Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, շաբաթ, 13 յունուարին, ՀՄԸՄ-ի կազմը, Նուհատ Նաուֆալի անուան մարզահամալիրին մէջ (Զուք) հիւրը եղաւ Թատամոնին:
Արձանագրելով տարեշրջանի իր 14-րդ յաղթանակը` 108-94 արդիւնքով (22-24, 29-23, 24-27 եւ 19-34), ՀՄԸՄ ամուր կառչած մնաց պարագլուխի դիրքին, մինչ Թատամոն, որ ցարդ ոչ մէկ յաղթանակ արձանագրած է, կրեց իր 15-րդ պարտութիւնը:

ՀՄԸՄ-ի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Սեմ Եանկ (34): Մաքրամ Պըն Ռամատան տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (25 կէտ, 15 ռիպաունտ), մինչ Ուոլթըր Հոճ նշանակեց 25 կէտ (ներառեալ` 4 թրի փոյնթ):
12 կէտ նշանակեց Էլի Շամուն, մինչ 6-ական կէտ` Հայկ Կէօքճեան եւ Իսմայիլ Ահմետ:
Թատամոնէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Վլատան Վուքոսակիեւիչ (29 կէտ, 18 ռիպաունտ), 28 կէտ նշանակեց Լերի Պլեր, իսկ 22 կէտ` Կարիուս Հոլոնան:
Մրցումին տեւողութեան ՀՄԸՄ ունեցաւ 18 կէտի առաւելութիւն մը (106-88), մինչ Թատամոն` 10 կէտի (59-49):
Շանվիլ, որ հիւրն էր Մութթահետի, կրեց տարեշրջանի իր 4-րդ պարտութիւնը` 78-73 արդիւնքով (22-13, 21-26, 17-17 եւ 18-17):
Մութթահետէն Տեմարիուս Պոլտծ նշանակեց 26 կէտ, իսկ Ժատ Խալիլ` 16 կէտ:
Թէեւ Շանվիլէն Ֆետի Խաթիպ տապըլ-տապըլ մը իրագործեց 35 կէտ, 12 ռիպաունտ (ներառեալ` 4 թրի փոյնթ եւ 7 էսիսթ), բայց ան չյաջողեցաւ իր կազմը փրկել պարտութենէ մը:
Այս հանգրուանը աւարտեցաւ երէկ, երբ Ղազիրի մէջ Սաժես, որ հիւրընկալեց Պիպլոսը, արձանագրեց 89-82 արդիւնքով յաղթանակ մը (24-18, 13-19, 38-22 եւ 14-23):
Սաժեսէն 29 կէտ (ներառեալ` 4 թրի փոյնթ) նշանակեց Տուայն Ճեքսըն, Ճէյ Եանկպլատ` 18, մինչ Աթեր Մաճոք տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (10 կէտ, 11 ռիպաունտ):
Պիպլոսէն բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունեցաւ Տեւին Պրուքս, որ նշանակեց 31 կէտ (ներառեալ` 8 թրի փոյնթ): Անոր խմբակից Ռէյ Էլըն նշանակեց 27 կէտ, մինչ խումբին երրորդ օտարականը` Նիքոլոս Ցիքիշվիլի տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (14 կէտ, 12 ռիպաունտ):