Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 23-րդ հանգրուանին գծով երէկ տեղի ունեցած գագաթի ճակատումին, 22 մրցումէ անպարտելի մնալէ ետք, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Մանչեսթըր Սիթի կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը Լիվըրփուլէն` 4-3 արդիւնքով:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Լիվըրփուլ բարձրացաւ երրորդ դիրք` իր ունեցած կոլէվըրէյճին շնորհիւ միայն ետ մնալով Մանչեսթըր Եունայթըտէն, որ այսօր, ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), կը հիւրընկալէ Սթոք Սիթին: