Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 19-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պարսելոնա, որ երէկ գիշեր հիւրն էր Ռէալ Սոսիետատին, ի վերջոյ անոր դաշտին` «Էսթատիօ Անոյեթա»-ի մէջ յաղթանակ մը արձանագրեց 4-2 արդիւնքով, հակառակ անոր որ դաշտին տէրը սկիզբը ինք եղաւ յառաջացողը` 2-0 արդիւնքով:

Պարսելոնայի կոլերը նշանակեցին Փաուլինիօ (39-րդ), Լուիս Սուարեզ (50-րդ եւ 71-րդ) եւ Լիոնել Մեսսի (85-րդ):
Վերջին տասը տարեշրջաններուն (2007-էն ի վեր) Պարսելոնա այս դաշտին վրայ յաղթանակ չէր կրցած արձանագրել:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Պարսելոնա այժմ 19 կէտի առաւելութիւն մը ունի մրցում մը նուազ կատարած Ռէալ Մատրիտի վրայ, որ իր դաշտին վրայ 1-0 արդիւնքով պարտուեցաւ Վիարէալէն: