութագրած է իբրեւ քաղաքական դրդապատճառներով կատարուած քայլ եւ Ազրպէյճանի իշխանութիւններէն պահանջած է անյապաղ ազատ արձակել զայն:
Մուխթարլը յայտնի է իբրեւ ազրպէյճանական իշխանութիւններու վարած քաղաքականութեան քննադատ: 2015-էն ի վեր ան ստիպուած եղած է բնակութիւն հաստատել Թիֆլիս: 29 մայիս 2017-ին լրագրողը անհետացած էր Թիֆլիսի մէջ: Աւելի ուշ ան կապ հաստատած էր իր փաստաբան Էլչին Սատիքովի հետ` տեղեկացնելով վերջինիս, որ զինք տեղափոխած են Պաքու: Լրագրողին առաջադրուած էր մեղադրանք` սահմանը ապօրինաբար անցնելու առնչութեամբ: Մուխթարլըի փաստաբանը, որուն ներկայացուցած բողոքարկումը մերժուած էր, բողոքը ներկայացուցած էր Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան: Փաստաբանը վստահ է, որ լրագրողը կալանավայրին մէջ ոստիկաններու կողմէ կ՛ենթարկուի ծեծի եւ տանջանքներու:
Պաքուի շրջանային դատարանին մէջ 12 յունուարին տեղի ունեցած էր ազրպէյճանցի ընդդիմադիր լրագրող, մարդու իրաւունքներու պաշտպան Աֆղան Մուխթարլըի դատավարութիւնը, եւ ան դատապարտուած էր 6 տարուան բանտարկութեան:
Լրագրողներու ազատութեան եւ անվտանգութեան հիմնարկը Վրաստանի իշխանութիւններուն կոչ ուղղած է ուշադիր հետեւելու եւ ապահովելու Վրաստան գտնուող միւս ազրպէյճանցի ընդդիմադիր լրագրողներու եւ գործիչներու անվտանգութիւնը:



