Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ (Պաուշրիէ) տեղի ունեցաւ Հուփս – ՀՄԸՄ Անթիլիաս մրցումը:
Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս յաղթանակ մը եւս արձանագրեց, այս անգամ 75-63 արդիւնքով (18-24, 7-19, 22-16 եւ 16-16):
ՀՄԸՄ-էն Էյփրըլ Սայքս նշանակեց 33 կէտ, մինչ անոր խմբակից Ռեպեքա Աքըլ` 20:
Այս մրցումին ՀՄԸՄ իր յաղթանակը արձանագրեց մէկ օտարականով` նկատի ունենալով, որ ՀՄԸՄ-ի երկրորդ օտարական մարզիկը` Վիքի Մաքինթայր, նախորդ շաբաթավերջին փորձերու ընթացքին թեթեւ վնասուածք մը ստացաւ:

ՃՕ ՇԱՄԱԱ
Նախքան մրցումին սկսիլը, Հուփսի նախագահ Ժասեմ Քանսօ ազնիւ գաղափարը ունեցաւ, յատուկ յուշանուէրով մը պատուելու ՀՄԸՄ-ի մարզիչը` Փաթրիք Սապան, որ նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին որոշումով նշանակուեցաւ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբի նոր մարզիչ:
Ան յաջողութիւն մաղթեց Սապային` իր նոր ասպարէզին մէջ: